Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ-BAIKAR 111
Իրաւաբան դոկտ. Ռուբէն Պօղոսեան Հայոց Ցեղասպանութեան առընչութեամբ Օսմանեան Պետութեան այդ օրուան ղեկավարութեան՝ Երիտասարդ Թուրքերու դէմ Հիճազի իշխան եւ ապա թագաւոր Հիւսէյն Պըն Ալիի, ծագումով թուրք, արաբ գրագէտ Ուալի էտտին Եէքէնի եւ արաբ պատաուի ականատես վկայ Ֆայիզ էլ Ղուսէյնի վկայութիւնները կը ներկայացնէ՝ «Արաբական Աղբիւրները Հայոց Ցեղասպանութեան Ոճիրին Շուրջ» խորագրեալ արաբերէն գիրքով, որ հրատարակութիւնն է «Հայոց Իրաւունքներու Կեդրոնական Յանձնախումբ»ին, լոյս տեսած Պէյրութ, 1988-ին:
Մեթր դոկտ. Ռուբէն Պօղոսեան կ’ըսէ թէ 1950-ական թուականներուն թրքական իշխանութիւնները ձեռնարկած են Օսմանեան Պետութիւնը Հայասպանութեան առընչութեամբ անմեղ կերպարանքով ներկայացնելու քարոզարշաւի մը: Անոնք նոյն ատեն Թրքական Հանրապետութիւնը կը ջանան ցոյց տալ իբրեւ խաղաղութեան, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան պաշտպան երկիր, որ իբր թէ կ’ուզէ խաղաղ ապրիլ իր բոլոր դրացիներուն հետ: Ըստ դոկտ. Պօղոսեանի համայն աշխարհի շահերը կը պահանջէին որ իսկապէս անկեղծ եւ հաստատ ըլլար թուրքերու այս փափաքը: Սակայն, դժբախտաբար մակերեսի վրայ երեւցող այս թրքական ջանքը կեղծ էր, սուտ էր ու չէր համընկնէր իրականութեան: Թրքական քարոզչութիւնը ոչ միայն պատմական իրողութիւնները կը խեղաթիւրէր, այլ նաեւ անոնց սխալ բացատրութիւններ կու տար՝ միայն ու միայն արդարացնելու համար շրջանի ժողովուրդներուն եւ մանաւանդ հայ ժողովուրդին դէմ Օսմանեան Պետութեան գործած ահռելի ոճիրները: Ամէն ոք, որ թրքական շարունակուող այս քարոզչական արշաւի մանրամասնութիւններուն կը հետեւի մինչեւ այսօր, քաջ գիտէ թէ արշաւը հիմնուած է սուտի եւ կեղծիքի վրայ:
Սակայն եւ այնպէս թուրքերու փափաքը խաղաղ ապրելու աշխարհի ժողովուրդներուն հետ պէտք է ընկերակցի պատմական իրողութիւնները ընդունելու կեցուածքով, այսինքն ընդունիլ՝ դէպքերը ինչպէս որ են, առանց ճշմարտութիւնը չարափոխելու: Հոսկէ կը ծագի իրենց՝ թուրք ուրացողներու եւ խեղաթիւրողներու սխալները սրբագրելու առաքինութեան սպասուած ծնունդը, մանաւանդ՝ Հայասպանութեան Փաստը ընդունելու, վէրքերը դարմանելու եւ հայոց հատուցում կատարելը: Բայց մինչեւ օրս կը տեսնենք թէ թուրք իշխողները իրենց օսմանցի հայրերուն սխալները կ’արդարացնեն եւ անոնց գործած աւերումները, սպանութիւններն ու կողոպուտը լրբօրէն սխրանքի եւ քաջագործութեան կը վերածեն: Թուրքերն ու ազերիները տակաւին շա՜տ հեռու են բարոյական արժէքներէ, այլապէս ինչպէս բացատրել ՕԹԱՆի զօրքերու մարզումներուն մասնակցող հայ զինուոր մը սպաննող ազերի ոճրագործին հերոսացումը: Թուրքիոյ ներկայ ղեկավարները կը փառաբանեն ոճրագործ Թալաաթը, Ճեմալը, Էնվերը եւ ուրիշ օսմանցի ոճրագործ պարագլուխներ, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան հեղինակները եղած են: Ասկէ կը հետեւցնենք թէ Թուրքիոյ այսօրուան առաջնորդները տարբեր չեն վերոյիշեալ տխրահռչակ արիւնարբու օսմանցիներէն: Եթէ երբեք այսօր ալ անոնց առիթը ներկայանայ, անոնք ամենայն սառնասրտութեամբ կը գործեն իրենց նախնիներու նոյն ոճիրները, զորս ցեղասպանութեան հմուտ մասնագէտներ, քաղաքագէտներ եւ մտաւորականներ այդ եղեռնագործութիւնները կոչած են մարդկութեան դէմ ոճիրներ:
Թրքական քարոզարշաւի ձաբռտուքներուն գլխաւորը այն է թէ 1987-ի Յունիսին Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահը` Քենան Էվրէն թրքական հեռատեսիլէն կը յայտարարէ թէ Օսմանեան Պետութիւնը ատենին իր ազատ կամքով անկախութիւն շնորհած է իրեն ենթակայ ժողովուրդներու: Եթէ ճիշդ ըլլար թուրքերու այս խօսքը, այն ատեն ինչո՞ւ սուրիացի եւ լիբանանցի ազատատենչ անձնաւորութիւններ կախաղանի վրայ պիտի նահատակուէին նոյնինքն Ճեմալ փաշայի հրամանով: Ինչո՞ւ արաբական մեծ յեղափոխութիւնը Շերիֆ Հիւսէյնի ղեկավարութեամբ պիտի կայանար: Միւս կողմէ պալքանեան պատերազմները տեղի պիտի ունենային, ուր պալքանեան ժողովուրդները ծառանալով օսմանցիներու բռնատիրութեան դէմ պիտի պայքարէին, որուն իբր արդիւնք անոնք իրենց անկախութեան տիրացան ու ազատ դարձան բազմահազար զոհեր տալէ ետք:
Դոկտ. Ռուբէն Պօղոսեան կը թուէ վերջին երկու հարիւր տարիներու ընթացքին Օսմանեան Պետութեան գործադրած ջարդերը իր բռնատիրութեան տակ ապրող ժողովուրդներու դէմ, յստակ թիւերով եւ փաստարկներով: Օսմանցի թուրքերը 1822-ին կոտորած են 50 հազար յոյներ Քիոս կղզիին մէջ, 1850-ին՝ 12 հազար հայեր եւ ասորիներ, 1860-ին՝ 11 հազար լիբանանցիներ եւ սուրիացիներ, 1876-ին՝ 15 հազար պուլկարացիներ, 1877-1878-ին՝ վեց հազար հայեր, 1892-ին Մուսուլի մէջ անոնք մորթած են 8000 եզիտիներ, 1894-1895-ին՝ 300 հազար հայեր, 1896-1897-ին՝ 55 հազար յոյներ Կրետէ կղզիին մէջ, 1909-ին՝ 30 հազար հայեր Կիլիկիոյ մէջ, 1915-1916-ին՝ մէկ ու կէս միլիոն հայեր, 1917-1923-ին՝ 4 հարիւր հազար հայեր եւ 1922-ին՝ 50 հազար յոյներ:
Այս բոլորէն յետոյ տակաւին թրքական քարոզչութիւնը կը ջանայ Օսմանեան Պետութեան սպիտակ պատմուճան հագցնել եւ կը շարունակէ խեղաթիւրել պատմութիւնը փոխանակ իրողութիւնները ընդունելու ինչպէս որ եղած են, ճանչնալու իր նախնիներու գործած ոճիրները եւ հատուցում տալու ահաւոր վնասներ կրած ժողովուրդներուն, որոնց մէջ ամենէն աւելին՝ հայերուն: Որովհետեւ հայ ազգը ամենէն աւելի վնասուած է թուրքին վայրագ արարքներէն եւ աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն զոհ տալէ յետոյ բռնագաղթուած է իր պապենական հողերէն եւ ցիրուցան եղած աշխարհով մէկ, իսկ այդ իրականութեան թրքական խեղաթիւրման եւ ուրացման քարոզարշաւի հիմնական թիրախը հայերն են:
Թուրքերը մինչեւ օրս մոլորած ճամբու վրայ են եւ տակաւին կ’երազեն հիմնել Թուրանական պետութիւնը, որ իրենց երեւակայութեան մէջ կ’երկարի Միջերկրական Ծովէն մինչեւ Ասիոյ խորերը ընդգրկելով կարգ մը արաբական երկիրներ:
Դոկտ. Ռուբէն Պօղոսեան կ’ըսէ թէ բացի հայերէն արաբներն ալ սաստիկ տառապած են Օսմանեան Պետութեան բռնատիրութեան տակ: Երիտթուրքերը կը ձգտէին ու կ’աշխատէին թրքացնել բոլոր ոչ-թուրք տարրերը, որոնց կարգին բացի հայերէն, յոյներէն եւ ասորիներէն, արաբներն ալ: Թրքական իշխանութիւնները 1916-ին կը ձերբակալեն կարգ մը արաբ ազգայնականներ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ եւ կախաղանի պատիժով կը փորձեն զսպել արաբական ընդվզումը Օսմանեան Պետութեան դէմ: Առ այդ, Մեքքայի Շերիֆ Իշխան Հիւսէյն Պըն Ալի երեք կոչերով արաբ ժողովուրդը Օսմանեան Պետութեան դէմ ըմբոստութեան կը հրաւիրէ: Իշխանը այդ կոչերուն առաջինին մէջ կ’ըսէ. «Ինչ որ թուրքերը ըրին արաբերէն լեզուին դէմ, աւելի ծանրակշիռ է քան ինչ որ անոնք ըրին իսլամ կրօնքին եւ պետութեան դէմ: Անոնք արաբերէն լեզուն վերացուցին բոլոր պետական պաշտօնական հաստատութիւններէն: արաբերէն լեզուի դասաւանդութիւնը դադրեցուցին բոլոր դպրոցներուն, պաշտօնական դիւաններուն եւ դատարաններուն մէջ…»:
Հիւսէյն Պըն Ալի իր կոչին մէջ կ’անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան, ըսելով թէ այն օրերուն թուրքերը հայ այրեր, կիներ ու երեխաներ սպաննելու հետամուտ կ’ըլլային: Այս մասին ան արաբներուն կը յիշեցնէ Մարգարէին խօսքը որ կ’ըսէ թէ ինք պիտի թշնամանայ այն իսլամին հետ որ կը վնասէ պարսաւելի անձի մը (որ նոյնիսկ եթէ իսլամ մը չէ- ակնարկութիւնը հայոց է- Յ. Ի.): Իշխանը կ’ըսէ թէ թուրքերը չեն ընդունիր հայերը ինչպէս որ իրենք՝ արաբները կ’ընդունին եւ պատրաստ են պաշտպանելու զանոնք: Այս խոստումին իրականացումը մենք հայերս տեսանք ու կ’ապրինք շօշափելի կերպով երբ ամբողջ արաբական աշխարհը իրենց հողերէն ու տուներէն բռնագաղթուած հայերը գրկաբաց ընդունեց, ապաստան տուաւ անոնց, գործելու եւ ազատ ապրելու բոլոր կարելիութիւնները շնորհեց տարագիր հայոց:
Դոկտ. Ռուբէն Պօղոսեան կ’ըսէ թէ թուրքերուն կը մնայ ընդունիլ ճշմարտութիւնը եւ ճանչնալ Հայասպանութիւնը ու ոչ թէ արդարացնել եւ ուրանալ զայն: Ուրացումը իր կարգին նոր ոճիր մըն է պատմութեան առջեւ: Թուրքերը Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման ախտէն չկրցան բժշկուիլ տակաւին, հակառակ այն իրողութեան թէ ոչ ոք հաւատք կ’ընծայէ անոնց խօսքերուն: Ատենին՝ գերմանացիները թուրքերու ուրացման եւ արդարացման միայն կարճ ժամանակ մը նեցուկ կանգնեցան, բայց անոնք շուտով գիտակցեցան այդ խարդախ միջոցի ունայն արդիւնքը: Մօտաւորապէս տասնեակ մը տարի առաջ գերմանացի լրագրող Վոլֆկանկ Կուսթ հանրութեան ծանօթացուց Հայասպանութեան վերաբերեալ գերմանական արխիւներու մէջ պահուած գաղտնիքները: Ինչի՞ կը սպասէ թուրք վերնախաւը Հայասպանութեան վերաբերեալ թրքական արխիւները իսկապէս բանալու համար լոյսին եւ ճշմարտութեան: Թուրքերու ուրացման յամառ քաղաքականութիւնը շարունակելու պատճառը կը բացատրուի նախ անոնց բարոյականութեան անկումով եւ ապա՝ մտային ապիկարութեամբ, որ զանոնք յարատեւ ջայլամի հոգեբանութեամբ կը համակէ…
Վերջապէս Դոկտ. Ռուբէն Պօղոսեան յոյս կը յայտնէ թէ պիտի գայ այն օրը երբ մասնագէտներ պիտի ուսումնասիրեն պատմութիւնը խեղաթիւրելու ոճիրը ինչպէս նաեւ ուրիշ ժողովուրդներու մշակոյթի գողութեան հարցը: Ան յոյս ունի նաեւ թէ միջազգային ատեանները նոր օրէնքներու լոյսին տակ պիտի դատեն նշեալ երկու ոճիրներու հեղինակները: Այս ուղղութեամբ Թուրքիան առաջին դատապարտուողը պիտի ըլլայ միջազգային ատեանի կողմէ:
Մեթր դոկտ. Ռուբէն Պօղեսեանի սոյն աշխատութիւնը կարեւոր ներդրում մըն է արաբական հանրային կարծիքին ներկայացնելու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վաւերագրումը արաբ ականատես վկաներու եւ ծանօթ անձնաւորութիւններու միջոցով, նաեւ թրքական հակահայ ուրացումն ու խեղաթիւրումը բացայայտելու յաչս արաբ հանրութեան: