ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, որ շատ բան չի գիտեր տնտեսագիտութեան մասին, հանդիպում մը ունեցաւ ամերիկեան 26 մեծ ընկերութիւններու գլխաւոր ղեկավարներու հետ եւ բազմաթիւ սուտեր յօրինեց Թուրքիոյ տնտեսութեան մասին: Իրականութիւնը այն է, որ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը սնանկացած է, եւ Թուրքիոյ միլիոնաւոր քաղաքացիներ յայտնուած են սովի եզրին, մինչ «քորոնա» ժահրը կը մոլեգնի անտառային հրդեհի պէս՝ Թուրքիան դարձնելով վարակուած անձերու թիւով աշխարհի հինգերորդ երկիրը:
Ահաւասի՛կ Էրտողանի սուտերէն քանի մը հատը, զորս ան ըսաւ ամերիկացի գլխաւոր ղեկավարներուն.
«Շատ երկիրներու առջեւ ծառացած հարցերէն եւ մատակարարման շղթայի խափանումներէն ոչ մէկը գոյութիւն ունեցած է Թուրքիոյ մէջ: Այդ պահուն, երբ աշխարհի տնտեսութիւններ փակուղի մտան, մենք շարունակեցինք ներդրումներ կատարել թէ՛ պետական եւ թէ մասնաւոր հատուածներու մէջ:
«Մեր մասնաւոր հատուածին ջանքերով, մեր պետական աջակցութեան եւ համաճարակային եռանդուն ձեռնարկներուն շնորհիւ, մեր տնտեսութիւնը 2020 թուականը փակեց աճ արձանագրելով: Մենք 1.8 տոկոս ցուցանիշով G-20ի ամէնէն արագ զարգացող երկիրն ենք՝ Չինաստանէն ետք:
«Հակառակ արտահանման մեր աւանդական շուկաներուն մէջ արձանագրուած տնտեսական անկումին եւ արտաքին պահանջի նուազումին, մենք հասած ենք 170 միլիառ տոլարի արտահանումներու արդիւնքի: Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտուրի ծաւալը աճած է 4 տոկոսով եւ գերազանցած՝ 21 միլիառ տոլարը:
2021ի Յունուարէն Ապրիլ ամիսներուն, մեր արտահանումը նախորդ տարուան համեմատ աճած է 33.1 տոկոսով:
«2021ի առաջին եռամսեակին, մեր արդիւնաբերական արտադրանքը աճած է 12.3 տոկոսով` նախորդ տարուան նոյն եռամսեակին համեմատ: Մենք նաեւ կը նկատենք ներդրումներու պահանջի զգալի աճ Թուրքիոյ մէջ:
«Միացեալ Նահանգներու ուղղակի ներդրումներու ընդհանուր գումարը Թուրքիոյ մէջ հասած է 13 միլիառ տոլարի, իսկ թրքական ընկերութիւններու ներդրումները Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ 7.2 միլիառ տոլարի: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ամերիկեան բոլոր ընկերութիւններուն, որոնք կը վստահին Թուրքիոյ եւ Թուրքիոյ տնտեսութեան»:
Զարմանալիօրէ՛ն, Էրտողան այնուհետեւ որոշեց ամերիկացի գլխաւոր ղեկավարներուն պատմել Պայտընի կողմէ Ապրիլ 24ին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, այսպիսով անոնց տեղեկացնելով հայերու դէմ Օսմանեան Թուրքիոյ իրականացուցած զանգուածային սարսափելի ոճիրներուն մասին:
«Թէեւ նախագահ Պայտընի յայտարարութիւնը 1915ի իրադարձութիւններուն մասին լրացուցիչ բեռ մը կը դնէ մեր յարաբերութիւններուն վրայ, այսուհանդերձ կը հաւատամ, որ հանդիպումը, զոր մենք պիտի ունենանք պարոն Պայտընի հետ ՆԱԹՕի գագաթնաժողովին (Յունիսին), պիտի արձանագրէ նոր դարաշրջանի մը սկիզբը», յայտնեց Էրտողան:
Ապա, ան հակասեց իր դաժան, անմարդկային, հակասեմական եւ ցեղային խտրականութեան հանրային բազմաթիւ յայտարարութիւններուն ու քաղաքականութեան՝ ըսելով. «Մենք երբե՛ք թոյլ չենք տուած եւ թոյլ չենք տար, որ խեղաթիւրուած մտածելակերպներ, ինչպէս՝ այլատեացութիւնը, հակասեմականութիւնը եւ ցեղային խտրականութիւնը, տեղ գտնեն մեր հասարակութեան մէջ: Մենք վճռականօրէն կը շարունակենք մեր ջանքերը՝ բարեփոխելու տնտեսութիւնը, ազատութիւնները, օրէնքներն ու արդարութիւնը՝ ըստ փոխուող պայմաններու եւ կարիքներու: Մենք հանրութեան ներկայացուցած ենք Մարդկային իրաւունքներու գործողութիւններու մեր ծրագիրը եւ տնտեսութեան բարեփոխումներու մեր ծրագիրը»։
Ստորեւ կը ներկայացնենք ցանկը գլխաւոր գործադիր այն ղեկավարներուն, որոնց հետ Էրտողան հանդիպած էր.
«Քարկիլ» սննդամթերքի բաղադրիչներու եւ կենսարդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու աւագ փոխնախագահ Տէյվիտ Ուեպսթըր, DowAksa-ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Տակլըս Փարքս, «Հիլթըն»ի նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Քրիս Նասեթա, MetLife-ի նախագահ Նուրիա Կարսիա (Եւրոպա, Միջին Արեւելք, Ափրիկէ), «Նեթֆլիքս»ի ֆինանսական տնօրէն Սփենսըր Նէօմըն, «Պոյինկ» օդանաւային ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Սթան Տիլ. Kellogg ընկերութեան նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Սթիւըն Քեհըլէյն, «Կուկըլ»ի հանրային քաղաքականութեան գծով փոխնախագահ Քարան Պհաթիա (Եւրոպա, Միջին Արեւելք, Ափրիկէ եւ Ասիա-Խաղաղ ովկիանոսեան տարածաշրջան), GE օդագնացութեան նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ճան Սլաթըրի, Varian Medical Systems-ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Քրիս Թաթ, PepsiCo-ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Սիլվիու Փոփովիչի (Եւրոպա), «Ամազոն»ի հանրային քաղաքականութեան գծով փոխնախագահ Սիւզըն Փոյնթըր, Cheniere Energy-ի առեւտուրի տնօրէն Անաթոլ Ֆէյկըն, Citi-ի նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Տէյվիտ Լիվինկսթըն (Եւրոպա, Միջին Արեւելք, Ափրիկէ), Procter & Gamble-ի նախագահ Լոյք Թասըլ (Եւրոպա), Progress Rail-ի նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Մարթի Հէյքրաֆթ, Tellurian Inc.-ի նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Օքթավիօ Սիմոէս, Medtronic-ի փոխնախագահ եւ Եւրոպայի բաժինի աւագ փոխնախագահ Ռապ թեն Հոէըթ, Archer Daniels Midland-ի՝ Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի բաժինի նախագահ Իսմայիլ Ռոյկ, Microsoft ընկերութեան փոխնախագահ, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի բաժինի ղեկավար Սամեր Ապու Լըթայֆ, Cisco-ի աւագ փոխնախագահ եւ ընկերութեան ռազմավարութեան ղեկավար Մայքըլ Թիմընի, Honeywell Aerospace-ի նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Մայք Մետսըն, Nova Power Solutions-ի նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Սթիւ Զիֆ, Coca-Cola ընկերութեան նախագահ (Եւրոպա եւ Միջին Արեւելք) Ճենի Սթոյիչքովա, Johnson & Johnson-ի զարգացող շուկաներու գծով նախագահ Ճորճիօ Միլեզի եւ Baker Hughes-ի փոխնախագահ (Միջին Արեւելք, Թուրքիա, Հիւսիսային Ափրիկէ) Զահէր Իպրահիմ:
Այժմ դիմենք աշխարհի մեծագոյն տնտեսագետներէն՝ Թուրքիա ծնած հայազգի Տարօն Աճէմօղլուին, որ ներկայիս Պոսթընի Մասաչուսեցի արհեստագիտական հիմնարկի տնտեսագիտութեան դասախօս է: Անոր անունը յաճախ կը նշուի իբրեւ Նոպէլեան մրցանակի ապագայ թեկնածու:
Տեսազրոյցի մը ընթացքին, Աճէմօղլու ուղղակիօրէն հակասեց Էրտողանին՝ Թուրքիոյ տնտեսութեան վերաբերող քարոզչական պատկերին՝ ըսելով. «Ես մեծ մտավախութիւն ունիմ, որ տնտեսական ճգնաժամը կրնայ խորանալ Թուրքիոյ մէջ»:
Ստորեւ՝ կարգ մը հատուածներ Թուրքիոյ տնտեսութեան անմխիթար վիճակին մասին Աճէմօղլուի նկարագրութենէն.
«Երբ Թուրքիա սկսաւ նախագահական ընտրութիւններու, եւ ամբողջ իշխանութիւնը հաւաքուեցաւ պալատ, ասիկա մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ տնտեսական քաղաքականութեան վրայ: Այս ազգայնական եւ մենատիրական ամբոխավարական վարչակարգերը կամ այդ շարժումները, ընդհանուր առմամբ, կը թուլցնեն պետական տարողութիւնը, երբ կը հասնին իշխանութեան: Ասիկա թէ՛ ռազմավարութիւն է, թէ՛ բան մը, զոր անոնք ակամայ կ՛ընեն, որովհետեւ չեն կրնար ղեկավարել օրինականութեամբ: Մենք ասիկա կը տեսնենք Հնդկաստանի, Պրազիլի, Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Հունգարիոյ մէջ:
«Այն երկիրները, ուր «քորոնա» համաճարակին պատճառով աւելի շատ մարդիկ մահացած են, եղած են Պրազիլը, Թուրքիան, Հնդկաստանը, Ռուսիան եւ ամբոխավարական մենատիրական վարչակարգերը, ինչպէս օրինակ Ամերիկան՝ Թրամփի կառավարման տարիներուն:
Վերջին հինգ տարիներուն, Թուրքիա կ՛ապրի տնտեսական իր ամէնէն ծանր ճգնաժամերը: Եղած են խոր ճգնաժամեր, որոնք սկսած են ոչ միայն համաճարակէն ետք, այլ՝ անկէ առաջ: Պարտքերու աւելացում, հաշուեկշիռներու վատթարացում, արդեօք կարելի՞ է դրական արդիւնքի հասնիլ ասոնց դիմաց. ո՛չ. ինչո՞ւ. որովհետեւ պաշտօնակալութեան մէջ կան թիւով քիչ մարդիկ, որոնք կրնան պատշաճ կերպով գործ ունենալ տնտեսութեան հետ եւ բարելաւել զայն: Յատկապէս Պերաթ Ալպայրաքի (տնտեսութեան եւ գանձապետարանի նախարար ու Էրտողանի փեսան) օրով յառաջացած խմբակը չէր կրնար ճիշդ մօտեցում ցուցաբերել իր ընելիքին նկատմամբ:
Ժողովրդավարութիւնը շատ առաւելութիւններ ունի բռնապետութիւններու եւ մենատիրական համակարգերու հետ բաղդատած: Սակայն, այս վերջիններուն ամէնէն մեծ առաւելութիւններէն մէկը եղաւ ձգտումը՝ գլխաւոր սխալները, տաղանդներն ու անկարողութիւնը առաջնակարգ դիրքերու վրայ պահելու: Յատկապէս, երբ Թուրքիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւններ են եւ ամբողջ իշխանութիւնը հաւաքուած է պալատ, ինչ որ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ տնտեսական քաղաքականութեան վրայ: Յատկապէս վերջին հինգ տարիներուն, անգործութիւնն ու անհաւասարութիւնը (Թուրքիոյ մէջ) հասած են շատ բարձր մակարդակի: Առեւտուրի կեդրոններ ու շինարարական ընկերութիւններ, որոնք հինգ տարի շարունակ իրենց հաշուեկշիռին մէջ հսկայական հարցեր ունեցած են, տակաւին կանգուն կը մնան: Որքա՞ն եւս կրնան կանգուն մնալ: Ինչպիսի՞ն կ՛ըլլայ ազդեցութիւնը դրամատուներուն վրայ: Տակաւին որքա՞ն պիտի յաջողինք պահպանել տոկոսադրոյքներու ներկայ քաղաքականութիւնը, երբ մեր պահուստները շատ նուազած են: Այս չափերը, ամենայն հաւանականութեամբ, հետզհետէ շատ աւելի բացասական պիտի դառնան: Այս հարցերը ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ ուրիշ վայրերու մէջ եւս առկայ են, բայց հո՛ն, ուր նման հարցեր կան, նաեւ կը տեսնես տնտեսութիւնը ճիշդ չկառավարելու դերը»:
Յոյսով եմ, որ ամերիկացի գլխաւոր ղեկավարները աւելի ուշադրութիւն կը դարձնեն Աճէմօղլուի ճշգրիտ գնահատման, քան՝ Էրտողանի քարոզչութեան, որ Թուրքիան հասցուց տնտեսական աղէտի:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ