Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ երեկոյեան ժամանեց Պէյրութ:
Թուիթըրեան գրառումի մը մէջ Մաքրոն նշեց, որ լիբանանցիները ֆրանսացիներուն եղբայրներն են: «Վերադարձայ Պէյրութ, ինչպէս խոստացած էի ձեզի: Պիտի քննարկեմ արձանագրուած զարգացումները, յատկապէս` օժանդակութիւններուն վերաբերող, ինչպէս նաեւ միասնաբար գործելու` վերակառուցման եւ վերաշինութեան յարմար պայմանները ստեղծելու, նաեւ` կայունութիւնը վերահաստատելու համար», նշեց Մաքրոն:
Մաքրոն ողջունեց քաղաքական այս կամ այն ուժին չպատկանող անձնաւորութեան մը վարչապետ նշանակումը:
«Պէտք է ստուգեմ, եթէ իրապէս պիտի կազմուի կառավարութիւն մը, որուն առաքելութիւնը Լիբանանը փրկելն է, փտածութեան դէմ պայքարիլը, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման նպատակով բարեկարգումներու նախաձեռնելը», ըսաւ ան:
Մաքրոն այցելեց աշխարհահռչակ երգչուհի Ֆէյրուզի: