Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Մանրամասնութիւններ՝ հայ-ատրպէյճանական ուղիներու վերագործարկման Մասին

June 15, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Մանրամասնութիւններ՝ հայ-ատրպէյճանական ուղիներու վերագործարկման Մասին

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Ազատութեան» յօդուածագիր Սարգիս Յարութիւնեան կը գրէ, որ Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող «պարզեցուած համակարգին» մասին Լաւրովի յայտարարութենէն հինգ օր ետք ալ պաշտօնապէս յստակ չէ՝ ինչ կը նշանակէ այդ, սակայն «Ազատութեան» համար ընթացող բանակցութիւններուն մասին որոշ տեղեկութիւններ յստակացան։

Ըստ այդմ, նախ ռուսական սահմանապահ ծառայութիւնը պիտի ստուգէ Հայաստանի տարածք մտնող ատրպէյճանական բեռները եւ ճամբորդները, ապա՝ հայաստանեան մաքսային ծառայութիւնը։ Այնուհետեւ անցումը պիտի կատարուի հայաստանեան յատուկ պահակախումբի ընկերակցութեամբ, որուն մէջ պիտի ըլլայ առնուազն մէկ ռուս սպայ։

Արդեօք նոյն պայմաննե՞րը պիտի ըլլան Ատրպէյճանի տարածք մտնող հայաստանեան ճամբորդներու ու բեռներու պարագային. ըստ նոյն աղբիւրներուն՝ բանակցութիւնները կը շարունակուին։ Այս մասին այս օրերուն գրած էր նաեւ լրագրող Թաթուլ Յակոբեան, ըստ որուն, «Բաքուն դրել է ռուսական ուղեկալի պահանջը»։

Պաշտօնական Մոսկուա եւ Երեւան տարբեր տեղեկութիւններ հրապարակեցին շուրջ տասը օր առաջ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք։ Ըստ Ռուսիոյ կառավարութեան՝ կողմերը տեսակէտներու մերձեցում ունեցած են ինքնաշարժներու եւ երկաթուղային ուղիներու սահմանային, մաքսային եւ հսկողութեան այլ տեսակի հարցերու շուրջ։ Մինչդեռ, ըստ Հայաստանի կառավարութեան տարածած հաղորդագրութեան՝ կողմերը յստակացուցած են մօտեցումները, սակայն յստակ չէ, թէ ի՛նչ են այդ մօտեցումները։

Հարցերը միայն աւելցան Լաւրովի՝ նախորդ շաբաթ Երեւանի մէջ կատարած յայտարարութենէն ետք, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաղորդակցական ուղիները պիտի գործեն պարզեցուած համակարգով, սակայն հայկական տարածքներու նկատմամբ Երեւանի ինքնիշխանութեան առնչութեամբ երկիմաստութիւն չի կրնար ըլլալ։ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը մանրամասնութիւններ չնշեց։

«Ինչպէս գիտէք երկաթուղային երթուղին համաձայնեցուած է, հիմա իր աւարտին կը հասնի ինքնաշարժներու երթուղիի համաձայնեցումը, ինչպէս նաեւ կ՛աւարտի համաձայնեցումը այն վարչաձեւին, որ պիտի ներդրուի, իսկ անիկա բոլորովին հիմնուած պիտի ըլլայ Հայաստանի գերիշխանութեան վրայ: Այստեղ երկիմաստութիւններ չեն կրնար ըլլալ։  Ասոնք բաներ են, որոնք կապ ունին գործնական ընթացքին հետ, որ իր կարգին կապ ունի մնայուն ենթակառուցուածքի ստեղծման հետ, առ այդ, այստեղ աւելի լաւ է տասը անգամ չափել մինչեւ կտրելը։ Մենք ունինք այն ընկալումը, որ թէ՛ ատրպէյճանական եւ թէ հայկական կողմերու գործընկերները ասկէ կը մեկնին», յայտնեց Լաւրով;

«Ազատութիւն»ը դիմեց նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, սակայն տակաւին պատասխան չէ ստացած այն հարցումին, որ արդեօք նոյն դրութիւնը պիտի գործէ՞ Ատրպէյճանի տարածքով դէպի Իրան եւ Ռուսիա գացող ուղեւորներու պարագային։

«ՄԻՋԱՆՑՔԸ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ». ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Ատրպէյճանի հետ ուղիներու վերագործարկման անդրադարձաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 14 Յունիսին, «Ճազիրա»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարելով, թէ միջանցքը կարմիր գիծ է Հայաստանի համար։

«Գիտէք, մեզ համար անընդունելի են այսպէս կոչուած միջանցքի մասին ձեւակերպումները, եւ դա մեզ համար կարմիր գիծ է, քանի որ մեր տարածաշրջանում, համաձայն եռակողմ յայտարարութեան, մենք ունենք մէկ միջանցք, եւ դա Լաչինի միջանցքն է, որը կապում է Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին», ըսաւ Փաշինեան՝ շարունակելով. «Բայց մեր եռակողմ յայտարարութեան մեջ ունենք մէկ այլ դրոյթ, որը հաղորդակցութիւնների բացման մասին է։ Նկատի ունեմ` երկաթուղիներ, ճանապարհներ, եւ մենք պատրաստ ենք, իրականում արդէն քննարկում ենք տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնները բացելու հարցը՝ երկուստեք ինքնիշխանութեան եւ սահմանների անքակտելիութեան յարգանքի սկզբունքով»։

Վրաստանէն եւ Իրանէն Հայաստան մտնող ուղեւորներու ու բեռներու անձնագրային ու մաքսային ստուգումները, ինչպես յայտնի է, կը կատարեն հայաստանեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը եւ Պետական եկամուտներու կոմիտէն։

Ըստ վերլուծաբան Արեգ Քոչինեանի՝ եթէ վերը նկարագրուածը իրականութիւն դառնայ, հայ-ատրպէյճանական ուղիներու այսպիսի վերաբացումով Երեւան որոշ չափով կը զիջի իր ինքնիշխանութիւնը։

«Եթէ այնտեղ լինում են ռուս սահմանապահներ, եթե այնտեղ լինում են ռուս ուղեկցողներ, եթէ, փաստօրէն, ինչ-որ յատուկ կարգավիճակ է այդ ամէն ինչը ունենում, ինքը ֆունկցիոնալ (գործնական) իմաստով հէնց միջանցքն է: Առաւել եւս, եթէ նմանատիպ կարգավիճակ չեն ունենում մեր բեռնափոխադրումներն ու ուղեւորափոխադրումները Ադրբեջանի տարածքում», «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընթացքին նշեց Քոչինեան՝ աւելցնելով. «Այսինքն, եթէ իրենք որեւէ կերպ անվտանգութեան յաւելեալ երաշխիքներ չեն տալիս, եւ այնտեղ ռուսներ չեն մասնակցում, իսկ մեզ մօտ մասնակցում են, նշանակում է՝ կայ արդէն որակական տարբերութիւն այստեղի օգտագործուող ճանապարհի, եւ այնտեղի: Նշանակում է՝ իրենք կ՛օգտուեն  այս ճանապարհից, որովհետեւ իրենք ունեն երաշխիքներ յաւելեալ, իսկ մենք չենք օգտուի այն ճանապարհից, որովհետեւ մենք այդ նոյն երաշխիքները չունենք: Այսինքն, ըստ էութեան, հիմա խօսքը գնում է գործնականում միջանցքի մասին՝ առանց տարածքային փոփոխութիւնների, եւ ես չեմ բացառում, որ հէնց ի սկզբանէ էլ խնդիրը եղել է սա, ուղղակի այդ բոլոր աւելորդ պահանջները, որոնք դրւում էին, դրւում էին յետոյ զիջման իմիտացիա (կեղծ կրկնօրինակ) ստեղծելու համար», ընդգծեց Քոչինեան:

Ան կ՛եզրափակէ՝ ըսելով. «44-օրեայ պատերազմից յետոյ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան համաձայն, տարածաշրջանում պէտք է բացուեն բոլոր տնտեսական եւ տրանսպորտային կապերը, Հայաստանը պետք է ապահովի հաղորդակցութիւնը Ադրբեջանի արեւմտեան շրջանների եւ Նախիջեւանի միջեւ: Նշուած է նաեւ՝ տրանսպորտային հաղորդակցութեան վերահսկողութիւնն իրականացնում է Ռուսաստանի Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան սահմանապահ ծառայութիւնը։ Եռակողմ յայտարարութիւնը, սակայն, չի յստակեցնում՝ ռուսական կողմը ո՞ր ուղիների վերահսկողութիւնն է ապահովելու՝ Ադրբեջանից Հայաստանի տարածքով դէպի Նախիջեւա՞ն, թէ՞ նաեւ Հայաստանից Ադրբեջանի տարածքով դէպի Իրան կամ Ռուսաստան»։

Previous Post

Պաքու ընկերութիւններ կը հրաւիրէ Քարվաճառի մէջ ներդրումներ կատարելու

Next Post

Հայերէնը կը զուարճանայ (79)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.