ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
(61)
Վանքուվըր հոգեւոր հովիւ եմ, եւ կիրակի առաւօտ անծանօթ մարդ մը եկեղեցի կու գայ` թեւին տակ թաւլի դրած: Անգլերէնով կը բարեւէ, ինքզինք կը ծանօթացնէ, կ՛ըսէ, որ Ֆլորիտայէն պտոյտի եկած հայ մըն է եւ կը հարցնէ, թէ թաւլի խաղցող մը կը գտնուի՞ եկեղեցիին մէջ: Առտուան ժամը 10:00-ին` ի՜նչ ախորժակ. փոխանակ ժամ-պատարագ հարցնելու, թաւլի խաղցող փնտռել… Կը զարմանամ: Կը բացատրեմ, որ կէս ժամէն սուրբ պատարագը կը սկսի, եւ ժամը 12:00-էն ետք կրնայ եկեղեցիի սրահին մէջ ահագի՜ն թաւլի խաղցողներ գտնել եւ ուզածին չափ թաւլի խաղալ: Մարդը շատ գոհ կը մնայ, թաւլին հետը եկեղեցի կը մտցնէ, թաւլիին վրան կը նստի, պատարագին ներկայ կ՛ըլլայ, սուրբ հաղորդութիւն կ՛առնէ, յետոյ ալ սրահին մէջ իր թաւլին կը խաղայ…
Մարդը Աստուծոյ բաժինը Աստուծոյ կու տայ, կայսրին բաժինը` կայսրին:
(62)
Աբեղայ եղած տարիներուս Գարեգին Բ. աթոռակից վեհափառը, ընդառաջելով Իրաքի թեմի առաջնորդի խնդրանքին, Ս. Ծնունդին եւ Ս. Զատիկին Անթիլիասէն միաբաններ կը ղրկէր: Տարի մըն ալ Ս. Զատիկին զիս կը ղրկէ:
Պաղտատ կը հասնիմ եւ Աւագ եպս. Ասատուրեան քանի մը օր զիս հիւրընկալելէ ետք կը տեղեկացնէ, որ Աւագ շաբաթն ու Ս. Զատիկը Պասրա պիտի անցընեմ: «Հա՛յր սուրբ»,- կը յանձնարարէ սրբազան հայրը, մեր ժողովուրդը շատ աւանդապահ է. կ՛ուզէ որ իր տունը օրհնուի. գոնէ շաբաթ մը պիտի մնաս եւ տնօրհնէք պիտի ընես. ինչ նուէր որ տան, պէտք է առնես, այլապէս շատ կը նեղուին, կը կարծեն, որ քիչ է ըսելով չես առներ»: Առաջին անգամն էր, որ տնօրհնէք պիտի ընէի եւ աջահամբոյր պիտի ստանայի. սակայն սրբազանին տուած բացատրութիւնը համոզիչ էր:
Պասրայի ժողովուրդը շատ կը տպաւորէ զիս իր խոր հաւատքով: Մեծով-պզտիկով ոչ միայն արարողութիւններուն կը մասնակցի, այլ նաեւ գոց կ՛երգէ շարականները:
Երբ կարգը կու գայ տնօրհնէքին, գլխաւոր դժուարութիւնը այն կ՛ըլլայ, որ Զախոյէն Պասրա եկած ժամկոչը չի կրնար հայերու տուները իսլամներու տուներէն զանազանել եւ տնօրհնէքը մէկ շաբթուան տեղ երեք շաբաթ կը տեւէ, որովհետեւ այն դուռը որ կը զարնենք, հայ կամ իսլամ, երբ մեզ խաչով ու խունկով կը տեսնեն, ներս կը հրաւիրեն եւ իրենց տունը օրհնել կու տան…
(63)
2000-ին Ս. Էջմիածին եմ` Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումի 1700-ամեակի ժողովին մասնակցելու: Ժողովը սկսած ենք, եւ յանկարծ ժողովասրահ կը մտնէ Վրաստանի թեմի առաջնորդ Գէորգ արք. Սերայտարեանը, որ յանձնախումբի անդամ չէ եւ քովս կը նստի ու կը սկսի ափսէին մէջ դրուած շոքոլաներէն ետեւ-ետեւի ուտել: Մեր ատենապետ սրբազանը յարգելով Գէորգ սրբազանին տարիքը` անհրաժեշտ չի նկատեր, որ ան դուրս ելլէ: Իսկ տասը վայրկեան ետք Գէորգ սրբազան ինք կ՛անդրադառնայ, որ սխալ տեղ եկած է եւ «Ես ի՞նչ եմ անում էստեղ» ըսելով` դուրս կ՛ելլէ…
(64)
Ուրիշ մանրապատում մըն ալ Վրաստանի թեմի առաջնորդ Գէորգ արք. Սերայտարեանէն:
Վազգէն Ա. կաթողիկոս մէկ շաբթուան համար Փարիզ կը ճամբորդէ, եւ Գէորգ սրբազանն ու գաւազանակիր հայր սուրբը կ՛ընկերանան վեհափառ հայրապետին: Համայնավարութեան օրերուն տեղի կ՛ունենայ ճամբորդութիւնը, եւ սրբազան հօր «երկաթէ վարագոյր»-էն անդին առաջին ճամբորդութիւնն է:
Ճամբորդութենէն վերադարձին Փարիզի առաջնորդը կը կապուի Վազգէն կաթողիկոսին հետ եւ կը տեղեկացնէ, որ Գէորգ սրբազանին պանդոկի սենեակին սառնարանի ծախսը սենեակի ծախսէն աւելի սուղ արժած է. կ՛երեւի սխալ բան մը կայ: Վազգէն վեհափառ կը խոստանայ յարմար առիթով հարցնել Գէորգ սրբազանին:
Քանի մը շաբաթ ետք, երբ Գէորգ սրբազան Ս. Էջմիածին կ՛այցելէ, փափկանկատ վեհափառ հայրապետը Փարիզի պանդոկի սառնարանի ծախսին նիւթը կը բանայ: Սրբազան հայրը կը պատասխանէ, որ շատ տպաւորուած էր ճոխ հիւրանոցէն. լայն ննջարան, անկողին, լուացարան. մնայուն տաք ջուր, մաքուր ճերմակ սաւան ու անձեռոցներ. հեռատեսիլ, հեռախօս, ձայնասփիւռ, սառնարան: Եւ այս բոլորը` իրեն համար: Առաւել` կ՛աւելցնէ, որ երբ սառնարանը կը բանայ եւ կը տեսնէ զանազան խմիչքները, շոքոլաները, զովացուցիչները եւ այլն, քանի մը բան կ՛ուտէ եւ կը խմէ, մնացածն ալ ճամպրուկին մէջ կը լեցնէ: Եւ այսպէս` ամէն օր: Ուրեմն` վեց անգամ: «Վեհափա՛ռ տէր, ես դատարկում էի, նրանք լցնում էին. ես միամիտ մտածում էի, որ սրանք իմն են: Գիտէք` ես առաջին անգամ էի արտասահման լինում: Հիմա եմ իմանում, որ էս բոլորը փող արժի: Ներող եղէք», կ՛ըսէ: Վազգէն վեհափառը կուշտ ու կուռ կը խնդայ եւ հարցը կը փակէ. «Ոչի՛նչ, ոչի՛նչ, սրբազա՜ն ջան…»:
(65)
Կը պատմեն, որ Ուաշինկթըն Տի.Սի.-ի մէջ հանդիսաւոր սուրբ պատարագի մը մատուցումին նաեւ ներկայ կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրաստիճան դէմքերէն մին: «Ողջոյն»-ի պահուն ամերիկահայ սարկաւագը կը փափաքի մասնաւոր յարգանք մը ընել մեր պետական դէմքին եւ անձամբ կը մօտենայ ու «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ. ողջոյն տուք միմեանց» կ՛ըսէ: Դիմացէն պատասխանը փոխան «Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի» ըլլալու` կ՛ըլլայ. «Շա՛տ լաւ, պատարագից յետոյ կը խօսանք…»:
Կը պատմեն, որ նման դէպք մըն ալ կը պատահի Ս. Էջմիածինի մայր տաճարին մէջ, երբ սարկաւագը լուսարարապետ Յուսիկ արք. Սանթուրեանին «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ. ողջոյն տուք միմեանց» կ՛ըսէ, սրբազան հայրը կը պատասխանէ. «Տղա՛յ ջան, ես իմանում եմ, գնա՛ միւսներին ասա…»:
(66)
Նիւ Ճըրզիի մէջ Ամերիկա ծնած եւ Լիբանանէն հոն հաստատուած խումբ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ միշտ միասին ընկերութիւն կ՛ընեն, եւ ամերիկածինները օրէ-օր կը քաջալերուին աւելի հայերէն խօսելու:
Օր մըն ալ նոյն խումբէն Լիբանանէն եկած ընտանիքի մը մեծ մայրը կը մահանայ եւ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու խումբը ցաւակցութեան պիտի երթայ: Ամերիկածին երիտասարդներէն մին կը մտածէ, որ սքանչելի առիթ է իր հայերէնախօսութիւնը ցոյց տալու, երբ մանաւանդ ահագին ալ մարդ պիտի ըլլայ ննջեցեալին տունը. լիբանանահայ ընկերներէն մէկուն կը հարցնէ, թէ այսպիսի առիթով հայերէնով ի՞նչ կ՛ըսեն: Ան ալ «Աչքերնիդ լոյս ըլլայ» կը պատասխանէ: Մեր ամերիկահայ բարեկամը թուղթին վրայ կը գրէ եւ մեծ ճիգով գոց կը սորվի. ապա տասը հոգինոց երիտասարդական խումբին գլուխն ալ անցնելով` կը սկսի բոլորին հետ ձեռնուիլ եւ տխուր շեշտով ըսել. «Աչքերնիդ լոյս ըլլայ», «Աչքերնիդ լոյս ըլլայ»: Խնդուք մըն է ծայր կ՛առնէ. մեր ամերիկահայ բարեկամը լիբանանահայ ընկերը կը փնտռէ. կ՛ըսեն հայերէնէ-հայերէն բառարան բերելու գնաց…
(67)
5-12 մարտ 1984-ին Գարեգին Բ. կաթողիկոս պաշտօնական այցելութեամբ Դանիա կը գտնուի: Շքախումբին մաս կը կազմեմ` որպէս գաւազանակիր: Կիրակի, 11 մարտ-ին վեհափառ հայրապետը կը քարոզէ Քոփենհակընի մայր տաճարին մէջ, ապա սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ պաշտօնական ճաշկերոյթ: Ճաշկերոյթի ընթացքին հաւատացեալ մը խօսք կ՛առնէ եւ կը յայտնէ, որ երկար տարիներ Ճիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ի դանիական օժանդակ մարմինի անդամ եղած է եւ հետեւեալը կը պատմէ. «Երբ հայերու ջարդերը տեղի կ՛ունենային 1915-ին, երկու քոյրերս եւ ես շատ պզտիկ էինք. չէինք գիտեր ի՛նչ կ՛ըլլար, ինչո՛ւ կ՛ըլլար: Մինչեւ հիմա չեմ հասկցած, թէ աշխարհը տակաւին ինչո՞ւ լուռ է: Մայրս ու հայրս մեզ իրենց մօտ կանչեցին եւ ըսին, որ պէտք է մտածենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ջարդէն փրկուած մեզի պէս պզտիկներուն օգնել: Մենք` երեքս, գացինք, մտածեցինք, եկանք ու ըսինք, որ մէկ տարի մեր Կիրակնօրեայ դպրոցի ամէն կիրակիի 10-ը ղրուշի, 5 ղրուշը հայ պզտիկներուն պիտի տանք: Մեր ծնողները «Ո՛չ, չըլլար, այդ դրամը կիրակնօրեային կը պատկանի. գացէք եւ ուրիշ բան մտածեցէք», ըսին: Մենք ալ այս անգամ ետ եկանք եւ ըսինք. «Որոշեցինք մէկ տարի մեր ամէն առտուան կաթը առանց շաքարի խմել եւ շաքարին դրամը հայ պզտիկներուն տալ»: Հաստատեցին մեր որոշումը ու օրհնեցին մեզ: Մեր ընտանիքը սերունդէ-սերունդ մինչեւ այսօր այսպէս կ՛օգնէ «Թռչնոց բոյն»-ին»:
Զոհողութեան ի՜նչ ուսանելի օրինակ…
(68)
Տարի մը Լիբանանի Չորք-Մարզպանի (Տէօրթ-եոլ) հայրենակցական միութիւնը կ՛որոշէ իր տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսին իւրաքանչիւրին պնակին մէջ նարինջ մը դնել` որպէս խորհրդանիշ Չորք-Մարզպանի պատմական հայրենի նարնջաստանին: Ճաշկերոյթէն առաջ ատենապետը կէս կատակ-կէս լուրջ կը յայտարարէ, որ նարինջները գացած ու Տէօրթ-եոլէն բերած են: Հաւատացողներ ալ կ՛ըլլան եւ իրենց հետ տուն կը տանին Տէօրթ-եոլի նարինջներէն: Ատենապետն ալ նարինջ մը տուն կը տանի եւ մօրը կու տայ` «Այսօր Տէօրթ-եոլէն բերինք» ըսելով: Մայրիկը կ՛առնէ նարինջը, կը հոտտայ եւ տղուն կը վերադարձնէ` պատասխանելով. «Ասի Տէօրթ-եոլի նարինջ չէ. Տէօրթ-եոլի նարինջը ասանկ չի հոտիր…»:
(69)
Ատիս Ապապա եմ` միջեկեղեցական ժողովի մը: Փասփորս մէկ օրինակ եւ գրութիւն մը երկու օրինակ պէտք է պատճէնահանել տամ: Կը հեռախօսեմ պանդոկին ընդունելութիւնը. կը տեղեկացնեն, որ անձամբ իրենց պէտք է յանձնեմ: Կ՛իջնեմ եւ պաշտօնեային քանի մը անգամ կը բացատրեմ, որովհետեւ ընկերս զիս զգուշացուցած էր, որ եթովպիացիները քիչ մը ուշ կ՛ըմբռնեն: Կ՛ըսեմ. «Աջ ձեռք` փասփոր մէկ օրինակ. ձախ ձեռք` գրութիւն երկու օրինակ. յստա՞կ է»: «Այո՛, այո՛», կը պատասխանէ: Պաշտօնեան քիչ յետոյ կը վերադառնայ եւ պատճէնահանուածները ինծի կը յանձնէ. փասփոր երկու օրինակ, գրութիւն մէկ օրինակ. ճիշդ հակառակը: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, սենեակ կը բարձրանամ եւ ընկերոջս կը հեռախօսեմ: Ան կը սկսի խնդալ եւ ըսել. «Առաջին` երբ դուն աջ եւ ձախ ըսեր ես, ան արդէն իրար անցած է, որովհետեւ քու աջդ իր ձախն է եւ իր ձախը քու աջդ: Երկրորդ` եթովպիացիին երկու բան նոյն ատեն պիտի չըսես, մէկ-մէկ. հիմա գնա, առաջ փասփորը տուր եւ մէկ օրինակ ըսէ, թող ընէ, թող բերէ, յետոյ գրութիւնը տուր եւ երկու օրինակ ըսէ»: Ընկերոջս ըսածին պէս ըրի եւ ամէն բան ճիշդ եղաւ: Որքա՜ն մարդ, այնքան մշակոյթ…
(Շար. 7)