ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուել Մաքրոն 4 Փետրուարին, առցանց ժողով ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։
Ըստ ֆրանսական կողմին՝ հանդիպումը կը վերաբերէր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան եւ մարդասիրական համագործակցութեան զարգացման: Ժողովը նախորդ տարուան Դեկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած չորս առաջնորդներու հանդիպումներու շարունակութիւնն է: