Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի հայագիտական կեդրոնը տուաւ 2022 թուականի իր հունձքը

June 10, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի  հայագիտական կեդրոնը տուաւ  2022 թուականի իր  հունձքը
Հինգշաբթի, 9 Յունիս 2022-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնի վկայականաց բաշխումը՝ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։
Հայրապետը գնահատելով եռամեայ հայագիտական ծրագիրը աւարտած չորս շրջանաւարտները, Արաքսի Խրիմեան Աջապահեան, Աւետիս Ասայեան, Նուէր Էլխայաթ Աջապահեան եւ Վերժին Սաաթճեան, ինչպէս նաեւ Կեդրոնի տնօրէնը՝ Ահարոն Շխրտեմեանն ու ուսուցչական կազմը, ընդգծեց հայագիտական ամպիոններուն, ի մասնաւորի Արեւմտահայերէնի կարեւորութիւնը, թէ՛ ինքնութեան պահպանման ու գոյատեւման եւ թէ՛ զարգացման առումով։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ հետզհետէ նահանջող հայ լեզուն հայերէնագիտական ձեռնարկներու շնորհիւ պիտի պահպանուի ու փոխանցուի սերունդէ սերունդ: Նորին Ս. Օծութիւնը վստահեցուց, որ յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ Հայագիտական Կեդրոնը առաւել կազմակերպ կերպով ու ամբողջական դասանիւթերով պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը:
Խօսք առաւ նաեւ Կեդրոնի տնօրէն Ահարոն Շխրտըմեան եւ յայտնեց, որ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ ու հովանաւորութեամբ Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնը բոլորեց կրթական բարեյաջող տարեշրջան մը։ Ան ընդգծեց, որ Հայագիտական Կեդրոնի յաջողութեան գաղտնիքը կը կայանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան հաւատացող Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ անոր օրհնութեան ներքոյ եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ համախմբուած մտաւորականներու, հոգեւորական թէ աշխարհական, ժրաջան աշխատանքին: Շխրտըմեան նշեց, որ Կեդրոնը սովորական ուսումնարան մը չէ, այլ հայագիտական բարձրորակ կեդրոն մը ըլլալու բոլոր կարելիութիւնները ունի: Իրողութիւն մը, որ պէտք է նախանձախնդրութեամբ ու իմաստութեամբ արժեւորել: Եզրափակելով խօսքը՝ ան շնորհաւորեց վկայեալները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայրապետին, Հայագիտական Կեդրոնի յանձնախումբին, ուսուցչակազմին, Կաթողիկոսարանի դիւանապետին եւ բաժանմունքի քարտուղարութեան։
Շրջանաւարտներուն անունով ուղերձ ընթերցեց Վերժին Սաաթճեան ու երախտագիտութիւն յայտնեց Նորին Ս. Օծութեան, տնօրէնութեան եւ դասախօսներուն։ Ան ըսաւ, որ եռամեայ այս կրթօճախը յաճախելով՝ լսեցինք մեր սիրելի դասախօսներուն կողմէ ներկայացուած այլազան նիւթերը ու դաստիարակիչ խօսքերը, որոնք իրենց դիմաց բացին նոր հորիզոններ։ Իր խօսքի աւարտին, ան Հայրապետին մաղթեց քաջառողջութիւն, որպէսզի անսասան մնայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ իր համազգային առաքելութեամբ:
Previous Post

Largest-ever ghost net removed from Marmara Sea

Next Post

Turkish Airlines named ‘most valuable brand’

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.