ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
(51)
Արամ Ա. կաթողիկոս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հովուապետական այցելութիւն շնորհած ընթացքին նաեւ տեղական հոգեւոր պետի մը կ՛այցելէ եւ ոսկեզօծ հայկական լանջախաչ մը կ՛անցընէ անոր վիզէն: Ըստ երեւոյթին, բարձրաստիճան հոգեւորականը խաչին թէ՛ արուեստէն եւ թէ՛ նիւթական արժէքէն կը հմայուի, որովհետեւ զրոյցի ընթացքին անդադար խաչը կը շօշափէ, խաչին կը նայի եւ ուշադրութիւնը առաւելաբար խաչին վրայ կը պահէ: Երբ հոգեւորականը կարճ պահ մը ներողամտութիւնը կը խնդրէ վեհափառ հայրապետին եւ կը հեռանայ դահլիճէն, վեհափառը իր շքախումբի անդամներուն կ՛ըսէ. «Մեր մարդը խաչը ոսկի կը կարծէ կոր. գոյնը չնետած` քալեցէ՛ք երթանք այստեղէն…»:
(52)
Արամ Ա. կաթողիկոս սկանտինաւեան երկիրի մը հոգեւոր պետը Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին մօտ կը տանի: Պաշտօնական խօսքերու փոխանակութեան ընթացքին մեր հիւրը շա՜տ կը գովաբանէ իր հայրենիքը, մանաւանդ կ՛ընդգծէ իր հայրենիքին անսպառ հարստութիւնը, իր խօսքի աւարտին կը հրաւիրէ վսեմաշուք նախագահը այցելելու իր հայրենիքը եւ պահարան մը կը յանձնէ պարոն նախագահին: Պարոն նախագահը կը բանայ պահարանը եւ երբ կը տեսնէ, թէ հիւրին հայրենիքը ծանօթացնող զբօսաշրջային գրքոյկ մըն է, արաբերէնով կը բացագանչէ. «Սա մարդը այնքա՜ն խօսեցաւ, որ ես ալ կարծեցի, որ գոնէ մէկ միլիոն եւրոյի չեք մը պիտի տայ…»:
(53)
Խումբ մը առաջնորդ սրբազան հայրեր եւ ազգայիններ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի շքախումբին մաս կը կազմեն Հռոմի սրբազան քահանայապետին այցելութեան ընթացքին: Ոմանք պաշտօնական այցելութենէն ետք քանի մը օր կը մնան եւ Հռոմի տեսարժան վայրերը կ՛այցելեն: Այս խումբին մէջ է նաեւ Թեհրանի առաջնորդ Արտակ արք. Մանուկեան:
Խումբը կէս օր կը յատկացնէ Վատիկանին: Կ՛այցելէ Ս. Պետրոս մայր տաճարը եւ թանգարանը. կարգը կու գայ գետնադամբաններուն: Ինչ որ կ՛ընէ, սրբազան հայրը չի կրնար գետնադամբաններուն նեղ մուտքէն անցնիլ: Խումբի անդամներէն մին դիպուկ նկատողութիւն մը կ՛ընէ Արտակ սրբազանին. «Սրբազա՛ն հայր, պարապի մի՛ փորձէք, պիտի չըլլայ. դուք որ կողմն ալ դառնաք` նոյնն է, պիտի չկրնաք մտնել, որովհետեւ ամէն կողմէն նոյն կլորութիւնը ունիք…»:
(54)
Նիւ Ճըրզի հոգեւոր հովիւ եմ: Ձմեռ է, եւ առատ անձրեւ կը տեղայ: Հիւանդանոցի հովիւը կը հեռախօսէ ու կը տեղեկացնէ, որ ծանր հիւանդ մը կայ, եւ պէտք է հասնիմ ու հաղորդեմ: Անմիջապէս եկեղեցիէն ճամբայ կ՛ելլեմ: Ահաւոր խճողում կայ: Երեկոյեան ժամը հինգն է, եւ ամէն մարդ գործէն տուն կը վերադառնայ: Վերջապէս մայրուղիէն հիւանդանոցի ելքի գիծը կը մտնեմ. տակաւին երեք թաղային լոյս պէտք է անցնիմ, որպէսզի հիւանդանոց հասնիմ: Վերջընթեր լոյսին անուշադիր կ՛ըլլամ եւ կանաչէն նարնջագոյնի փոխուած ատեն կ՛անցնիմ ճամբան: Ոստիկանը կու գայ ետեւէս եւ զիս կը կանգնեցնէ: «Գիտէ՞ք ինչո՛ւ կեցուցի ձեզ», կը հարցնէ: Չեմ պատասխաներ: «Կարմիր լոյսը անցաք», կ՛ըսէ: «Ո՛չ,- կը հակադարձեմ,- լոյսը կարմիր չէր. նարնջագոյն էր»: «Պարո՛ն»- կ՛ըսէ ձայնը բարձրացնելով,-Ամերիկայի մէջ նարնջագոյն լոյս չունինք. ունինք կանաչ, դեղին եւ կարմիր: Լաւ կ՛ըլլայ, որ ձեր լոյսերը լաւ սորվիք գալ անգամ»: Եւ թէ՛ կարմիր լոյսը անցած ըլլալուս եւ թէ՛ լոյսը նարնջագոյն անուանած ըլլալուս համար կրկնակի կը տուգանէ զիս…
(55)
Նիւ Ճըրզիի հոգեւոր հովուութեանս շրջանին մեծահասակներու անգլերէնի դասընթացք հաստատած եմ, եւ հայրս ու մայրս ալ կը հետեւին ասոր: Ամիսէ մը ի վեր ուսուցչուհին Ամերիկայի ազգային տօները սորվեցուցած է իր աշակերտ-աշակերտուհիներուն, որոնց մեծամասնութիւնը պոլսահայ հայրիկ-մայրիկներ են: Ուսուցչուհին ամերիկածին հայուհի մըն է, որ թրքերէն չի գիտեր. մայրս թարգմանի դեր կը կատարէ ուսուցչուհիին եւ աշակերտութեան միջեւ:
Ուսուցչուհին մայրս դասի կը հանէ այդ օր: Մայրս կը թուէ Ամերիկայի ազգային տօները, որոնց կարգին նաեւ` «Քոլոմպոսի օրը», եւ թրքերէնով կը յաւելէ. «Քոլոմպոսը խերով-բարով գտած չըլլար սա Ամերիկան, մենք ալ մեր երկիրները ձգելով` այս կողմերը եկած չըլլայինք»: Ամբողջ դասարանը կը սկսի քահ-քահ խնդալ եւ ըսել (անշուշտ թրքերէնով). «Տիրամա՛յր, ի՜նչ աղուոր ըսիր. լեզուիդ դալար, մեր սիրտէն խօսեցար»: Ուսուցչուհին կը զարմանայ եւ հարց կու տայ, թէ ի՞նչ պատահած էր, մայրս ի՞նչ ըսած էր: Մայրս կը լուսաբանէ: Ուսուցչուհին ալ կը միանայ զուարթ մթնոլորտին:
(56)
Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Հայ եկեղեցւոյ պատկանելիութեան քանի մը եղանակներ կան: Առաջին` կան անոնք, որոնք Հայ եկեղեցւոյ մէջ մկրտուած են եւ հայ քրիստոնեայ կը նկատուին: Երկրորդ` կան անոնք, որոնք ամէն կիրակի եւ տօնական օրերուն կը փորձեն որոշ կանոնաւորութեամբ Հայ եկեղեցի գալ եւ իրենց հաւատքը արծարծ պահել: Երրորդ` կան անոնք, որոնք պարբերաբար (տարին քանի մը անգամ) եւ պարագայաբար (Ս. Ծնունդին, Ս. Զատիկին, խորհրդակատարութեան մը, թաղումի մը, ձեռնարկի մը, երբ առաջնորդը կամ կաթողիկոսը այցելէ եւ այլն) Հայ եկեղեցի կու գան: Չորրորդ` կան անոնք, որոնք իրենց ծուխի Հայ եկեղեցւոյ անդամ կը դառնան` թեմի կանոնագրութեան համաձայն, տարեկան անդամատուրք կը վճարեն եւ համապատասխան պաշտօններու կրնան ընտրել ու ընտրուիլ: Թերեւս կան նաեւ ուրիշ եղանակներ ալ, որոնք ես մոռցայ նշելու, եւ ուրիշներ կրնան յիշեցնել:
Երրորդ եղանակը գործադրող ամերիկածին հայ ընտանիքի մը մայրիկը մահացած է: Հանգուցեալին թոռնիկը` Ճանը, հեռախօսով հետս կապ կը պահէ եւ կը հաղորդէ, թէ կը խնդրուի, որ երկու օրէն Նիւ Ճըրզիի հեռաւոր քաղաքներէն մէկուն մեռելատան մէջ տան եւ եկեղեցւոյ կարգը կատարեմ:
Ճշդուած օրը երկու դպիրով կը հասնիմ մեռելատուն: Շուրջ յիսուն անձ հաւաքուած է: Ոչ ոք կը ճանչնամ: Գրասենեակ կը մտնեմ, ուր Ճանը ինքզինք կը ծանօթացնէ եւ կը յայտնէ, որ արարողութենէն ետք ինք մեծ մօր մասին դամբանական պիտի խօսի` ընտանիքին անունով: Անշուշտ կ՛ակնկալէ, որ իրմէ առաջ ես ալ մխիթարական խօսք մը արտասանեմ: Հոգեւորականի նուազագոյն պարտքս համարելով` բնականաբար համաձայն կ՛ըլլամ: Նաեւ թղթիկ մըն ալ կու տայ ինծի, որուն վրայ սովորաբար գրուած կ՛ըլլան ընտանեկան պարագաներուն անունները, որոնց յաւուր պատշաճի պէտք է ցաւակցութիւն յայտնեմ եւ այլ յայտարարութիւններ կատարեմ (փոխան ծաղկեպսակի նուէրները ուր տալ, հոգեճաշի համար ուր երթալ, ցաւակցութիւնները ուր եւ երբ պիտի ընդունուին եւ այլն): Ես ալ, առանց աչք մը նետելու, ձեռքի աղօթագիրքիս մէջ կը դնեմ եւ Ճանին ու դպիրներուն հետ մատուռ կ՛անցնիմ արարողութիւնը սկսելու:
Աղօթքը աւարտելէն ետք մխիթարական խօսքս կ՛ուղղեմ եւ Ճանին տուած թղթիկը կը բանամ եւ ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ. կարգը կու գայ փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութեան յայտարարութեան, որ կը կարդամ. «Մեծ մայրիկին ջերմ փափաքն է, որ փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարուին շուներու (այսինչ) հիւանդանոցին, որովհետեւ մեծ մայրիկին (այսինչ) շնիկը տասը տարի առաջ կոկորդի քանսեր ունեցած էր եւ այս հիւանդանոցին մէջ (այսինչ) բժիշկին խնամոտ ձեռքերով բուժուած էր…»: Հազիւ մեռելատունէն դուրս ելած` կը մտածեմ, թէ ի՜նչ աղուոր կ՛ըլլար, եթէ առողջացած շնիկը մեռելատուն բերած ըլլային եւ իմ կատարած յայտարարութենէս ետք առողջացած կոկորդով մէկ հատ զրնգուն «հաո՜ւ, հաո՜ւ» մը ընէր…
(57)
Նիւ Ճըրզիի եկեղեցւոյ գրասենեակին դուռին զանգը կը հնչէ: Քարտուղարուհին գործով դուրս ելած է: Ես կը բանամ դուռը: Երիտասարդ մըն է, որ արեւելահայերէնով կը դիմէ ու կը բացատրէ, որ հայրը մահացած է, եւ կը խնդրէ ինձմէ, որ իրեն ընկերանամ մեռելատուն երթալու` թաղման կարգադրութիւնները կատարելու համար: Կը ցաւակցիմ իրեն եւ իմ հերթիս կը խնդրեմ, որ քառորդ ժամ նստի, սպասէ, մինչեւ քարտուղարուհին վերադառնայ, որպէսզի աւելի հանգիստ միտքով ընկերանամ իրեն: Կը սկսինք զրուցել, եւ կ՛իմանամ, որ արդէն իսկ հինգ ոչ հայ մեռելատուն գացած էր եւ չէր կրցած իր ակնկալած գինը ապահովել. կը մնայ մեր եկեղեցիէն ոչ շատ հեռու այն մեռելատունը, որուն տէրերը իտալացի ու ամերիկահայ երկու գործընկեր են, եւ կ՛ուզէ, որ միասին հոն երթանք, եւ ես անոնց բարեխօսեմ:
Քարտուղարուհին կը վերադառնայ, եւ հայաստանցի երիտասարդն ու ես կը լծուինք մեր առաքելութեան: Երբ մեռելատուն կը հասնինք, մեզ կը դիմաւորէ ամերիկահայը եւ կը ներկայացնէ իրենց զանազան ծառայութիւններուն գիները ու կը սկսի մանրամասնել (դագաղ, ծաղիկ, ինքնաշարժ եւ այլն). առաւել` նկարներ ցոյց կու տայ եւ կ՛առաջարկէ, որ գրասենեակին վարի յարկը իջնենք եւ, ըստ մեր ճաշակին, ընտրենք մեր փափաքածները: Երիտասարդը կ՛առարկէ, որ այդ բոլորին կարիքը չկայ, եւ ինք միայն հետաքրքրուած է վերջնական գումարով: Մարդը վերջնական գումարը կ՛ըսէ. «Տասներկու հազար տոլար. սակայն քանի որ հայ էք եւ Հայ եկեղեցւոյ մէջ պիտի ըլլայ թաղումը, հազար տոլար պակաս կը վճարէք, եւ մենք ալ մեր կողմէ հազար տոլար կը նուիրենք եկեղեցւոյ»: Երիտասարդը կը պատասխանէ. «Ուրեմն տասնմէկ հազար կ՛ըլլայ իմ տալիքս. անշուշտ այս գումարը եթէ չեքով պիտի տամ. լա՛ւ, եթէ քեշ (կանխիկ) տամ, քանի՞ պիտի հաշուէք»: Ես գետնին տակը կը մտնեմ: Իսկ մարդը ինքն իրմէն ելած` կը պատասխանէ. «Երիտասա՛րդ, զիս յիմարի տե՞ղ դրած ես: Այսքա՜ն տարի է ես այս գործին մէջն եմ, առաջին անգամն է ասանկ բան կը լսեմ: Ես մեռելի մը համար գանձած դրամս կառավարութենէն ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր պիտի պահեմ»:
Երիտասարդը ճարահատ կը համաձայնի մեռելատան տիրոջ հետ, սակայն ընդհանուր գումարէն բաւական կը զեղչէ` յարմար գինով դագաղ, ծաղիկ, ինքնաշարժ եւ այլ ծառայութիւններ ապահովելով:
Շէնքէն դուրս կ՛ելլենք:
Հիմա կարգը կու գայ եկեղեցիին: Գրեթէ ոչինչ կը վճարէ եկեղեցւոյ համար եւ, առաւել, կը փափաքի սրահն ալ օգտագործել հոգեճաշի համար: Սիրով կ՛ընդառաջեմ փափաքին. ի վերջոյ հանգուցեալ հայ հայրիկի մը յիշատակը կը յարգեմ: 4-500 անձի համար փառաւո՜ր հոգեճաշ մը կը կազմակերպէ:
Զինք եկեղեցւոյ եւ կեանքիս մէջ առաջին եւ վերջին տեսնելս կ՛ըլլայ…
(58)
Նիւ Ճըրզիի գերեզմանատան մէջ ննջեցեալ մը պիտի թաղեմ: Գերեզմանին մօտ հաւաքուած ենք արդէն եւ կը սպասենք, որ մեռելաթաղները ինքնաշարժէն դագաղը բերեն: Ակնկալուածէն աւելի ժամանակ կ՛առնէ, եւ մարդիկ կը սկսին սիկարեթ ծխել: Ի վերջոյ դագաղը կը հասնի եւ արարողութենէն առաջ կը յայտարարեմ. «Հաճեցէք սիկարեթները մարել, որպէսզի աղօթքը սկսինք»: Անքաղաքավարին մէկը կը յարէ. «Դուն մեր սիկարեթներուն հետ գործ չունիս, դուն աղօթքդ ըրէ, վերջացուր…»: Եթէ չէիք գիտեր, հիմա գիտցաք, որ այս տեսակ հայեր ալ կան…
(59)
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մեր հոգեւոր հովիւներէն մին կը պատմէ. «Օր մը հիւանդանոց կ՛այցելեմ մեր ծխականներէն մէկուն եւ «Բարի լոյս»-էն ետք կը հարցնեմ դասական «Ի՞նչ ունիս» հարցումը (անգլերէնով «What do you have?» կրնայ նշանակել «ինչպէ՞ս ես» կամ «ի՞նչ ունիս». այսինքն` տնտեսական վիճակդ ինչպէ՞ս է), որպէսզի գիտնամ, թէ մեր մարդը ինչո՞ւ հիւանդանոց մտած է: Ըստ երեւոյթին, մեր մարդը քնատ է կամ դեղերուն ազդեցութեան տակ կը գտնուի. կը սկսի թուել պանքային մէջ ունեցած գումարը, տան մէջ ունեցած կանխիկ դրամը, սթաք մարքեթին մէջ ունեցած շերերը, կալուածները, պարտքերը… Միտքէս կ՛ըսեմ. «Ի՜նչ ապուր կերանք սա հարցումը հարցուցինք…»:
(60)
Քանատայի մեր հոգեւոր հովիւներէն մին է պատմողը. «Օր մը հիւանդանոցէն կը հեռաձայնեն, որ քոմայի մէջ հայ հիւանդ մը կայ, եւ հարազատները կը փափաքին, որ հայ քահանայ մը գայ եւ աղօթէ վրան: Անմիջապէս հիւանդանոց կը վազեմ:
Կը մտնեմ հիւանդին սենեակը: Հարազատներ շրջապատած են զինք: Չեմ ճանչնար զիրենք: «Փարատեա»-ն կ՛աղօթեմ: Հիւանդը կ՛արթննայ, սեւ շապիկս եւ ճերմակ օձիքս կը տեսնէ եւ կը պոռայ շուրջիններուն. «Վճարեցէ՛ք տէր հօր…»:
(Շար. 6)