ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ հայկական կողմին փոխանցուած խաղաղութեան պայմանագիրի 5 սկզբունքներուն եւ անոնց վերաբերեալ հայկական կողմի դիրքորոշման:
Ան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ բանակցութիւնները պէտք է ընթանան առանց նախապայմաններու: Նախարարը յիշեցուց, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դիմեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան` կազմակերպելու խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ բանակցութիւններ:
Ատրպէյճանի կողմէ հրապարակուած 5 կէտերուն իսկութեան մասին հարցումին իբրեւ պատասխան՝ Միրզոյեան հաստատեց, որ անոնք փոխանցուեցան Հայաստանին՝ մատնանշելով, սակայն, որ 21 Փետրուար թուակիր նամակը հայկական կողմին փոխանցուեցաւ 10 Մարտին։
Հայկական կողմին դիրքորոշման անդրադառնալով՝ նախարարը ըսաւ. «Նախ կարեւոր է ընդգծել, որ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ իւրաքանչիւր բանակցութիւն պիտի ընթանայ առանց նախապայմանների: Ինչ վերաբերում է բուն առաջարկներին, ապա երկու երկրներն, ըստ էութեան, դեռեւս 1991 թուականի Դեկտեմբերի 8ին համատեղ ստորագրելով «Անկախ պետութիւնների համագործակցութեան ստեղծման մասին» համաձայնագիրը, արդէն իսկ ճանաչել են միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ընդունել են, որ չունեն միմեանց նկատմամբ տարածքային պահանջներ: Հարկ է նկատել նաեւ, որ առաջարկում նշուած կէտերն ամբողջութեամբ չեն արտացոլում առկայ խնդիրների ողջ օրակարգը: Հայկական կողմի համար սկզբունքային եւ հիմնարար է, որ յստակ երաշխաւորուեն արցախահայութեան իրաւունքները եւ ազատութիւնները, վերջնականապէս յստակեցուի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը: Մեզ համար ԼՂ հիմնախնդիրը տարածքային հարց չէ, այլ իրաւունքների:
Ինչպէս արդէն տեղեկացրել ենք, հայկական կողմը պատասխանել է ադրբեջանական առաջարկին` համահունչ նշուած դիրքորոշմանը»:
«Արմէնփրէս»ի թղթակիցը դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած առաջարկներուն մէջ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ երթեւեկի հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման՝ հարցնելով, որ ի՞նչպէս կ՛ընթանան այս գործընթացները: «Մենք համարում ենք, որ 2020 թուականի Նոյեմբերի 9ի, 2021 թուականի Յունուարի 11ի եւ 2021 թուականի Նոյեմբերի 26ի եռակողմ յայտարարութիւններով ամրագրուած պայմանաւորուածութիւնները պէտք է լիարժէք կեանքի կոչուեն, եւ մենք շարունակում ենք հետեւողական լինել այս ուղղութեամբ: Ինչպէս գիտէք, մենք նոյնիսկ հանդէս ենք եկել այդ պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու համալիր առաջարկներով, ինչպէս օրինակ զօրքերի հայելային յետքաշմամբ եւ միջազգային դիտարկման մեխանիզմի (գործիքակազմի) ներդրմամբ սահմանազատման գործընթացի մեկնարկի առաջարկը, որոնք սակայն ադրբեջանական կողմը մերժել է», ըսաւ Միրզոյեան։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի ուշ պատասխանեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հարցազրոյցին։
«Կարիք չկայ կրկնելու մեր այն դիրքորոշումը, զոր բազմիցս շարադրած ենք: Նկատի ունենալով երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ հակամարտութենէն ետք տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան կառուցման կարեւորութիւնը` Ատրպէյճան ներկայացուց համապատասխան առաջարկներ եւ պատրաստ է յառաջ ընթանալու այդ ուղղութեամբ: Եթէ Հայաստան նոյնպէս լուրջ մօտեցում ունի այդ հարցին, պէտք է իր յստակ առաջարկները ներկայացնէ եւ այդպիսով դրսեւորէ իր պատրաստակամութիւնը՝ սկսելու առարկայական եւ արդիւնքներու միտուած բանակցութիւններու», կ՛ըսուի Ատրպէճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանին մէջ։