ԵՐԵՒԱՆ.- ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնէն հեռացուելէն ետք Եուրի Խաչատուրով անմիջապէս վերադարձաւ Հայաստան:
Խաչատուրովի փաստաբան Միհրան Պօղոսեան «Փանորամա»յին տեղեկացուց, որ Խաչատուրով այժմ Երեւան կը գտնուի։
Խաչատուրով այս ընթացքին ոչ մէկ հարցաքննութեան կանչուած է: «Եուրի Խաչատուրովը չի խուսափիր արդարադատութենէն», նշեց փաստաբանը:
Յիշեցնենք, որ Եուրի Խաչատուրով 2 Նոյեմբերին հեռացուեցաւ ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնէն: Նման միջնորդութիւն ներկայացուցած էր հայկական կողմը, երբ Մարտ 1ի գործով Խաչատուրովին դէմ մեղադրանք առաջադրուած էր:
Ըստ Յատուկ քննչական ծառայութեան՝ 1-2 Մարտ 2008ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ 26 Յուլիս 2018ին, ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին դէմ մեղադրանք առաջադրուեցաւ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 300.1ին յօդուածի 1ին մասով, որովհետեւ ան այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ տապալած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը: Խաչատուրովի նկատմամբ դատարանը կիրառած էր այլընտրանքային խափանման միջոց եւ զայն ազատած էր 5 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց: