Ինձի համար Գարեգին Վեհափառի մասին խօսիլը վկայութիւն մըն է, որուն ականատեսը, հիացողը եւ հետեւողը եղայ ես եւ ինձի նման ուրիշներ, ամբողջ քառասուն տարիներ:
Ես Գարեգին Վեհափառին մէջ առաջին հերթին ճանչցայ ուսուցիչը, ուսուցիչ եղաւ Ան բառին վաւերական հասկացողությամբ. ոչ գիտութիւն ջամբող, ոչ տեսութիւն փոխանցող, այլ ոգի ներարկող, հաւատք ջամբող՝ մարդուն մէջ մարդը, քրիստոնեան եւ հայը կերտող առաքելատիպ ուսուցիչ: Մարդու պատրաստութիւնը մեր սիրելի Վեհափառին համար եղաւ առանցքային մտահոգութիւն իր վարդապետութենէն մինչեւ իր կաթողիկոսութիւն, հաւատաց մարդու արժէքին, մարդ պատրաստեց եւ մարդու պատրաստութեան համար զոհեց ամէն ինչ, նոյնիսկ իր կեանքը, որովհետեւ հաւատաց, որ եկեղեցին եկեղեցի կը դառնայ հաւատքի մարդերով, ազգը ազգ կը դառնայ յանձնառու մարդերով, հայրենիքը հայրենիք կը դառնայ ծառայասէր, ազգանուէր պատասխանատուներով:
Երկրորդ, ես Գագեգին Վեհափառին մէջ ճանչցայ մտաւորականը, մտաւորական չեղաւ Ան միայն գիրք գրելով, դասախօսութիւն տալով, այլ իր իւրայատուկ աշխարհայացքով, մտածելու, իր միտքը դասաւորելու, ինք զինք արտայայտելու, ինք զինք ըլլալու իւրայատուկ կոչով: Գիրքը եղաւ իր ամենէն սիրելի եւ հաւատարիմ բարեկամը: Միայն գիրք չտպեց, այլ ապրեցաւ գրքի առաջ բերած զգացողութեան մէջ իր գրասեղանին մօտ: Իր ննջասենեակի մէջ, իր ճամփորդական պայուսակի մէջ գիրքը եղաւ իր հետ մնայուն ներկայութիւն, որովհետեւ գրքին մէջ թուղթէն, իրէն անդին տեսաւ հոգին, հաւատքը ու տեսիլքը:
Երրորդ՝ ես Գարեգին Վեհափառին մէջ ճանչցայ միջեկեղեցական յարաբերութհանց ռահվիրան: Հաւատաց էկիւմենիկ շարժումին կարեւորութեան, հաւատաց, որ այս շարժումը կենսական պահանջք է նաեւ մեր Եկեղեցւոյ, բացաւ մեր Եկեղեցին ուրիշներուն, յարգեց օտարը, սակայն չդարձաւ օտարամոլ, եղաւ մեր հոգեմտաւոր արժէքներու լաւագոյն դեսպաններէն մէկը միջազգային գետնի վրայ:
Եւ չորրորդ, տիպար ուսուցչին, իրաւ մտաւորականին եւ հաւատաւոր էկիւմենիստին կողքին եւ անոնցմէ առաջ ու դեռ ավելին՝ Գարեգին Վեհափառ եղաւ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառան: Իր կեանքը ըմբռնեց որպէս ամբողջական ծառայութիւն, իր կեանքը իրագործեց որպէս յանձառու ծառայութիւն Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու ազգին: Տասնութ տարիներ շարունակ կաթողիկոսական գահին վրայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործեց, ծառայեց, մեր Աթոռը շենցուց իր ծառայութեամբ, իր հաւատքի առաքելութեամբ, իր ներքին, թէ արտաքին երեսներով: Չորս տարիներ առաջ, երբ Աստուծոյ ձայնը կանչեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն, եկաւ հոս ու վերանորոգ հաւատքով ու տեսիլքով իր հաւատքը, իր քրտինքը խառնեց հայրենի հողին, ծառայեց այստեղ Մայր Աթոռի ճամփով մեր հայրենիքին, մեր ազգին ու մեր Եկեղեցւոյ, եւ մենք բոլորս շատ լավ գիտենք այն մեծ իրագործումներին մասին, որ իր գահակալութեան կարճ ժամանակի ընթացքին մեր սիրելի Վեհափառը իրագործեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն ներս:
Սիրելի Վեհափառ, վկայութիւն մըն է, զոր տուի քո մասին ամփոփ գծերով եւ գիտակ եմ, թէ ինչ որ ըսի, ոչինչ է այն մեծ անձին դիմաց, որ դուն եղար, այն մեծ ծառայութեան դիմաց, որ դուն կատարեցիր: Քառասուն տարիներ հետեւցայ քեզի, դուն առաջնորդեցիր իմ քայլերս աշակերտութենէն մինչեւ սարկաւագութիւն, սարկաւագութենէ մինչեւ կաթողիկոսութիւն:
Սա պահուն ես կյիշեմ այն ուխտը, զոր միասնաբար կատարեցինք Անթիլիասի մէջ, երբ միւռոնը իմ գագաթիս վրայ հեղիր, մենք հոն ըսինք՝ պիտի շարունակենք մեր ծառայութիւնը մէկ հայրենիքի, մէկ ազգի, մէկ Եկեղեցւոյ անխախտ սկզբունքով ու վառ տեսիլքով: Ես կը հաւատամ, որ այս է պատգամը Վեհափառ Հայրապետի: Քիչ յետոյ, սիրելի Վեհափառ, երբ հողին յանձնենք քեզ, մենք հողին պիտի յանձնենք այն, որ հողին կը պատկանի, սակայն քու արութեան գործերով վեր պիտի մնաս գերեզմանի փոսէն, պիտի մեծնաս, պիտի անմահանաս, դառնալով հայոց պատմութեան մտքի ու հոգիի գագաթներէն մէկը: Վսեմդ Վեհափառ, տուր մեզի վերջին օրհնութիւնդ, որպեսզի մենք քու ծառայութեամբդ զօրացած, քու տեսիլքովը զօրացած քալենք նոյն ճամփէն, մէկ հայրենիքի, մէկ ազգի, մէկ Եկեղեցւոյ տեսիլքով, հաւատքով ու յանձնառութեամբ: