Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի շաբաթավերջին այցելեց Պեքաա, ուր ուղղուեցաւ Զահլէի սերայը եւ հանդիպում մը ունեցաւ Ներքին ապահովութեան ուժերու սպաներուն հետ` ներկայութեամբ Պեքաայի շրջանի պատասխանատու գնդապետ Ռապիհ Մժահեսի:
Ապա Մաուլաուի ուղղուեցաւ Պըտնայել, ուր գրաւուած էր 20 թոն ամոնիում նայթրէյթով բեռցուած փոխադրատար մը:
Մաուլաուի ստուգեց այդ փոխադրատարը, որ Պաալպեքի մէջ գրաւուած էր եւ փոխադրուած Պըտնայել:
Մաուլաուի յայտնեց, որ ինք այս առիթով ուղղուած է Պեքաա` աւելցնելով, որ այդ այցելութեան ժամանակ հետեւած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ցուցմունքներուն:
«Վարչապետ Միքաթի եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման մօտէն կը հետեւին այս հարցին», ըսաւ Մաուլաուի` աւելցնելով, որ ինք հոն կը գտնուի հսկելու համար հետաքննութեան, ինչպէս նաեւ դրուատելու ապահովութեան ուժերուն տարած աշխատանքը եւ իմաստուն քայլերը, որոնք կը միտին պաշտպանել քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը: