Դոկտ.Հրայր Ճէպէճեան
Երեքշաբթի երեսուն հոկտեմբերի՝Երեւանէն կը վերադառնամ Պէյրութ։ Արդէն բաւական «ծանրաբեռնուած» եմ հայրենիքի ջերմութեամբ եւ անոր հարազատութեամբ: Միտքս ու հոգիս կը տարուբերի օդին ու տիեզերքին տարածութեան մէջ, հասնելու Երեւան, անոր տուն տուող ինքնութեան եւ հարազատութեան բոլոր անդրադարձներուն։ Բայց այդ բոլոր ապրումները երեւի տեղ մը պիտի խանգարուէր՞։ Եւ քանի օդանաւը մեծամասնութեամբ հայերէ կը բաղկանար՝ուրեմն խանգարողը հայերն էին եւ հայերէնը…։
«Զաւակներս ինծի ըսին թէ կ՚ուզեն Պէյրութէն Երեւան հաստատուիլ։ Եթէ դուն կ՚ուզես մեզի հետ գալ՝շատ լաւ։ Եթէ ոչ՝մենք որոշած ենք հաստատուիլ»։
Միջին տարիքով հայորդի մըն էր՝որ իմ նստած աթոռին ճիշդ ետեւը,կը խօսէր իր քով նստող հայ բարեկամին հետ։ Չուզեցի խօսակցութեանը մէջ այսպէս ըսած բաժին ունենալ, բայց զգուշաւոր կերպով ետեւ դարձայ տեսնելու համար խօսող հայուն դիմագիծը եւ առանց ուշադրութիւնը ինծի հրաւիրելու։ Միջին տարիքի հայ մըն էր որ շարունակեց։«Ես ձեզմէ առաջ արդէն որոշած եմ Հայաստան հաստատուիլ» ըսած է ան իր զաւակներուն՝եւ նոյնը ան կրկնեց իր կողքի բարեկամին։Բայց ան նաեւ ըրաւ իր վերլուծում-համոզմունքը՝ձեւով մը հաստատելու համար իր եւ զաւակներուն առած որոշումը։« Բայց այդ մինչեւ երբ՞ է որ պիտի ապրինք Լիբանանի անորոշութեանը եւ աղբերուն մէջ»եզրաբակեց ան։
Եթէ մէկ կողմէ «տխուր» էի հայ մարդուն ակնարկումէն՝բայց միւս կողմէ «ուրախ»։ Տխուր՝որովհետեւ այդ «անորոշ»ը եւ «աղբեր»ը՝իմ-մեր սիրեցեալ Լիբանանի համար կ՚ակնարկէր…։ Վերջապէս՝ծննդավայր իմ-մեր երկիրն է որուն մէջ հասակ առինք եւ մեծցանք ու տակաւին զարգացանք։ Բայց միւս կողմէ ուրախ էի՝քանի ան որոշած էր տեղափոխուիլ…հայրենիք։ Եւ նկատի ունենալով որ ես ալ Հայաստանէն կը վերադառնայի եւ լիցքաւորուած հայրենի հողին ու ջուրին տուն տուող ինքնութեանը եւ հպարտութեանը գիտակցութենէն՝համոզուեցայ։
Երեւան այցելութիւնս այս անգամ աբողջական էր։ Եւ ամբողջականը պիտի ընդգրկէր մէկ կողմէ իմ գիրքին շնորհահանդէսը՝կազմակերպութեամբը Սփիւռքի նախարարութեանը՝բայց նաեւ հարցազրոյցներ, հանդիպումներ եւ տեսակցութիւններ։ Ու տակաւին Երեւանի փողոցները,գիշերները մինչեւ ուշ ժամերը «ման գալեր»ը եւ առանց մտահոգութեան՝ գեղարուեստական ելոյթները,Արարատը ու տակաւին։ Եւ այս բոլորին մէջէն «թավշեայ յեղափոխութեան» տեսլականները՝ուր պիտի սկսինք կառուցել «սիրոյ,համերաշխութեան եւ ժողովրդավար» հայրենիքը։ Հայաստանն է՝տունը՝եւ իմ-քու եւ իւրաքանչիւր հայուն «տուն» շնորհող եւ այդ գիտակցութիւնը արթնցնող հայրենիքը։ Եւ այս անգամ ինչքան՞ աւելիով կրցայ գիտակցիլ թէ ինչպէս Հայաստանը «տուն»ն է եղեր հայուն՝եւ բոլոր հայերուն։
« Սկսած եմ հայերէն սորվիլ» ըսաւ Մայա Խուրին՝Լիբանանի հանրապետութեանը դեսպանը Հայաստանի մէջ։ «Մէկ-մէկ կը հասկնամ,բայց տակաւին կը դժուառանամ խօսելու» պզտիկ ժպիտ մը իր դէմքին շարունակեց դեսպանը։ Մայան ուզեց խօսիլ հայուն մշակոյթին մասին՝ու տակաւին Արեւմտահայերէնի եւ Արեւլահայերէնի տարբերութիւններու վրայով։ Բայց ան նաեւ քաջալերուած է որ լիբանանցի ոչ հայեր զբօսաշրջիկութեան համար սկսած են Հայաստան գալ։ « Ունինք նաեւ մի քանի Լիբանանցի ընտանիքներ ալ որոնք հոս հաստատուած են։ Եւ կը մտածենք իրենց զաւակներուն համար ալ Արաբերէն դասընթացքներ կազմակերպել» ըսաւ Մայան։
Եթէ Մայան սիրած է Հայաստանը եւ թէ ինչքան «գեղեցիկ երկիր մըն է»՝բայց մեր բաժանումին ան չմոռցաւ ինծի հաստատելու։« Դեսպանատունը քու տունդ է՝երբ որ Երեւան ես,դարձեալ հրամմէ»։
Այո՝ տուն է։ Նաեւ իմ տունը։ Եւ այս ալ սփիւռքահայուն հարստութիւնն՞ է։ Մէկ տունի գիտակցութիւնը Հայաստանի մէջ՝եւ միւս «տունը»՝սփիւռքեան իր պատկանած երկրին՞։ Եւ իմ պարագային՝Լիբանան։
Կիրակի քսան եւ ութը հոկտեմբերի՝Հանքավան։ Կոտայքի շրջանի մէջ գեղեցիկ շրջան մը որ լեռներով շրջապատուած եւ որուն մէջէն նաեւ կ՚անցնի Մարմարիկ գէտը։ Լեռներուն վրայ կային թեթեւ ձիւն։ Արդէն սկսած է ձիւնը իր նշանները ցոյց տալու։ Եւ այդ թեթեւ ու ճերմակ ձիւնին մէջէն կրնայիր աւելիով տեսնել բնութիւնը եւ գեղեցկութիւնը։ Իսկապէս «Բարի» է։ Այն «Բարին» որ Ստեղծագործը՝Աստուած անուանեց իր իսկ ստեղծածը՝նեռարեալ Հանքավանը։ Եւ Հայաստանի բնութիւնը նոյնինքն այս ստեղծագործութեանը «Բարի» պիտակը կ՚արտացոլայ։ Եզնիկ Սրբազանը խնդրեց ինձմէ որ խօսիմ խումբ մը սփիւռքահայ տիկիններու՝որոնք Քրիստոնէական համագումար մը կ՚ունենային Հանքավանի մէկ համագումարի կեդրոնի մը մէջ։ Իսկ սփիւռքահայ տիկինները՞։ Սուրիայէն եւ Իրաքէն։ Եւ անպայմանօրէն մեծ էր անոնց ուրախութիւնը տեսնելու համար այլ սփիւռքահայ մը։ Միւս «տուն»ի կարօտն՞ է։ Բայց անոնց ուրախութիւնը մեծ եղաւ երբ իմացան թէ Լիբանանահայ եմ եւ ծնողքս բնիկ Հալէպցի…։ Անոնք կը սերտէին Աստուածաշունչի շնորհած նոր կեանքի գիտակցութիւնը։ Եւ այդ գիտակցութեանը տուն տուող «Յոյսը»։
Տիկիններուն դէմքին վրայ կար ժպիտը։ Ուրախ էին։ Բայց այդ ժպիտին ու ուրախութեանը ետեւը կը տեսնէիր յոգնութիւնը՞։ կարօտին ու անորոշութեանը յոգնութիւնը՞։ Վերջապէս եկած էին պատերազմական երկիրներու իրավիճակներէն։ Թողած էին իրենց «տունը» եւ ուեցուածքը եւ եկած էին իրենց միւս «տուն»ը՝հայրենիք՝նոր կեանք սկսելու համար։ Եւ սկսայ տեսնել թէ այս գործընթացքը այդքան ալ դիւրին չէ եղեր…։ Մէկ տունէն դէպի միւսը՞…։Պիտի յառմարուիլ՝պատշաճիլ ու համակերպիլ…։ Եւ այս ժամանակ պիտի խլէ։ Եւ անոնք եկած էին Հանքավան սերտելու համար «Յոյսը»՝որ պիտի օգնէր իրենց ընելու այդ բոլորը։
Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար՝Պրն.Մխիթար Հայրապետեան՝եւ ինչպէս որ ան կը նկատուի ամէնէն երիտասարդ նախարարը՝իր երիտասարդական խանդով եւ ուժով՝նոր կարողականութիւններ կը դրսեւորէ հայրենի պետականութեան եւ անոր կազմաւորումին համար։ Երբ կը հանդիպէի իր հետ՝եւ կը խօսէինք հայրենիքին որ պէտք ունի նորոգուելու եւ նորոգելու՝ան դրաւ նաեւ իր հաստատ համոզմունքը։« Մեզի պէտք է բուժում»։
Ճիշդ է Պրն.նախարարը։ Մեզի՝իւրաքանչիւրիս՝պէտք է բուժում։ Բուժում ինծի՝քեզի՝հայուն եւ հայուն հայրենիքին ու պետականութեանը։ Բուժումը անպայմանօրէն կը՚սկսի անձէն՝անհատէն՝ եւ կ՚անցնի ամբողջականին։ Եւ այս ալ մեր Քրիստոնէական Աստուածաբանութեան հիմքն է։ Քրիստոսի շնորհած նոր կեանքի գիտակցութիւնը հիմնուած է «բուժուելու» եւ «բուժելու» գործընթացքին վրայ։ «Բուժել» հին մարդը եւ նորոգել զայն։ Բայց Քրիստոսի այս նոյն բուժումի գործընթացքը ունէր իր հոլովոյթները։ Ան՝Քրիստոս՝նորոգեց՝բուժեց իր աշակերտները՝որոնք բուժեցին աշխարհը։ Այնպէս որ մեր՝հայուն բուժումն ալ պէտք է ունենայ նոյն հոլովոյթը։ Ես, դուն եւ բոլորս…։ Բուժուինք եւ բուժենք։
Երեւանի հիւսիսային պողոտայի վրայ կարելի չէ որ ծանօթի մը չի հանդիպիս։ Եւ այս ալ նոյն պողոտային իւրայատկութիւններէն եւ երեւի հմայքներէն մէկն է։ Եւ երեկոներէն մէկն էր՝ուր նոյն պողոտային վրայ հանդիպեցայ Մայէսթրօ Ռոպէր Ամիրխանեանին։ Բժշկական խնամքի ենդարկուելէն ետք՝կը փորձէր քիչ մը հանգստանալ։ Եւ հանգստանալու համար որոշած էր ինք ալ հիւսիսային պողոտայի վրայ «ման գալ»։ Եւ չ՚ուշացաւ իմ երախտագիտական խօսքը ընելու մայէսթրօյին։ « Շնորհակալ եմ որ պատանեկան մեր տարիներուն երբ ելոյթներու համար Պէյրութ կուգայիք՝ձեր երաժշտութիւնը մեր կեանքերուն համար մէկ կողմէ արուեստի ընկալում էր բայն նաեւ ազգային ինքնութեանը գիտակցութիւնը։ Եւ այս միշտ կը յիշեմ» ըսի իրեն։
Մայեսթրօյին դէմքին վրայ գծուեցաւ պզտիկ ժպիտ մը։ Եւ այս ժպիտին ետին կրցայ տեսնել եթէ մէկ կողմէ ուրախ տրամադրութիւն՝բայց նաեւ սրամիտ-կատակ դիպուկի մը արտայայտութիւնը որ չուշացաւ։« Զիս յիշելը դիւրին է՝զիս մոռնալը դժուառ է…» ըսաւ ան։
Շատ ճիշդ էր մայէսթրօն իր իսկ սրամիտ ու կատակ արտայայտութեանը մէջ։ Ոչ թէ միայն զինք մոռնալը դժուառ է՝այլ բոլոր Հայաստանը։ Եւ Քնարիկ Պետրոսեանը՝Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական բաժնի վարիչը՝ իրաւացի է երբ ըսաւ,« Հայաստան աշխարհը ունի իր ուրոյն երագները եւ հայաբոյր շունչը։ Մեր դրախտային հայրենիքը իր զաւակներուն համար իւրօրինակ հանգրուան է»։ Եւ ան կարելի չէ որ մոռնաս։
Եւ հայուն պատմութեան այս բոլոր «իւրօրինակ» հանգրուանները իրար հետ շաղկապուելով է որ կերտուեցաւ մեր հայրենիքը եւ հասանք մինչեւ այսօրը։ Եւ իւրաքանչիւր հանգրուանը ունեցաւ իրեն յատուկ իր «իւրօրինակութիւնները»՝եւ իր տարբեր վերիվայրումներով եւ ելեւէջներով։ Բայց այս բոլորը մեր՝հայուն պատմութիւնն է։ Իմը՝եւ մեր բոլորինը եւ առանց խտրութեան։ Եւ այս սկսելով սկզբնական շրջաններէն եւ հասնելով մինչեւ առաջին հանրապետութիւն։ Եւ տակաւին երկրորդ եւ երրորդ հանրապետութիւն եւ մինչեւ այսօր…։Կարելի չէ պատմութիւնը եւ իր իւրաքանչիւր հանգրուանը մկրատել եւ տարանջատել իրարմէ։ Եւ ինչպէս մեծ վիպասան Ռաֆֆին կը՚սէ« ազգային պատմութիւնը,ազգին անցեալն ու ամբողջ ազգի սեփականութիւնն է»։ Պատմութիւնը իր ամբողջութեանը մէջ է որ կը կերտուի եւ կ՚իրագործուի եւ հասնելու համար մինչեւ այսօրը։ Բայց այսօրը՝կրնայ նորոգուիլ եւ նորոգել եւ վերանորոգել։ Եւ անպայմանօրէն բուժել։ Այն որ սխալ է ու տակաւին։ Եւ բուժելը՝ նորը հիմնելու գիտակցութեամբը եւ տեսադաշտովը։ Եւ այս նորը՝նորոգուած եւ բուժուած ՝նոյն մեր ազգային պատմութեան մէկ յաջորդող ու յաջորդական հանգրուանն է որ այսօր կը կերտենք նորին պատկերին մէջ։ Եւ որ նաեւ անհրաժեշտ է որ ան շարունակէ նորոգել եւ բուժել։ Եւ այս մեր պատմութեան տարբեր հանգրուանները ներառելով եւ նորը կերտելու գրաւականովը։
Բայց պէտք չէ մտահան ընել թէ բուժումը կը՚սկսի ինձմէ։ Բայց նաեւ քեզմէ եւ իւրաքանչիւր հայէն։ Որովհետեւ նոր, (վերա)նորոգուած եւ բուժուած հայն է որ պիտի կրնայ կերտել նոր, (վերա)նորոգուած եւ բուժուած հայրենիքը։ Եւ այս է տրաբանական հոլովոյթը նորոգուելու եւ նորոգելու։ Բուժուելու եւ բուժելու։ Եւ որպէսզի պահենք այն հայրենիքը որ մերն է եւ որ կարելի չէ մոռնալ…։
«Մեզի բուժում պէտք է»։
Եւ որպէսզի ապահովենք հայուն պատմութիւնը՝ տանելու համար զայն դէպի լուսաւոր ապագան…։