ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ- ՏԱՐԱՔՃԵԱՆ
Անոնք Սիրեցին Իրենց Հայրենիքը
Իր բոլոր Ստորոգելիներով
Ինչպէս որ ազգի մը ու ժողովուրդի մը պատմութիւնը առաջին հերթին պէտք է հիմնուի ճշմարիտ ու հաւաստի փաստերու եւ տեղեկութիւններու վրայ:
Նոյնպէս ալ ժողովուրդի մը ազգապահպան առաքելութեան պատմութիւնը Սփիւռքի տարածքին պէտք է ներկայացուի վաւերական փաստերով ու իրողութիւններով, անկողմնակալ ու անաչառ մօտեցում ցուցաբերելով:
Ինչպէս իրողութիւնները չափազանցելը, այնպէս ալ նսեմացնելն ու անտեսելը, կամ մոռացութեան մատնելը հաւասարապէս անթոյլատրելի են ճշմարիտ պատմագրութեան համար:
Որովհետեւ պատմութեան իմացութիւնը կենսական անհրաժեշտութիւն է ազգին համար, ձեւաւորելու իր հոգեկան կերտուածքն ու ինքնագիտակցութիւնը:
Մեր ամբողջական ու չսակարկուած յարգանքին ու հիացումին արժանի են բոլոր անոնք, որոնք հայրենասիրութեան ջերմ զգացումներով տոգորուած դաստիարակեցին սերունդներ, քաջալեր հանդիսացան որպէսզի անոնք լոյս ըմպեն իրենց հայրենի հողէն:
Անոնք, որոնք գործեցին ազգին ու հայրենիքին համար: Եւ չմոռցան իրենց որդեգրուած հայրենիքին մէջ մարդկութեան կամ անոր մէկ հատուածին նուիրաբերելու իրենց կարողութիւնները: Պայքարեցան այդ հողին վրայ ապրող ժողովուրդին կեանքին ու ազատութեան սպառնացող չարիքին դէմ:
Անոնց դիմագրաւած կարծր իրականութեան յարուցած խոչընդոտներն ու դժուարութիւնները, երբեք չեն կրցած ընկճել անոնց հաւատքին զօրութիւնը, աննկուն կամքն ու զոհաբերութեան ոգին:
Անոնց արիական գործերը արժանի են պատմութեան մէջ գրուելու: Հարկաւոր է պատմութեան ստոյգ իմացութիւնը փոխանցել սերունդներուն:
“Գործն է անմահ, լաւ իմացէք,
Որ խօսւում է դարէդար…
Երնէկ նրան, որ իր գործով
Կ`ապրի անվերջ, անդադար”:
Պիտի ըսէր մեծն Յովհաննէս Թումանեանը:
Իսկ Գեղամ Սարեանը պիտի աւելցնէր`
” Դարը դարից ոյժ կ`առնի,
Եւ դարերի փոշին վրան`
Պայծառ գործը կը յառնի…”
Անոնց պայծառ անունները իրենց իւրայատուկ տեղը պիտի գտնեն հայ ժողովուրդի տարեգրութեան էջերուն մէջ:
Անոնք, սիրեցին իրենց հայրենիքը, իր բոլոր ստորոգելիներով: Ապրեցան Հայրենիքի հրավառ սէրով: Սէր մը, որ չէր կրնար սահմանուիլ լոկ հայրենի պետութեան վարչաձեւով ու դրօշով: Վարչաձեւերը կրնան փոխուիլ, սակայն ազգն ու հայրենիքը կը մնան առյաւէտ ու անսասան:
” Հոգեւոր Հայաստանն” էր իրենց սրտին մէջ:
Տէրեանի խօսքերով` Հայաստան ,որ “կը պահանջէր տոկուն հաւատ եւ գիտակցութիւն, աւելի ահաւոր զոհաբերում, քան արիւնի զոհաբերումը”…: