Շաբաթ երեկոյեան, Աւստրիոյ, Իննսպրուք քաղաքի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ շիջեցաւ հռչակաւոր դերասան Մաքսիմիլիան Շէլի աստղը: 83-ամեայ դերասանը անակնկալ անհանգստութեան մը պատճառով փոխադրուած էր հիւանդանոց: Աւելի քան ութսուն ժապաւէններու մէջ նկարահանուած Շէլի սիրահարները զինք անպայման պիտի յիշեն 1961-ին նկարահանուած «Ճաճմընթ Ին Նիւրընպերկ» պատմական ժապաւէնին մէջ ունեցած փայլուն խաղարկութեամբ,որուն համար օրին արժանացաւ լաւագոյն դերասանի Օսքար մրցանակին: Նշենք, թէ Մաքսիմիլիանի քոյրը՝ Մարիա Շէլ, նոյնպէս եղած է Հոլիվուտի կարկառուն աստղերէն: