ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
(79)
Տիրայր արք. Փանոսեան Գամիշլիի առաջնորդական փոխանորդ է, Սրբոց Վարդանանց տօնին առթիւ կը պատարագէ եւ կը քարոզէ: Քարոզի պահուն ժամկոչը իր գործերուն ետեւէն է (ածուխը պատրաստել, մոմերը փոխել եւ այլն) եւ անդադար կ՛երթայ-կու գայ, կը մտնէ-կ՛ելլէ: Սրբազան հայրը կ՛ընդհատէ քարոզը, ժամկոչը քովը` խորանին վրայ կը կանգնեցնէ եւ խօսքը հաւատացեալներուն ուղղելով կ՛ըսէ. «Գիտէ՞ք ինչու Վարդանանց պատերազմը պարտուեցանք. որովհետեւ բոլոր հայ զինուորները փոխանակ զօրավար Վարդան Մամիկոնեանին մտիկ ընելու` մեր ժամկոչ աղբարին պէս պատերազմի դաշտին վրայ միայն կ՛երթային-կու գային». ապա, ժամկոչը վար` դասը կը ղրկէ յանձնարարելով. «Հիմա վար իջիր, խելօք մը նստէ դպիրներուն քովը եւ քարոզը մտիկ ըրէ», ու կը շարունակէ քարոզը:
Ամառ է: Տիրայր արք. Փանոսեան ամէն երեկոյ առաջնորդարանին բակը կը նստի, եւ քանի մը հայորդիներ կու գան ու իրեն հետ հինէն-նորէն կը զրուցեն: Սրբազան հայրը կը նշմարէ, որ իր առանձին եղած ատենը, միշտ նոյն ժամուն, երեկոյեան ժամը 5:00-ի շուրջ, մէկը կու գայ, գլուխը դարպասէն ներս կը մտցնէ, արագ աչք մը կը պտտցնէ եւ կը մեկնի: Այսպէս ամբողջ շաբաթներ: Սրբազանը կ՛անդրադառնայ, որ այս անձը միայն կրնայ գաղտնի ոստիկան մը ըլլալ: Օր մըն ալ սրբազանին համբերութեան բաժակը կը յորդի: Մարդը հազիւ գլուխը դարպասէն ներս մտցուցած, սրբազանը զինք իր քով կը կանչէ: Մարդը չի կրնար խոյս տալ եւ կու գայ: Սրբազանը մարդուն կ՛ըսէ. «Մինչեւ սա դիմացի պատը գնա՛ եւ ետ քովս եկուր հաճիս»: Մարդը կ՛երթայ եւ ետ կու գայ: «Նայէ, բարեկա՛մ, ինչպէս որ այդ ճերմակ պատին վրայ ոչ մէկ բիծ տեսար, բոլոր հայերուն եւ իմ վրաս ալ ոչ մէկ բիծ կը տեսնես. հոս գալով-երթալով պարապի ժամանակ մի՛ անցըներ. մեր բոլորին տոսիէները մաս-մաքուր են», կ՛եզրակացնէ սրբազանը: Գաղտնի ոստիկանը անգամ մըն ալ չ՛երեւիր առաջնորդարանին բակին կողմերը…:
(80)
Անթիլիասի մայրավանքի բարապան Թորոս Հելվաճեանն է պատմողը. «1980-ին, Անթիլիասի մէջ, Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու վկայականներու բաշխումի հանդէսը տեղի կ՛ունենայ Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ: Երբ անունս կը կարդացուի, վեհափառ հայրապետին սուրբ աջը կը համբուրեմ, վկայականս կը ստանամ եւ մինչ տեղս պիտի վերադառնամ, նորին սրբութիւնը քաղցր ժպիտով հարց կու տայ ինծի. «Տղա՛ս, դպրեվանք կու գաս»: «Մամայիս պէտք է հարցնեմ, վեհափա՛ռ տէր», կը պատասխանեմ: «Շա՛տ լաւ. հարցուր եւ յետոյ ըսէ ինծի», կը յանձնարարէ: Տունին մէջ առաջին հարցումս կ՛ըլլայ. «Մամա՛, կը ձգե՞ս որ կարդալու համար դպրեվանք մտնեմ»: Մայրս հարց կու տայ. «Օղլը՛մ, դպրեվանք ի՞նչ է»: «Գիշերօթիկ եկեղեցի է», կը պատասխանեմ: «Ո՛չ, ո՛չ. ես չեմ դիմանար», ըսելով` փափաքս դանակի պէս կը կտրէ: Անշուշտ ես անմիջապէս կը հասկնամ, որ գլխաւոր պատճառը իր չդիմանալը չէր, այլ` աղքատութիւնը. այսպէս կամ այնպէս ուսումս պիտի ընդհատուէր, եւ ես գործի ասպարէզ մտնէի կարիքաւոր ընտանիքիս օգնելու համար:
Տարիները անցան եւ 6 փետրուար 2002-ին փոխան դպրեվանքի` որպէս բարապան Անթիլիասի մայրավանք մտայ եւ ահաւասիկ մինչեւ այսօր ձեզի հետ եմ…»:
(81)
1981-ին նոր աբեղայ ձեռնադրուած եմ եւ ազգականի մը աղջիկին սուրբ պսակին կը հրաւիրուիմ Պուրճ Համուտի Հայ աւետարանական եկեղեցի: Հարսը առաքելական է, Լիբանանէն. փեսան աւետարանական է, Սուրիայէն: Եկեղեցին լեցուն է իննսուն առ հարիւր առաքելականներով: Առաջին անգամ ըլլալով հայ աւետարանական եկեղեցի մը կը մտնեմ: Երեք պատուելի բազմած է բեմին վրայ: Պատուելիներէն մին, կ՛երեւի հովիւն է, զիս կը հրաւիրէ, որ իրենց կողքին աթոռ մը գրաւեմ եւ աղօթքին մասնակցիմ: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ եւ կ՛ըսեմ, թէ երբ իրենք աւարտեն իրենց բաժինը, ես ալ աղօթք մը կ՛ընեմ, եւ տեղս կը նստիմ: Ամէն բան կը վերջանայ, եւ իմ կարգս կու գայ: Ոտքի կ՛ելլեմ, բեմին մէջտեղը կու գամ, պարեգօտիս գրպանէն ձեռաց խաչս կը հանեմ, ձեռքով նշան կ՛ընեմ, որ ժողովուրդը ոտքի ելլէ, «Պահպանիչ»-ով կ՛օրհնեմ նորապսակ ամոլն ու հարսնեւորները. ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կը խաչակնքէ, դէպի պատէն կախուած մեծ խաչին կը դառնամ, ենթադրաբար արեւելք, եւ «Օրհնեալ Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս. ամէն» ըսելէ ետք կը սկսիմ «Հայր մեր»-ը երգել, որուն հարսնեւորները եւս կը միանան: Ապա «Օրհնեալք եղերուք»-ով վերջին օրհնութիւնը կը բաշխեմ եւ հաւատացեալները երկնային խաղաղութեամբ իրենց տուները կը ջամբեմ: Հարսնեւորներուն մեծամասնութիւնը դարձեալ կը խաչակնքէ եւ բարձրաձայն ու գոհունակ «օ՜ֆ» մը յայտարարելով դուրս կ՛ելլէ եկեղեցիէն…:
(82)
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, երբ ամէն բանի սուր տագնապ կայ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը Անթիլիասի մայրավանք հաւաքուած է` Միաբանական ընդհանուր ժողովի համար: Մեզի հետ է նաեւ ամերիկեան կենցաղային հանգստաւէտ պայմաններու մէջ երկար տարիներ ապրած ու միաժամանակ զուարթախօս Սմբատ արք. Լափաճեան, որ ժուժկալ եւ վանական խմոր ունեցող Արտաւազդ արք. Թրթռեանին հետ հետեւեալ խօսակցութիւնը կ՛ունենայ.
– Սրբազա՛ն եղբայր, հացը ինչպէս կ՛ապահովէք ամէն օր:
= Քանի մը երիտասարդ միաբաններ եւ տիրացու հոս` վանքին մօտիկ փուռին առջեւ, կարգի կը սպասեն եւ մեզի բաժին հասնող հացը կ՛առնեն-կը բերեն, մենք ալ կ՛ուտենք:
– Մեր քովը հացն ալ, միսն ալ, պտուղն ալ, ես ինչ գիտնամ, ինչ որ ուզես` սուփըրմարքեթ կ՛երթաս, տալերը կու տաս, ուզածիդ չափ կ՛առնես, դուրս կ՛ելլես:
= Այո՛, դո՛ւք նոր Աւետեաց երկրին մէջ կ՛ապրիք: Իսկ տալեր չունեցողն ալ անօթի-ծարաւ փողոցը կը պառկի եւ հինգ-տասը սէնթ կը մուրայ:
– Ա՛յդ ալ ճիշդ է: Օթոներուն պենզինը ինչպէ՞ս կ՛ապահովէք կոր:
= Հացին պէս: Տղաքը պենզինի կայարաններուն առջեւ կարգի կը սպասեն եւ 10, 20, 30 լիթր պենզինի իւրաքանչիւր ինքնաշարժի իրաւունքը կը լեցնեն:
– Ուրեմն աս ալ այս տեսակ պատմութիւն: Մերինները չլսեն. չեն կրնար պատկերացնել: Մեր քով օթոդ կը կեցնես, ուզածիդ չափ պենզին կը լեցնես, կը քշես-կ՛երթաս: Իսկ ելեկտրականութեան չըլլալը` բնաւ խելքիս չի պառկիր. իրիկունները մոմ կը վառենք, հապա եթէ մէկը մոռնայ եւ քնանա՞յ. հրդեհ պիտի ելլէ: Իսկ լսեցի, որ դպրեվանեցիները լիւքսի տակ սերտողութիւն կ՛ընեն կոր. չոճուխներուն աչքերուն մուխը պիտի մարի:
= Այո՛. ելեկտրականութեան հարցը շատ բարդ է: Խոհանոցի մեծ սառնարանը բան չենք կրնար պահել: Ամէնօրեայ ուտելիքը մատակարարը օրը-օրին պէտք է գնէ: Ի՞նչ ընենք: Այս պայմաններուն պիտի յարմարինք: Աստուած աւելի վատէն պահէ:
– Բայց, ըսեմ ձեզի, ինծի համար ամէնէն դժուարը ջուրի հարցն է: Հասած օրերնիս մատակարարապետ հայր սուրբը յանձնարարեց, որ հետեւինք, եւ երբ ծորակէն ջուր գայ` ջուրը դոյլին մէջ լեցնենք եւ խնայողութեամբ գործածենք: Ես Լոս Անճելըս օրը երկու անգամ կը լոգնամ: Դոյլ մը ջուրը միայն մատներս լուալու կը բաւէ: Դուք այսքան ատեն է ինչպէ՞ս կ՛ընէք կոր:
= Կա՛մ մատակարարապետ հայր սուրբին ըսածը պիտի ընես ու խնայողութեան վարժուիս, եւ կամ ալ միայն մատներդ հոս պիտի լուաս եւ լոգանքդ երբ Լոս Անճելըս վերադառնաս հոն պիտի առնես…,- կ՛եզրափակէ Արտաւազդ սրբազան:
(83)
Հայ գրողներու համագումարին առթիւ, Հայաստանէն Անթիլիասի մայրավանք կը ժամանեն նաեւ Կարպիս Սարկաւագեանն ու Երուանդ Տէր Խաչատրեանը: Երկու բարեկամ մտաւորականներ, որոնց հետ միշտ հոգեհարազատ եղած եմ, եւ յաճախ ու անսպառ ժամեր զրուցած ենք` մեզի հետ ունենալով գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեանն ու արուեստաբան Շահէն Խաչատրեանը:
Քաջ գիտնալով, որ Յունաստան ծնած, Կիպրոսի Մելգոնեան ուսած ու Ս. Մակարայ վանքը ամառնային բանակումներ անցուցած Կարպիսը յատուկ սէր ունի ձիթապտուղի, ձիթաիւղի եւ ձուկի հանդէպ, սուփըրմարքեթ մը կը մտնենք եւ ձիթապտուղ ու ձիթաիւղ կը գնենք, ապա ծովահայեաց ձուկի ճաշարան մը կ՛երթանք: Կարպիսը այնքա՜ն տարուած է Լիբանանի ծովով, իսկ ես ալ` իր պատմած պատանեկան ուսանողական յուշերով, որ գրեթէ մոռցած ենք Երուանդին ներկայութիւնը. իսկ ինք նոյնիսկ չ՛ուզեր խանգարել մեր մտերմիկ զրոյցը եւ իր հերթին կը վայելէ ծովային տեսարանը: Ի վերջոյ հայութեան, հայ գրականութեան ու Հայաստանի ընդհանրական հարցերուն մասին կը սկսինք խօսիլ, եւ Երուանդը եւս կը միանայ մեզի: Մէկ կողմէն կ՛ընթրենք եւ միւս կողմէն կը շարունակենք մեր եռաձայն զրոյցը, որ կ՛աւարտի պաղպաղակով եւ լիբանանեան սուրճով:
Քանի մը տարի ետք Երուանդը դարձեալ Լիբանան է` հայագիտական դասախօսութիւններ տալու համար: Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս ան Անթիլիաս կը մնայ: Բարեկամ մը, որ Երուանդին նոր պիտի ծանօթանայ` մեզ ընթրիքի կը հրաւիրէ, եւ կը փափաքի, որ ես ընտրեմ ճաշարանը: Ես ալ` նկատի ունենալով, որ Հայաստանի մէջ աղի ջուրի ձուկը յարգի կ՛ըլլայ եւ յիշելով Կարպիսին ու Երուանդին հետ մեր ձուկի ճաշարան երթալն ու համով-հոտով ձուկ ուտելը, ձուկի ճաշարան մը կ՛ընտրեմ: Որոշուած իրիկունը Երուանդը, բարեկամս, տիկինը եւ ես կը հասնինք ճաշարան: Կ՛աւետեմ Երուանդին. «Երբ Երեւան վերադառնաս, Կարպիսը պիտի նախանձի քեզի. որովհետեւ այսօր մեր ընթրիքը միայն ձկնեղէն պիտի ըլլայ»: Կը տեսնեմ, որ մեր մարդը բնաւ խանդավառ չ՛երեւիր. «թերեւս դասերէն յոգնած է», կը մտածեմ: Սեղանը կը լեցուի, գաւաթներն ալ կը լեցուին, կենացներն ալ կը խմուին, սակայն իմ գիտցած շէն Երուանդս չէ քովս նստողը: Ընթրիքի աւարտին ընկերոջս տրամադրութիւնը քիչ մը կը բարեփոխուի, կը խօսի, կը սրամտէ, եւ հիւրընկալները գոհ կը մնան:
Երբ մայրավանք կը վերադառնանք, Երուանդ կ՛ըսէ ինծի. «Սրբազա՛ն ջան, ես քեզ ի՞նչ վատութիւն եմ առել, որ ինձ կրկնակի խաչելութեան արժանացրիր. մի անգամ Կարպիսի հետ, մի անգամ էլ հիմա: Ախր ես ձուկ չեմ սիրում. ձուկ չեմ կարող կուլ տալ: Ասեցի երեւի հումոս, պանիր, ես իմ էդպիսի մի բան կը լինի, եոլա կը գնամ: Մէկ էլ դու` «Սրա համը նայիր». մէկ էլ կինը` «Ասիկա շատ համով է». մէկ էլ մարդը` «Վստահ եմ ասկէ առաջ ասոր համին չէք նայած»: Աբիսողոմ աղա եղանք, մնացինք, ա՜յ մարդ: Մէկ էլ նայում եմ միւս սեղաններին, մարդիկ համով-համով խորովածները ուտում են: Ոչինչ: Սրանից էլ պրծանք: Միրգը եւ քաղցրաւենիքը ընտիր եւ համեղ էր. դուք ասում էք անուշ էր: Յամենայն դէպս, անմոռանալի գիշեր էր: Շնորհակալութիւն»: «Ա՜յ մարդ, ասէիր, քեզ համար խորոված կը պատուիրէինք. բարեկամիս էլ աւելի էժան կը լինէր. էլ ո՛չ մի ձուկ քեզ. ձուկը` մեզ, մուկը` քեզ…» ըսելով, կատակի կու տամ ես, եւ գիշեր բարի մաղթելով մեր սենեակները կ՛երթանք:
(84)
Նիւճըրզիցի Սամոն հպարտութեամբ կը պատմէ ընկերներուն. «Այսօր Արամ կաթողիկոսը Լիբանանէն թելեֆոնով հետս խօսեցաւ»: «Ի՞նչ ըսաւ», կը հարցնեն: «Ո՞վ է խօսողը: Եղբայրս` Յովիկը կրնա՞ս տալ»: Սամոն Յովիկին հետ նոյն գրասենեակը կ՛աշխատի եւ պատահածը այն է, որ Յովիկին տեղ ինք կը պատասխանէ վեհափառին հեռախօսազանգին…:
(85)
2005-ի ամառը երեք ընկեր մէկ շաբթուան արձակուրդով առաջին անգամ ըլլալով Երեւանէն Պէյրութ կու գան, եւ որպէսզի կարենան թէ՛ ծովը, եւ թէ ճաշարանները դիւրութեամբ վայելել` ինձմէ հայ շարժավար մը կը խնդրեն: Ես ալ հայ երիտասարդ մը` Արան կը յանձնարարեմ: Սակայն գործս այսքանով չ’աւարտիր: Ամէն անգամ որ իրենց հետ չեմ կրնար ըլլալ` կը հեռախօսեն ինծի, որպէսզի իրենց ըսածը հայ երիտասարդին «թարգմանեմ»: Կը բաւականանամ երկու օրինակով: Առաջին` ծով ու լողաւազան կ՛ուզեն երթալ եւ Արային կ’ըսեն. «Կարող ես մեզ պասեյին տանե՞լ»: Արան բնաւ Հայաստան չէ այցելած եւ պասեյին բառը չէ լսած: Արային կը բացատրեմ, որ պասեյինը մեր բիսինն է: Երկրորդ` տղաքը անօթի են եւ կը փափաքին ճաշարան մը երթալ: Կը թուեն իրենց լսած նշանաւոր ճաշարաններուն անունները` Մըհաննա, Հալապի, Պըրճ-ըլ-Համամ, եւ կ’ակնկալեն, որ Արան այս ճաշարաններէն մին տանի զիրենք: Արան իւրաքանչիւրին համար ալ «աղուոր է» կը պատասխանէ, մինչ իրենք «ահաւոր է» կը հասկնան եւ անճրկած ինծի կը հեռախօսեն` ըսելով. «Սրբազա՛ն ջան, սոված մեռանք. չենք իմանում որտեղ հաց պիտի ուտենք…»:
(86)
1990-ին, երբ Վանքուվըր հոգեւոր հովիւ եւ համալսարանի ուսանող եմ, ծնողքս քովս կը հաստատուին: Օր մը զիրենք սուշիի ճաշարան կը տանիմ: Հայրս ամէն ճաշ մեծ հաճոյքով կը փորձէ: Մայրս ալ, ընդհակառակը, բան չ’ուտեր եւ կը նախընտրէ տուն վերադարձէն ետք հաց-պանիրով գոհանալ: Այս ճաշարանը եզակի է: Բոլոր ճաշողները կը նստին պառի մեծ սեղանին շուրջ եւ նաւակներու մէջ դրուած պնակներով սուշիի զանազան տեսակներ առջեւէդ կ’անցնին. ուզածդ եւ ուզածիդ չափ կ’ուտես, եւ աւարտին սպասեակը կերած պնակներդ կը հաշուէ ու ըստ այնմ քեզմէ համապատասխան գումարը կը գանձէ: Ճաշատեսակի միակ բացառութիւնը այն է, որ նաեւ հաւի թեւերու պնակ մըն ալ կայ սուշիներու այս բազմազանութեան մէջ: Ծնողքիս կը բացատրեմ այս բոլոր մանրամասնութիւնները: Հայրս եւ ես մեծ ախորժակով կը սկսինք ուտել, մինչ մայրս շուրջը կը դիտէ եւ ուտողներուն ախորժակին վրայ կը հիանայ: Մէյ մըն ալ կը տեսնեմ, որ կամաց-կամաց մայրս կը սկսի հաւի թեւերու պնակները իր դիմաց դիզել: Կ’ուրախանամ, որ վերջապէս ինք ալ կը մասնակցի մեր ճաշին:
Երկու շաբաթ կ’անցնի ծնողքիս սուշիի առաջին արկածախնդրութենէն, երբ մայրս ինծի հարց կու տայ. «Ե՞րբ նորէն սուշի ուտելու պիտի երթանք»: Մինչ այդ ամբողջ կերածը միայն հաւի թեւ է…:
(87)
1988-ին Վանքուվըրէն Անթիլիաս եկած եմ Միաբանական ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար: Խաժակ վրդ. Յակոբեանն ալ հոս է` Թորոնթոյէն:
Վեհարանի սպասաւոր Յարութը եղբայր մը ունի Թորոնթօ եւ խնդրած է հայր Խաժակէն, որ հետը նամակ մը տանի եղբօրը եւ անձամբ յանձնէ զայն: Հայր սուրբը «սիրով» պատասխանած է: Սակայն Յարութ մոռցած է նամակը հայր Խաժակին տալու եւ ինծի կը մօտենայ ու կ’ըսէ. «Հա՛յր Նարեկ, լսեցի, որ հայր Խաժակը երէկ առտու Թորոնթօ ճամբորդեր է: Այս նամակս եղբօրս պիտի տար, կրնա՞ս դուն տալ»: «Սիրով, մըալլէմ Յարո՛ւթ. հազիւ Վանքուվըր հասնիմ, նամակատուն կը յանձնեմ եւ երկու օրէն եղբայրդ կը ստանայ նամակը», կը պատասխանեմ: «Ի՞նչ», կը հարցնէ` զարմացական, եւ կը շարունակէ. «Դուն իրեն թելեֆոն ըրէ, ինքը կու գայ քովէդ կ’առնէ»: «Յարո՛ւթ,- կ’ըսեմ,- դուն Քանատան Լիբանա՞ն կը կարծես կոր. Վանքուվըրէն Թորոնթօ վեց ժամ է»: «Վնաս չունի,- կը յամառի,- եղբայրս կը քշէ, կու գայ»: «Վեց ժամ է օդանաւով», կ’ըսեմ: Վերջապէս տեղի կու տայ, բայց նաեւ կը նեղուի, որ պիտի չկարենանք եղբայրն ու ես տեսնուիլ եւ գոնէ սուրճ մը խմել. կը մերժէ նամակը յանձնել: «Ես Թորոնթօ գացող մը կը գտնեմ», կը յարէ եւ կը քալէ…:
(88)
Արցախի Ազգային ժողովի շէնքին մէջ Արցախի նուիրուած համաժողովի մը կը մասնակցիմ` Մեծի
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացնելով: Կողքիս նստած է Լիբանանէն նոյն տարին պետական երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցած եւ չընտրուած հայ թեկնածու մը, որ ինծի կ’ըսէ. «Է՜հ, Լիբանանի բարլըմանին մէջ չկրցանք նստիլ, գոնէ հոս նստեցանք…»:
(89)
2002-ին եպիսկոպոսական ձեռնադրութեանս առթիւ հայրս եւ մայրս Մոնրէալէն Անթիլիաս կու գան: Արամ Ա. կաթողիկոս կ՛ընդունի մեզ եւ խօսակցութեան ընթացքին` հօրս կ՛ըսէ. «Տիրահա՛յր, աւելի տիրամայրը կը խօսի կոր քան թէ դուն. մի՞շտ այդպէս է»: Հայրս կը պատասխանէ. «Շատ խօսողը` շատ կը սխալի, վեհափա՛ռ տէր»: «Շատ ճի՛շդ ըսիր», կը հաստատէ վեհափառը:
(90)
Գարեգին Բ. կաթողիկոսն է պատմողը. «Գիտէ՞ք մենք ինչու արաբերէն չսորվեցանք դպրեվանքի մէջ: Արաբերէնի ուսուցիչ մը ունէինք, որ ֆէս կը գործածէր: Հազիւ դասարան մտած` ֆէսը կը հանէր, գրասեղանին վրայ կը դնէր եւ կը մրափէր: Մենք ալ գիրք կը կարդայինք կամ ուրիշ դաս կը սորվէինք: Օր մըն ալ յանկարծ արթնցաւ եւ ըսաւ. «Դուք օր մը ապունա (քահանայ) պիտի ըլլաք. ըսէք նայիմ ի՞նչ է ապունային յոգնակին»: «Արաբագէտ»-ին մէկը պատասխանեց. «Լէյմուն-լէյմուն-լէյմուն` լէյմունաթա. ապունա-ապունա-ապունա` ապունաթա…»:
(Շար. 9)