Մառլէն Մուռիէ.- “Ազէրպայճան չի կրնար օրէնք պարտադրել Ֆրանսայի մէջ”
Պուռ–լէ–Վալանսի քաղաքապետուհին սպառնալիքներու ենթարկուած է
Շուշիի հետ բարեկամութեան ուխտ ստորագրած Պուռ-լէ-Վալանսի քաղաքապետուհի Մառլէն Մուռիէ, Ազէրպայճանը խիստ տողերով քննադատող՝ վերոնշեալ խորագրով գրութիւն մը հրապարակած է Դիմագիրքի վրայ եւ որ շրջանառութեան մէջ դրուած է «Ֆրանսա-Արցախ» բարեկամութեան շրջանակին կողմէ։
«Չափը անցուցին։ Պուռ-լէ-Վալանս ստանալիք դաս չունի Ազէրպայճանէն՝ այս “նաւթա-բռնապետութենէն”, որ ըստ «Առանց սահմանի թղթակիցներ»-ուն՝ 168-րդ տեղը կը գրաւէ 180 երկիրներու միջեւ։ … Ազէրպայճան առաջին անգամ չէ, որ կը դիմէ անձիս սպառնալու եւ զիս վախցնելու փորձերու»,-– կը գրէ Մուռիէ, այնուհետեւ վերյիշելու համար ցայսօր ստացած սպառնալիքները եւ պատմելու համար վերջերս պատահած ու բաժակը յորդեցուցած դէպքերու հետեւեալ շարանը։
Պուռ-լէ-Վալանսի քաղաքապետուհին կը գրէ, թէ 2014-ին զինք ներառած են ազէրպայճանական «նշանաւոր սեւ ցանկ»-ին մէջ, ապա 2016-ին իր դէմ՝ քաղաքապետարան ղրկած են դատական կատարածու մը (huissier), որ իրմէ պահանջած է վերջ տալ Շուշիի հետ բարեկամական յարաբերութիւններուն, 2018-ին Ազէրպայճանի պետութիւնը դատ բացած է Վարչական դատարանին մէջ, իրմէ պահանջելով ջնջել 5 Հոկտեմբեր 2014-ին Շուշիի հետ իր կնքած բարեկամութեան ուխտը։
Մուռիէ հոս կարեւորութեամբ կ՚ընդգծէ, որ առաջին վճիռի մը դէմ բողոքած ըլլալով՝ բարեկամութեան այդ ուխտը՝ ֆրանսական օրէնքին համաձայն կը շարունակէ մնալ ի զօրու եւ ոչ ոք կրնայ կանխաւ որոշումներ կայացնել Պետական խորհուրդի վերջնական վճիռէն առաջ։
«Այսօր, դարձեալ ենթակայ եմ սպառնալիքներու, որոնց առջեւ պիտի չընկրկիմ, մա՛նաւանդ Պաքուի բռնակալին, ո՛չ ալ Թուրքիոյ մէջ անոր դաշնակիցներուն»,– կը շարունակէ քաղաքապետուհին։
Ապա կը պատմէ, թէ վերջերս՝ 25 Օգոստոսին յաղթանդամ երեք անծանօթներ,– որոնք, ըստ Մուռիէի՝ առանց որեւէ կասկածի Պաքուի գործակալներ էին,– քաղաքապետարան եկած են ու սպառնական ոճով իրմէ պահանջած, որ վար առնել տայ Պուռ-լէ-Վալանսի հետ զուգորդուած քաղաքաներու դրօշներուն կից պարզուած Արցախի դրօշը։ Մուռիէ կ՚աւելցնէ, թէ կարծէք այսքանը բաւարար չըլլար՝ ֆրանսերէն լաւ չխօսելով՝ անոնք Պուռ-լէ-Վալանսէն 800 քմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող Լաւալ քաղաքէն չորրորդի մը թարգմանական ծառայութեան դիմած են պարտադրելու համար իրենց պահանջը։ Այդ «թարգմանիչ»-ը, որ փորձած է զինք եւ քաղաքապետարանի պաշտօնէութիւնը համոզել, թէ խնդրոյ առարկայ երեք անձերը պարզ զբօսաշրջիկներ են, որոնք պարզապէս հոնկէ կ՚անցնէին, զարմանալիօրէն իր կարգին սկսած է լեզու թափելու՝ միւս երեքին պահանջը գործադրել տալու մարմաջով։
Տասնհինգ վայրկեան ետք անկոչ այցելուներուն եւ իրենց թարգմանիչ բարեկամին հանգամանքին մասին Մուռիէի կասկածները ամբողջութեամբ արդարացած են, երբ այս անգամ Ազէրպայճանի դեսպանատունէն պաշտօնեայ մը հեռաձայնած է եւ քաղաքապետարանի անձնակազմէն պահանջած, որ Արցախի դրօշը անմիջապէս վար առնուի։
Ֆրանսական հողին վրայ այս գործելաոճը անընդունելի գտնելով՝ Մուռիէ կը գրէ.-
«[Դեսպանատան պաշտօնեային փորձը] անտեղի էր։ Գիտցէք, որ Պուռ-լէ-Վալանսի մէջ՝ իմ կցորդներն ալ իրենց քաղաքապետուհիին նման են։
Ծրագրեալ այս արկածախնդրութիւնը բացարձակապէս անհեթեթ է. երբեք տեղի պէտք չէր ունենար, եւ վատթարագոյն պարագային՝ գոնէ հոդ պէտք է վերջանար…
Ազէրպայճան, Ալիեւ եւ իրենց ենթակաները պէտք է հասկնան, որ բարեկամութիւնը ո՛չ կը հռչակուի եւ ո՛չ ալ կը ջնջուի եւ թէ Պուռ-լէ-Վալանսի բնակիչները համակրանք կը տածեն Շուշիի եւ ընդհանրապէս Արցախի բնակիչներուն նկատմամբ, կը գնահատեն զանոնք։
Նոյնիսկ եթէ կազ չունենանք Պուռ-լէ-Վալանսի ընդերքին, մենք գիտենք պաշտպանել մեր համայնքային սահմանները եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան մեր համաքաղաքացիներուն կողմէ 2014-ին ու վերջերս դարձեալ ընտրուած քաղաքապետուհիի մեր առանձնաշնորհները»։
«Երբուընէ՞ ի վեր օտար պետութիւն մը,– այս պարագային՝ Ազէրպայճանի բռնապետութիւնը,– ինքն իրեն թոյլ կու տայ միջամուխ ըլլալ ֆրանսական տեղային համայնքներու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ իրեն գործիք դարձնել մեր արդարադատական համակարգը»,– գայթակղած՝ հարց կու տայ քաղաքապետուհին։
Ինչպէս Մուռիէ վերեւ ալ կ՚ըսէ՝ գոնէ այդքանով գոհանային…։ Հարցը հոն չէ փակուած։ Այնուհետեւ, քաղաքապետուհին ստացած է անանուն ելգիր մը, ապա նաեւ Ֆրանսայի մէջ Ազէրպայճանի խորհրդական՝ փաստաբան Օլիվիէ Փարտոյէն ապահովագրեալ նամակ մը։
«Այս բոլորը ոչ թէ մեր կամքը կը թուլցնեն, այլ՝ ընդհակառակն։ Այսօր, ի տես իրենց անհիմն պահանջներու ձախողութեան՝ կը փորձեն ճնշում բանեցնել Տռոմի նահանգապետարանին վրայ։
Բացէ ի բաց կ՚ըսեմ ու կը շեշտեմ.- մեր Հանրապետութեան մէջ՝ օտար պետութեան մը կողմէ ի գործ դրուող սպառնական այս միջոցները պէտք է դադրին։
Ֆրանսա՛ կը գտնուինք, ոչ թէ՝ Ազէրպայճան։
Պատահածը լաւագոյն ապացոյցն է ճնշող վարչակարգի մը գործելաոճին, որ կ՚ուզէ խեղդել ամէն հակաճառութիւն։
Հոս Ֆրանսայի, Պուռ-լէ-Վալանսի մէջ Արցախի դրօշը պարզելը զօրակցութեան արարք մըն է ժողովուրդի մը, որուն Ազէրպայճան ամէն օր բնաջնջելով կը սպառնայ, աշխարհին ցոյց տալով՝ որ իր միակ նպատակը իր կատարումին հասցնելն է 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն հեղինակները այսօր իր դաշնակիցներն են։
Ի տես այս դէպքերուն, ձեզմէ իւրաքանչիւրին կոչ կ՚ընեմ հարցադրուելու՝ մեր երկրի օրէնքի պետութեան մասին, ուր բռնապետութիւն մը կրնայ իրեն գործիք դարձնել մեր արդարադատութիւնը, միեւնոյն ժամանակ ճնշում բանեցնելով մեր՝ ընտրեալներուս վրայ։
Ո՛չ Պուռ-լէ-Վալանսը, ո՛չ ալ անոր քաղաքապետուհին՝ Մառլէն Մուռիէն Պաքուի բռնապետութեան հրահանգներուն տեղի պիտի տան»,– կը գրէ յանդուգն Ֆրանսուհին։ ■