Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Մելինէ Գարագաշեանի «Կոմիտաս (1869-1935). Մեծ Եղեռնի Զոհը» Գիրքի Ներկայացումը

October 29, 2015
in Մշակութային
0
Մելինէ Գարագաշեանի «Կոմիտաս (1869-1935). Մեծ Եղեռնի Զոհը» Գիրքի Ներկայացումը

ԼԵՆԱ ՎԱՍԻԼԵԱՆ
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15ին, հեղինակ Մելինէ Գարագաշեան այցելեց «Ապրիլ» գրատունը, ներկայացնելու համար իր նոր գիրքը՝ «Կոմիտաս (1869-1935). Մեծ Եղեռնի Զոհը»: Գարագաշեան իր դոկտորականը ստացած է հոգեբանութեան մէջ, ուստի, հոգեբան ըլլալով, ան ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետի կեանքի եւ հիւանդութեան պատմութիւնը՝ հոգեբանական տեսանկիւնէ:
Ներկայացման ընթացքին ինծի շուտով յայտնի դարձաւ Կոմիտասի շատ կարեւոր դերը հայ երաժշտութեան ստեղծագործութեան մէջ: Տեղեկացայ, թէ Կոմիտաս ներշնչուած էր Էջմիածինի շրջակայքի գիւղերուն մէջ երգուած երգերով, եւ երիտասարդ տարիքէն՝ սկսած էր ձայնագրելու եւ ընդօրինակելու հայ գիւղացիներուն երգած երգերը: Թէեւ 3000է աւելի ժողովրդական երգեր ընդօրինակած եւ հաւաքած էր ան, սակայն, դժբախտաբար, այսօր մօտաւորապէս անոնց մէկ երրորդը միայն գոյութիւն ունի:
Գարագաշեան նաեւ պատմեց Կոմիտասի կրթական ճամբորդութիւններուն մասին: Տեղեկացայ, թէ 1896էն 1899, Կոմիտաս ճամբորդած է Գերմանիա, ուր յաճախած է յայտնի երաժշտանոց մը՝ ուսումնասիրելով Եւրոպական երաժշտական ոճեր եւ կերպեր, սակայն միշտ պահպանելով իր եզական հայկական յատկանիշը:
Վերադառնալով Էջմիածին՝ Կոմիտաս սկսած է երգեր գրելու եւ դասաւորելու՝ գործածելով հայ ժողովրդական տարրեր: Երկու տասնամեակներու ընթացքին Կոմիտաս յաջողած է հիմնադրել Հայ ազգային երաժշտական վարժարան մը եւ առաջնորդել զանազան երգչախումբեր, որոնք մեծ տպաւորութիւն ձգած են եւրոպացի մտաւորականներու մօտ:
1910ին, Կոմիտաս տեղափոխուեցաւ Պոլիս, ուր ոչ միայն շարունակեց յառաջացնել իր երաժշտութիւնը, այլեւ պայքարեցաւ օտար ազգերէ գնահատութիւն հաւաքելու հայոց մշակոյթին համար: Սակայն, 1915ին, երբ Հայոց Ցեղասպանութիւնը սկսաւ, Կոմիտաս աքսորուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ: Թէեւ ժամանակ մը ետք Կոմիտասը ողջ վերադարձուցին Պոլիս, սակայն Կոմիտասի վիճակը այնքա՛ն ողբալի էր, որ անուրանալի է զայն սեպելը Մեծ Եղեռնի զոհ:
Գարագաշեան նաեւ նշեց, որ Կոմիտաս աքսորէն ետք տառապեցաւ կարգ մը հոգեկան հարցերէ: Հոգեցնցուած եւ ջղացնցուած Կոմիտասը խելագար համարուեցաւ, ապա հիւանդանոց ուղարկուեցաւ՝ բուժումի (Ֆրանսա): Դժբախտաբար, որեւէ դարմանում չգտնուեցաւ, մանաւանդ այն պատճառով, որ այդ ժամանակ հոգեբանական ճիւղերը լաւ հետազօտուած չէին: Ի վերջոյ, Կոմիտաս մահացաւ 1935ին, վարակումի պատճառաւ:
Գարագաշեան իր ներկայացումը փակեց լաւատես խօսքերով՝ ըսելով, որ Կոմիտաս իր ամբողջ կեանքը եւ էութիւնը նուիրած է հայոց մշակոյթը պահպանելու խնդիրին, իսկ եթէ հիմա կարենար տեսնել հայոց ճոխ մշակոյթի զարգացումը, ապա գոհ կ՛ըլլար գիտնալով, որ թուրքերը ձախողեցան մեզ եւ մեր հարուստ մշակոյթը ջնջել:

Previous Post

«Թրբանճեան» Հիմնարկը 250,000 Տոլար Կը Յատկացնէ Հայերէնի Ուսուցիչներ Պատրաստելու Ծրագիրին

Next Post

Դամասկոսի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ «Կոմիտաս Նահատակ Հանճարը» Երաժշտական Երեկոն

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.