Սօսի Հաճեան
Սիկարէթ մը վառեց եւ սկսաւ ումպ -ումպ սուրճը խմել. միաժամանակ անյագուրդ կերպով ըմբոշխնել տասներորդ յարկի պատշգամէն երեւցող՝ հանրային պարտէզին աննման գեղեցկութիւնը, իր սլացիկ ծառերով, երփներանգ ծաղիկներով ,կաս-կանաչ մարգագետինով եւ փոքրիկ լիճով,որուն վրայ ճերմակ բադերը մեղմօրէն կը սահէին. իսկ ճիւղէ ճիւղ ոստոստող, կամ օդին մէջ թռչկտող ճնճղուկները գարնան գալուստը կ’աւետէինիրենց ճռուողիւններով.կենդանի բնանկար:
Տնեցիները գացած էին եւ մինակ էր հիմա: Յարմար էր պահը հանդարտօրէն մտածելու եւ վճռական որոշում մը առնելու համար:
Խաղաղ եւ պայծառ առաւօտ մըն էր:Արեւը անհասանելի բարձունքէն շռայլօրէն կը բաշխէր իր լոյսն ու ջերմութիւնը ոսկեգոյն եւ վառ ճառագայթներով .օդը լիացած էր բնութեան թարմ եւ անոյշ բուրմունքով՝որ երանութեան պատրանքով կը համակէր մարդու հոգին: Բայց արեւուն շողերը չէին հասներ իր հոգւոյն, որ մթագնած էր եւ տխուր:
Նախորդ գիշեր կրկին լսած էր իր աղջկան եւ ամուսնին վիճաբանութիւնները յարակից սենեակէն: Աւելի ուշ զաւակներն ալ միացած էին իրենց : Թէեւ ինք չէր հասկնար, թէ ինչ կ’ըսէին, բայց գիտէր թէ իր ներկայութիւնն էր այդ վէճերուն դրդապատճառը:
Քանի մը ամիս առաջ աղջիկը զինք իրենց մօտ հրաւիրած էր, որովհետեւ երկար տարիներէ ի վեր զիրար չէին տեսներ եւ կարօտը կ’այրէր իր սիրտը:
Ինք բաւական տատամսելէյետոյ, ընդառաջած էր այդ հրաւէրին եւ եկած:Բայց մոռցած էր այն առածը, որ կ’ըսէ, թէ
Հիւրը եւ ձուկը երեք օրէն կը հոտին:
Արդէն չորրորդ ամիսն էր, որ ինք կայք հաստատած էր աղջկան տան մէջ եւ տակաւին վերադառանալու որեւէ նշան ցոյց չէր տար:
Աղջիկն ալ իր կարգին չէր յանդգներ մօրը ըսելու , որ իր այցելութիւնը օրինաւոր սահմանները գլած՝ անցած էր:
Սակայն այս կրկնուող վիճաբանութիւնները սկսած էին զինք անհանգստացնել. ընտանիքին մէջ լարուած մթնոլորտ կը տիրէր. այլեւս ինք անբաղձալի դարձած էր տան մէջ:
Մանչերը վերստին կ’ուզէին պառկիլ իրենց ննջասենեակը, որ իրեն յատկացուած էր:
Ինք ալ շփոթած վիճակ մը ունէր. ի՞նչ ընել. մնա՞լ թէ երթալ:
Եթէ վերադառնար, չար լեզուները անմիջապէս գործի պիտի լծուէին:
«Աղջիկը մայրը իր տունէն քշեց» պիտի ըսէին:
Անկախ այս անտեղի բամբասանքէն, վերադառնալու շատ փափաք չունէր. հոն ոչ ոք կար իրեն սպասող:
Օր մը որոշեց իր հետ բերած արեւելեան համեմներով եւ ուտելիքներով, հայկական կերակուրներ պատրաստել.բայց որքա՜ն յուսախաբ եղաւ, երբ տեսաւ, որ բացի աղջիկէն, միւսները քաղաքավարութեան համար միայն համտեսեցին իր պատրաստած ճաշերը: Իրենք ծանօթ չէին այդ կերակուրներուն, որոնք մի քանի օր սառնարանին մէջ քաշքռտուելէ յետոյ աղբաման ուղղուեցան:
Խանդավառութիւնը երկուստեք շատ կարճ տեւած էր: Հազիւ մէկ կամ երկու շաբաթ:
Առաջին խոչընդոտը եղած էր լեզուն: Միայն աղջկան հետ կրնար հաղորդակցիլ. փեսան տեղացի էր եւ թոռնիկներն ալ հազիւ քանի մը բառ հայերէն կը խօսէին: Աղջկան ձեւով մը յանդիմանած էր, որ զաւակներուն հայերէն չէր սորվեցուցած, հայկական դպրոց չէր ղրկած եւ ընդհանրապէս հայ գաղութէն միշտ հեռու մնացած էր:
Աղջիկն ալ հազարումէկ պատճառաբանութիւններով ինքզինք փորձած էր արդարացնել եւ խնդրած էր իրմէ այդ մասին ակնարկութիւն չընել այլեւս: Յայտնի էր, որ երկար տարիներու բաժանումը շատ բան փոխած էր մայր- զաւակ յարաբերութեան մէջ. պաղութիւն յառաջացած էր:
Յաջորդ շաբաթ խօսակցութեան բառապաշարը կէսի իջեցուցած էր, կը խօսէր ահրաժեշտ պարագաներու միայն: Այսուհանդերձ կը յամառէր դեռ հոն մնալ .ինք իսկ կը զարմանար իր պնդերեսութեան վրայ:
Ժամը հասած էր որոշելու:
Այս երկիրը մնալու պարագային աղջկան տունէն անմիջապէս պէտք է հեռանար. բայց ու՞ր:
Օտար երկիր, օտար ընկերութիւն:
Հայոց փոքրիկ մատուռին մէջ, ծանօթացած էր իրեն տարեկից հայ կնոջ մը, որուն կ’այցելէր երբեմն. քաղաքին կեդրոնը փոքրիկ յարկաբաժնի մը մէջ կը բնակէր:
Ինք ալ եթէյարմար բնակարան մը գտնէր, անմիջապէս պիտի վարձէր:
Մէկ ամիս յետոյ բարեկամուհին, հեռաձայնեց ըսելու համար, թէ իրենց շէնքին մէջ վարձու յարկաբաժին մը կար:
Նոյն օրն իսկ, աղջկան հաղորդեց, որ պիտի փոխադրուէր: Աղջիկը թէեւ շատ զուսպ գտնուեցաւ,ցոյց չտուաւ իր խանդավառութիւնը, սակայն ներքուստ շատ ուրախ էր . վերջապէս ամէն բան պիտի վերադառնար իր նախկին վիճակին:
Հիմա առաջին քայլը առած էր. կը մնար երկրորդ մարտահրաւէրը՝լեզուն:
Որպէսզի կարենար անկախանալ , հարկ էր որ լեզուն սորվէր:
Իր տան մօտ կը գտնուէր նորաբաց պետական դպրոց մը, տեղական լեզուն սորվեցնելու համար օտար ապաստանեալներու, որոնց թիւը հետզհետէ կ’աճէր,մերձակայ երկիրներու քաղաքական տակնուէվրայութեանց պատճաժոէ::
Թէեւ իրեն համար շատ խորթ էր անծանօթ միջավայրի մը մէջ մտնել այս տարիքին, մանաւանդ արեւելքցիի իր մտայնութեան անյարիր էր այս որոշումը. սակայն միակ ելքն էր, կարենալ ընկերութեան հետ շփման մէջ մտնելու համար, որպէսզի ուրիշներէ կախում չունենար: Ի վերջոյ ի՛նք էր, որ պէտք է յարմարեր իր նոր շրջապատին:
Ամիսներ անցած էին:
Իր տարեդարձին օրը, ուզեց հաշտութեան դաշինք կնքել աղջկան եւ ընտանիքին հետ: Հրաւիրեց զիրենք ճաշի:
Անոնք ափ ի բերան մնացին, երբ տեսան որ, ան տեղական լեզուով բարի գալուստ մաղթեց իրենց եւ սեղանին վրայ դրաւ թոռնիկներուն սիրած ախորժաբեր «միլանեսա»ն եւ յետոյ վանիլի« ֆլան»ը, քովը անբաժանելի «տուլսէ տէ լէչէ»ն:
Ի վերջոյ յաջողած էր անվթար եւ յաղթական դուրս գալ այս հոգեկան ճակատամարտէն : Իսկ ամենակարեւորը կրցած էր իր հարազատներուն հետ սիրոյ կապը վերահաստատել եւ ամրապնդել:
Յաջորդ մարտահրաւէրը պիտի ըլլար հայապահպանման պայքարը: