Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Շաքէ Մանկասարեան
Հեքիաթ
Աստուած Եդեմի պարտէզի ծաղիկներուն յենած, կեանք կը բաժնէ իր ստեղծած շնչաւոր արարածներուն ու կը կանչէ մարդը.
— Մարդ արարած,—կ’ըսէ,—քեզի պիտի տամ քսան տարուան կեանք։ Գնա՛,—կ’ըսէ,—քեզի համար ազատ, ուրախ, անհոգ, բարեկիրթ ու մարդավարի կեանք մը ապրիր։
Է՜հ, մարդը` ագահ, աչքը ծակ, սիրտը կը նեղուի ու կը խռովի Աստուծմէ, որովհետեւ քիչ կեանք տուած է իրեն: Մարդը ունքերը կիտելով, մէկ կողմ կը քաշուի ու կը նստի։
— Շուն-արարած,—կ’ըսէ Աստուած,—հիմա դուն եկուր քովս։ Դուն շատ հաւատարիմ կենդանի ես, ես քեզի պիտի տամ քառասուն տարուան կեանք։ Գնա, քու շան օրը քաշէ։
— Տէր աստուած,—կ’ըսէ շունը,—ես քառասուն տարի այս մարդուն դռան պիտի հաջե՞մ, ոսկոր պիտի կրծե՞մ։ Ինծի քսան տարին ալ շատ է ու բաւարար։ Այդ մնացած քսան տարին ալ աւելցուր նեղացած տիրոջս կեանքին վրայ, թերեւս աչքը կը կշտանայ։
Աստուած կը տեսնէ, որ շունին ըսածը տրամաբանական է, կը վերցնէ շան քսան տարին եւ կու տայ մարդուն։ Մարդը կը դառնայ քառասուն տարեկան։
Շունը տեղէն կը բարձրանայ, Աստուծոյ ձեռքը կը լիզէ եւ կ’անցնի իր գործին։ Սակայն, անկուշտ մարդը, դարձեալ վիզը ծռած կը մնայ նստած իր նոյն տեղը: Չի հեռանար։
Շունէն յետոյ Աստուած էշը կը կանչէ։
— Էշ արարած,—կ’ըսէ,—քեզի ալ քառասուն տարուան կեանք պիտի տամ։ Գնա՛,—կ’ըսէ,—էշավարի ապրիր։ Կ’ուզես մոխիրի մէջ թաւալիր, ինչպէս որ կ’ուզես….որքան կ’ու զես զռա, փառք տուր քու ստեղծողին։
Էհ, էշը՝ էշ է ։ Ի՞նչպէս պիտի հասկնայ թէ՛ Աստուած իր լաւութիւնը կ’ուզէ։
— Տէր Աստուած,—կ’ըսէ,—անշուշտ որ քու մորուքին մէկ մազը աւելի խելք ունի քան իմ այսքան մեծ գլուխը։ Բայց թէ,—կ’ըսէ,—ես ի՞նչպէս քառասուն տարի, ասոր-անոր դռան բեռը տանիմ, բեռները կրեմ, գաւազանի ծեծ ուտեմ։ Ինծի քսան տարին ալ շատ է ու բաւարար։ Այդ մնացած քսանը այդ անկուշտ մարդուն տուր թերեւս աչքը կը կշտանայ։
— Ճիշդ է, ի վերջոյ էշ է,—կը մտածէ Աստուած,—իսկական աւանակ մը, որ կը հրաժարի իրեն տրուած յաւելեալ տարիներէն։
Աստուած Էշին քսան տարին կու տայ մարդուն։ Մարդը կը դառնայ վաթսուն տարեկան։
Էշը, ուրախութիւնէն կը զռայ, Աստուծոյ փառք կու տայ, կ’երթայ, փալանը կ’առնէ մէջքին, բայց մարդը՝ անկուշտ, աղքատի նման վիզը ծռած, նստած նոյն տեղը, չի հեռանար։
Էշէն յետոյ, Աստուած կը կանչէ կապիկը։
— Եկո՛ւր, եկո՛ւր,—կ’ըսէ,—եկուր, այ կապիկ, եկուր քեզի տամ քառասուն տարի կեանք։ Գնա կապիկութիւն ըրէ։
Կապիկը վախէն այս կողմ ու այն կողմ կը ցատկէ, կը բարձրանայ ծառը, պոչը կը ոլորէ ծառի ճիւղին, գլուխն ալ կը բարձրացնէ դէպի վեր.
— Տէր Աստուած,—կ’ըսէ,—ի՞նչ է իմ մեղքս, որ ես քառասուն տարի ուրիշին համար ծաղրելի ըլլամ, մեծ ու փոքրիկ ինձմով զուարճանան։ Քսան տարին ինծի ու մեծ հայրերուս ալ շատ է ու բաւարար։ Տե՛ս, այս մարդուն սիրտը այնքան մորմոքած Է, որ նոյնիսկ չի ծիծաղիր զիս տեսնելով։ Ինծի տուած կեանքի տարիներէն հանէ քսան տարին եւ իրեն տուր, թերեւս աչքը կը կշտանայ…եւ քիչ մըն ալ կը սկսի ժպտալ։
Կապիկը խօսքը աւարտելէն ետք լեզուն դուրս կը հանէ մարդուն ուղղութեամբ, քիչ մըն ալ դունչը կը ծռմռէ, յետոյ ծառին կոտրած ճիւղը ձեռնափայտի պէս ձեռքը կ’առնէ ու կը սկսի քալել կուզիկի նման։ Քանի մը քայլ առնելէն ետք, կապիկը ետեւ նայելու նպատակով կը դառնայ ու պոչը վեր կը բարձրացնէ ու կը փախչի։
— Այ, սատկիս դուն կապիկ,—կ’ըսէ Աստուած,—ծիծաղելի դառնալով դուն զիս սպանեցիր։ Է՜հ, լաւ, թող քու ըսածդ ըլլայ։
Անմիջապէս կապիկին քսան տարին կ’աւելցնէ մարդու վաթսուն տարիին վրայ։ Մարդը կը դառնայ ութսուն տարեկան։
Մեծ հայրս այս հեքիաթը ամբողջացուց այսպէս.
—Այս բոլորը,—կ’ըսէ,—մարդուն համար մատնանշուած ու ըսուած է։ Մարդը իր իրական ու էական կեանքով քսան տարի կ’ապրի։ Քսանմէկէն մինչեւ քառասունը՝ շունի կեանքով, իբր թէ շունի պէս կեանք կ’ապրի։ Քառասունմէկէն մինչեւ վաթսուն՝ էշու կեանքով, իբր թէ իշու պէս շատ կ’աշխատի, կը չարչարուի: Իսկ, հազարէն մէկ ժամանակ կը գտնէ հանգստանալու, իսկ միւս հազարէն մէկն ալ՝ երգելու, ուրախանալու։ Վաթսունէն մինչեւ ութսունը մարդուն առողջութիւնը կամաց-կամաց կը քայքայուի ու երբեմն ալ փայտը ձեռքին կռնակը ծռած կը պտըտի։
Բայց ծերութիւնն ալ,—կ’ըսէ մեծ հայրս,—իր հաճոյքը ունի։ Խելք բաժնելու ժամանակ Աստուած մարդը բնաւ չի մոռնար, մարդը որքան մեծնայ, որքան ալեւոր դառնայ՝ ապրած տարիքն ու կեանքի փորձը իրեն աւելի իմաստուն կը դարձնեն։ Ասոր համար, մեծին հանդէպ յարգանքն ու պատիւը մեր ժողովուրդին մէջ իւրայատուկ տեղ ունի։
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Շաքէ Մանկասարեան: Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան:
Կը հրատարակենք թարգմանողին ազնիւ արտօնութեամբ: Email: [email protected]
Աղբիւր՝ «Արեւ» – Սուրէն Քոչարեանի մշակմամբ հայկական ժողովրդական հեքիաթներու ժողովածու։