ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Պատմութիւն վերլուծելու եւ քաղաքական ուղղութիւն ճշդելու մեծամտութեան չունին այս մտորումները:
Սպառողական քաղաքակրթութեան մէջ թաթխուած, ժամանակ չունինք մեր պատմութեամբ զբաղելու, որպէսզի մենք մեզ ճանչնանք: Փոխարէն, անցեալ կը յիշենք կլոր թուականներու, ամեակներու, ծնունդներու, մահերու, պատերազմներու, յաջողութիւններու առիթներով: Կարծէք այդ կ’ընենք, որպէսզի պահ մը մենք մեզ արժեւորենք, ընթացիկէն եւ ճահճացումէն դուրս գալու համար:
83-ամեակ, 97-ամեակ, 109-ամեակ, համ ու հոտ չունին, մինչ 50-ամեակ, 100-ամեակ, 1000-ամեակ, 1500-ամեակ, կարծէք երեւակայութեան թեւ կու տան, մենք մեր աչքին կը կարծենք մեծնալ: Օրինակ, մեր պատմութեան անկիւնադարձութեան դէպքը տեղի ունեցաւ 405 թուականին, բայց ոք կը տօնէ Գիրերու գիւտի 1615-ամեակը, 1615-ամեակ մը ոչ ցնցող է, ոչ երեւակայութեան թափ տուող: Թերեւս համազգային տարողութեամբ, օր մը, 85 տարի ետք, կը նշենք 1700-ամեակը:
Յաճախ չի գրուիր եւ չի խօսուիր Սեւրի դաշնագիրի ամեակներուն մասին: Թերթերը, ոչ բոլորը, երբեմն, ըստ ընկալեալ սովորութեան, յիշեցում կ’ընեն:
Մեր ժողովուրդը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), Սեւրի դաշնագիրէն աւելի կարեւոր իր իրաւունքները ճանչցող միջազգային վաւերաթուղթ ունի՞:
Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած Աւետիս Ահարոնեանի գրիչը պահուած է ՀՅ Դաշնակցութեան թանգարանին մէջ: Խորհուրդ կամ ֆէթիշ: Բայց անոր երբ կը նայիք, պատմութիւնը կը լսէք:
Երկու տարի առաջ Երեւանէն Վան, աննախընթաց օդանաւային թռիչքով Էրգիր գացի: Վանէն գացինք Իգդիր, Աւետիս Ահարոնեանի Թուրքիա դարձած ծննդավայրը, ուրկէ օդանաւ պիտի նստէինք շարունակելու համար մեր ճամբորդութիւնը: Քարի վրայ նստած, կը դիտէի երկինքը, դաշտերը, կարծէք կը տեսնէի այդ հայաշխարհի ծնունդ Աւետիս Ահարոնեանը:
Բանաստեղծ եւ գեղապաշտ հոգի մը, որ ներքաշուեցաւ մեր պատմութեան փոթորիկներուն մէջ, երգեց մեր ցաւը եւ ոգորումները: Հուսկ, Մարսէյ, բեմի վրայ զգետնուեցաւ սրտի տագնապի իբրեւ հետեւանք, եւ տարիներ անխօս մնալէ ետք, մեռաւ 1948-ին: Հալէպի ճեմարանի աշակերտ էի: Աւետիս Ահարոնեանի մահուան լուրը դասարան եւ բակ լռութեան մատնեց: Կարդացած էինք Ահարոնեանի «Վազրիկ»-ը, ինքնապաշտպանութեան կռիւներու մասնակից սուրհանդակ պատանի հերոսի պատմութիւնը:
Այն ատեն լսեցինք նաեւ Սեւրի դաշնագիրի, Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն եւ Վուտրօ Ուիլսընի գծած սահմաններուն մասին: Գիտակցութեան բաց դուռ, ըսէ՛ք՝ դաստիարակութիւն:
«Վազրիկ», Ահարոնեան: Հայու շեղուած եւ խեղուած ճակատագիրներ: Հայոց պատմութիւն: Եթէ փորձենք մենք մեզ դիտել անոր հայելիին մէջ, դիտել նաեւ մեր այսօրը…
Մեր պատմութիւնը գիտնալ չի բաւեր: Ինչպէ՞ս տէր ըլլալ: Երէկ: Բայց 1948-էն ետք եկող սերունդները:
Հիմա, երբ օգոստոս 10-ին Փարիզ գտնուիմ, քանի մը հոգիով, երբեմն ալ եկեղեցականի մը ընկերակցութեամբ, Փէր Լաշէզի գերեզմանատունը կ’երթամ, քանի մը ծաղիկ կը տանինք:
Այդպէս է նաեւ թուականներու խաղը: Օգոստոսի 10-ը արձակուրդի թէժ օր է, Փարիզը կ’ամայանայ: Սեւրի դաշնագիրը կը պարտուի արձակուրդի հրամայականին դիմաց եւ Ահարոնեանի շիրիմը սրտցաւ այցելու չ’ունենար:
Նոյնիսկ եթէ պետութիւններու յիշողութիւնը ընտրովի եւ շահախնդրուած է, գէթ մենք պիտի գիտնանք, որ օգոստոս 10-ին ստորագրուած է հայոց իրաւունքի ճանաչման անժամանցելի մուրհակը եւ այդ դաշնագիրը կապուած է Փէր Լաշէզ հանգչող մեծ մարդու անունին:
Արձակուրդի մեկնողները եւ հայաշխարհներէն եկող զբօսաշրջիկները եթէ ուխտի երթան մինուճար գերեզմանին, այն մարդուն, որ մեծ պետութիւններու, Թուրքիոյ եւ յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան՝ ստորագրած էր մեր իրաւունքի պարտամուրհակը…
Այդ պէտք է ընել «Վազրիկ»-ին եւ գալիք «Վազրիկ»-ներուն համար:
Երէկ Ֆրանսան տօնեց իր ազատութեան օրը: 14 յուլիս էր, quatorze juillet: Ժողովուրդը իր պատմութեան հետ եւ պատմութեան մէջ:
Նախանձեցայ:
Ինչպէ՞ս մենք պիտի ըլլանք մեր պատմութեան մէջ եւ պատմութեան հետ. սփիւռք(ներ), արտագաղթողներ եւ իրարու չհանդուրժողներու Հայաստան:
15 յուլիս 2020, Նուազի-լը-Կրան