ՆՈՒԱՐԴ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ-ՄԱՏՈՅԵԱՆ
Այսօր աշխարհի մէջ կը ծախուի ամէն ինչ, կը ծախուի
խիղճը մարդկութեան:
Այդ ի՞նչպէս պատահեցաւ մարդիկ, այդքան շուտ մոռցաք
հայրենիքին ու ժողովուրդին նկատմամբ բռնութիւն ու չարաշահում,
հայրենադաւ ոճիրներ, արիւնալի հաշուեյարդարներ ու անմեղ
մարդկանց սպանութիւններ գործադրած յանցագործին արարքները :
Այսօր իրեն կը հետեւիք որպէս ազգի փրկիչ:
Մարդիկ աղէտալի վտանգը կը հեռացնեն, որ մոռցուի:
Ոչ թէ հակառակը:
Այսպիսով դուք կամայ-ակամայ մեղքի մեծ բաժին մը ունիք,
դառնալու մեղսակիցները այդ ոճիրներուն:
Ո՞վ պիտի վերականգնէ մեր ազգին խաթարուած բարոյական
չափանիշները:
Երբ կտոր մը արծաթով կը ծախէք ձեր խիղճն
ու ազգային արժանապատուութիւնը:
Բայց՝ մի՜ մոռնաք, որ ժամանակը պիտի սրբագործէ
լաւագոյն արժէքները..: