ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
(119)
Միջին Արեւելքէն նոր Վանքուվըր հաստատուած Յակոբ կը փափաքի երկար ատենէ ի վեր հոն գտնուող հայ վաճառականի մը փորձառութենէն օգտուիլ: Վերջինս բարեկամաբար կը յանձնարարէ իրեն գոնէ տարի մը քանատացիի մը մօտ աշխատիլ, յաճախորդներուն հետ բարեկամութիւն մշակել եւ ապա անձնական գործի ձեռնարկել: Յակոբ կը պատասխանէ. «Ես մէկ տարի կորսնցնելիք ժամանակ չունիմ: Ես Քանատայի մէջ շուտ կ՛ուզեմ հարստանալ»:
Ան քանի մը օր ետք հաշիւ բացած իր դրամատունը կ՛երթայ եւ կը յայտնէ, որ կը փափաքի տնօրէնը ճաշի հրաւիրել պարտքի կապուած հարց մը քննարկելու համար: Քարտուղարուհին օր ու ժամ կը ճշդէ, եւ տնօրէնը Յակոբին հրաւիրած ճաշարանը կ՛երթայ: Համով-հոտով կը ճաշեն ու կը զրուցեն, եւ ի վերջոյ Յակոբ կ՛ըսէ, թէ զինք ճաշի հրաւիրած է, որովհետեւ նոր վաճառատուն մը պիտի բանայ, Իտալիայէն պնակեղէններ պիտի բերէ եւ կը փափաքի երկու հարիւր հազար տոլարի պարտք առնել դրամատունէն: Տնօրէնը կը բացատրէ, որ ինք իրաւասութիւն չունի պարտք տալու, որովհետեւ այդ մէկը իր մասնաւոր տնօրէնը ունի եւ անոր հետ պէտք է խօսիլ: Յակոբ կը զարմանայ, թէ այս ի՛նչ տեսակ տնօրէն է, որ չի՛ կրնար այսքան պարզ հարց մը լուծել, եւ քաղաքավարօրէն կը հասկցնէ, որ եթէ այս պարտքը պիտի չկարենար կարգադրել ինչո՞ւ իր ճաշի հրաւէրը ընդունած էր: Տնօրէնը առանց ամչնալու` ուղղակի կը պատասխանէ. «Բայց միշտ ալ ձրի ճաշ ուտելու պատեհութենէն օգտուելուն մէջ վնաս մը չկայ կարծեմ. դուք պարտքի կապուած հարց մը քննարկելու համար հրաւիրեցիք, ես ալ եկայ…»:
Մէկ շաբաթ ետք, յատուկ ժամադրութեամբ, Յակոբ դրամատունին մէջ պարտքի բաժանմունքի տնօրէնը կը տեսնէ եւ երկու հարիւր հազար տոլարի պարտքը կ՛առնէ, Իտալիա կը ճամբորդէ, պնակեղէնները կը բերէ եւ նոր վաճառատունը կը բանայ: Ահագին մարդ կը մտնէ-կ՛ելլէ վաճառատունը եւ կը հիանայ Իտալիայէն բերուած որակաւոր պնակեղէններուն, բայց միայն քանի մը գնող կ՛ըլլայ: Յակոբ հինգ ամիս ետք ստիպուած կ՛ըլլայ վաճառատունը փակելու, եւ Քանատայի մէջ իր շուտ հարստանալը անհասանելի երազ կը մնայ…
(120)
Երեք ընկեր` Արմէնը, Անդրանիկը եւ Պօղոսը, շաբաթը քանի մը անգամ իրարու տուն կը հաւաքուին եւ պատառ մը հաց ուտելով ու գաւաթ մը ուիսքի խմելով` կը զրուցեն եւ ժամանակ կ՛անցընեն: Միակ անհամաձայնութիւնը, որ ունին, այն է, որ Արմէն միայն «Պլեք լեյպըլ» կը խմէ, իսկ Անդրանիկ եւ Պօղոս «Ռետ լեյպըլ»-ով կը գոհանան: Ամէն ատեն Արմէն ընկերները կը մեղադրէ` ըսելով. «Դուք ուիսքի խմել չէք գիտեր. բուն ուիսքին «Պլեք լեյպըլն է»: Անդրանիկին ու Պօղոսին համբերութեան բաժակը կը յորդի եւ օր մըն ալ «Պլեք լեյպըլ»-ի ուիսքին «Ռետ լեյպըլ»-ի շիշին մէջ կը պարպեն ու ամբողջ գիշերը իրենք «Պլեք լեյպըլ» կը խմեն եւ իրենց ընկերոջ «Ռետ լէյպըլ» կը խմցնեն: Իսկ Արմէն, ըստ իր բարի սովորութեան, չի դադրիր կրկնելէ. «Դուք ուիսքի խմել չէք գիտեր. բուն ուիսքին «Պլեք լեյպըլն է»: Երբ այլեւս տուն երթալու ժամը կը հասնի, Անդրանիկ ու Պողօս գաղտնիքը կը բացայայտեն, որուն Արմէն կը պատասխանէ. «Ես բան մը կը զգայի կոր, բայց ընկերութեան սիրոյն բերանս չէի բանար կոր…»:
(121)
Կեանքի մէջ բաներ կան, որոնք առաջին անգամ, եւ թերեւս` ոչ վերջին անգամ, կ՛ընենք:
Որպէս հոգեւոր հովիւ Քանատա ծառայած տարիներուս եւ ապա` միայն մէկ անգամ դահոյկներով սահելու կ՛երթամ: Այսպէս կը պատահի. Արեւմտեան Քանատայի նահանգներ հովուական այցելութիւն կու տամ, եւ երկուշաբթի պետական արձակուրդ է: Երեք ընկեր կ՛առաջարկեն նշանաւոր Պենֆ քաղաքը երթալ: Կ՛որոշուի երկուշաբթի առտու ժամը 6-ին մայրուղիին վրայ գտնուող «Թիմ Հորթընզ» ճաշարանին կանգառը հանդիպիլ, սուրճ մը գնել եւ ճամբայ ելլել, որպէսզի ժամը 8-ին Պենֆ հասնինք, երկու ժամ դահոյկներով սահինք, ժամը 10-ին նախաճաշենք եւ ապա մեր տուները վերադառնանք: Ընկերս եւ ես ժամը 6:00-ին կը հասնինք ճշդուած վայրը, իսկ մեր միւս ընկերները մէկ ու կէս ժամ կ՛ուշանան (է՜հ, գիտեմ` «հայկական ժամադրութիւն» պիտի ըսէք. այսպէս ենք, ի՞նչ կրնանք ընել): Փոխան ժամը 8:00-ի ժամը 9.30-ին Պենֆ կը հասնինք: Էնտրուն աչքերը շփելով` կ՛ըսէ. «Չեմ գիտեր ձեր պարագան, բայց ես նախ պէտք է բան մը ուտեմ. անօթի կը սատկիմ կոր»: Դահոյկներով սահելէն առաջ ճաշարան կը մտնենք եւ կը նախաճաշենք: ժամը 11 կ՛ըլլայ եւ Ճէյմս կ՛ըսէ. «Եթէ ժամը 12-ին տուն պիտի երթանք, չ՛արժեր մէկ ժամուան համար դահոյկները ինքնաշարժներէն վար իջեցնել. սուրճ մը խմենք եւ վերադառնանք»: Այս կ՛ըլլայ իմ միակ «դահոյկներով սահելու երթալս»:
Վանքուվըր հոգեւոր հովիւ եմ եւ միաժամանակ` համալսարանի ուսանող: Կէսօր մը համալսարանէն տուն կու գամ եւ կ՛որոշեմ որպէս ճաշ հաւկիթ խաշել: Ջուրը կը դնեմ օճախին վրայ, նստասենեակ կ՛անցնիմ, գիրք մը կ՛առնեմ եւ կը սկսիմ կարդալ: Քառորդ ժամ ետք կը յիշեմ, որ ջուր դրած եմ օճախին վրայ եւ խոհանոց կը վազեմ: Ուշացած եմ արդէն: Ջուրը եռացած ու շոգիացած է. բարեբախտաբար հաւկիթները չեմ դրած ջուրին մէջ: Ջրամանը կ՛առնեմ օճախին վրայէն ու հաւկիթներն ալ սառնարանէն, աղբաման կը թափեմ եւ կ՛որոշեմ անգամն ալ կեանքիս մէջ հաւկիթ չխաշել:
Միջեկեղեցական առաքելութեամբ Կիպրոս կը գտնուիմ եւ հակառակ այն իրողութեան, որ «Քորոնա» ժահրի ոչ մէկ ախտանշան ունիմ` Լառնաքայի օդակայանի քննութիւնս դրական արդիւնք ցոյց կու տայ, եւ կիպրական առողջապահութեան նախարարութիւնը կը պարտադրէ, որ տասը օր մեկուսանամ: Ընկերոջս Լառնաքայի բնակարանը կ՛երթամ եւ առանձինս կ՛ապրիմ: Ամէն բան հեզասահ կ՛ընթանայ` բացի հագուստ լուալէն, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով կը պարտաւորուիմ ամուրի ընկերոջս հեռախօսել եւ իմանալ, թէ լուացքի մեքենան ինչպէս կ՛աշխատցնեն, որպէսզի կարենամ հագուստներս լուալ:
«Քորոնա» ժահրի մեկուսացումէս դուրս գալէն ետք ընկերս կու գայ, որպէսզի զիս Լառնաքայէն Նիկոսիա տանի եւ կ՛ըսէ, որ մայրուղի ելլելէն ետք ինքնաշարժը ես պիտի վարեմ մինչեւ Նիկոսիոյ մուտքը, որովհետեւ սրունքի ահաւոր ցաւ ունի: Այդպէս ալ կ՛ընենք եւ այս ալ ղեկը աջէն առաջին ինքնաշարժ վարելս կ՛ըլլայ:
(122)
Լոս Անճելըս ամերիկացի մը հայկական նպարավաճառատուն մը կը մտնէ եւ անգլերէն խօսելով` փաունտ մը սուրճին գինը կը հարցնէ: Հայ վաճառորդուհին ընկերուհին օգնութեան կը կանչէ` ըսելով. «Արի՛, մի հատ իմացիր էս օտարը ի՞նչ է ուզում»:
(123)
Սմբատ արք. Լափաճեան շատ անհանգիստ է եւ Լոս Անճելըսի հայկական ծերանոցին մէջ իր երկրաւոր կեանքի մայրամուտին կը մօտենայ, սակայն պահած է իր զուարթախօսութիւնը: Մեր միաբաններէն մին կ՛այցելէ սրբազան հօր եւ խօսակցութեան ընթացքին ան կ՛ըսէ. «Հա՛յր սուրբ, երբ որ ես մեռնիմ, ո՞ւր պիտի երթամ. ի՞նչ կը կարծես»: Հայր սուրբը կը պատասխանէ. «Սրբազա՛ն հայր, շա՜տ կանուխ է վախճանումի մասին խօսելու համար: Անշուշտ ձեր տեղը դրախտն է, Աստուծոյ գիրկին մէջ: Զարեհ կաթողիկոսին, Խորէն կաթողիկոսին, Գարեգին կաթողիկոսին, Տաճատ սրբազանին, Արտաւազդ սրբազանին, Վարդան սրբազանին» եւ կը շարունակէ թուել վախճանեալ միաբաններու անունները, երբ յանկարծ Սմբատ սրբազան դժգոհութեամբ կ՛ընդմիջէ. «Է՜հ, անո՞նք ալ հոն պիտի ըլլան…». այսինքն` ի՞նչ հասկցայ դրախտ երթալէն, եթէ միայն ինծի համար առանձնաշնորհեալ վայր մը պիտի չըլլայ ան:
(124)
Ս. Էջմիածնի միաբան արքեպիսկոպոս մըն է պատմողը. «Երեւանում մի բարեկամի տանն եմ, եւ ինձ ծանօթացնում են մի ուրիշ անծանօթ մարդու: Էս մարդը երբ «արքեպիսկոպոս» բառն է լսում, ինձ ասում է. «Ուրեմն դուք նորմալ եպիսկոպոս չէք»:
(125)
2014-ի ամառը զարմիկներուս հետ Մոնրէալէն Երեւան կը ճամբորդենք: Իրենց առաջին այցելութիւնն է հայրենիք, եւ ամէն ինչով խանդավառ են: Երեկոյ մը նստած ենք «Արմենիա-Մարիոթ» պանդոկի բացօթեայ սրճարանը եւ իրենց եօթը, տասը եւ տասներկու տարեկան զաւակները Հանրապետութեան հրապարակին մօտ կը խաղան իրենց տարեկից երեւանցի խումբ մը երեխաներու հետ: Յանկարծ երեքը մէկ մեծ ուրախութեամբ ու զարմանքով քովս կը վազեն եւ կը գոչեն. «Սրբազա՛ն, բոլոր չօճուխները հոս հայերէն կը խօսին կոր…»: «Ինչո՞ւ զարմացած էք,- կը պատասխանեմ,- մոռցա՞ք, որ Երեւան կը գտնուինք եւ ոչ թէ Մոնրէալ»:
(Շար. 13)