Մարմնամարզութեան Հայաստանի հաւաքականի երկու ներկայացուցիչներ մետալներ նուաճեցին Վորոնինի մարմնամարզի մրցումներուն։
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Արթուր Դաւթեան առաջին տեղը գրաւեց նժոյգաթափերու մրցումին, արծաթէ մետալ ստացաւ օղակներու վարժութեան մէջ եւ պրոնզէ մետալի արժանացաւ ազատ վարժութեան մէջ:
Հայաստանի միւս ներկայացուցիչը՝ Գագիկ Խաչատրեան, նժոյգաթափերու երիտասարդներու մրցումին նուաճեց ոսկի մետալ: