Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց. «Կը կարծեմ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը կը յարգէ Ֆրանսան եւ զայն կը զատորոշէ արեւմտեան միւս երկիրներէն, ինչպէս նաեւ նկատի կ՛ունենայ, որ մենք երկար ատենէ ի վեր իրեն հետ երկխօսութիւն կը կատարենք, եւ երկխօսութիւնը միշտ անկեղծ ու պահանջուած է»:
«Աշխարհը համաշխարհային փոփոխութեան ժամանակաշրջանի մէջ է, եւ այլեւս երկբեւեռ աշխարհ մը չէ, այլ բազմաբեւեռ աշխարհ մը», նշեց ան:
«Կը տեսնենք, որ Չինաստանը եւս պատրաստ չէ Ռուսիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու, իսկ Ծոցի երկիրները չէզոք կեցուածք որդեգրեցին Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ կասկած ունենալնուն համար, եւ ափրիկեան շարք մը երկիրներ ոչ յանձնառութիւնը ընտրեցին», ըսաւ Մաքրոն:
Ֆրանսայի նախագահը նախապէս յայտարարած էր. «Կ՛ուզեմ, որ Ֆրանսան բոլոր մակարդակներու վրայ ուժեղ ըլլայ եւ բոլոր մարտահրաւէրները դիմակայէ»:
«Կ՛ուզեմ, որ Ֆրանսան ուժեղ Եւրոպայի մէջ ըլլայ եւ մարդկութեան հաւատարիմ ըլլայ», աւելցուցած էր Մաքրոն: