Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Արցախի ժողովուրդին կողքին

September 4, 2023
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Արցախի ժողովուրդին  կողքին

Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 32-րդ ամեակին առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց ողջ հայութեան, շեշտելով Արցախի Հանրապետութեան անյապաղ ապաշրջափակումը եւ անոր ինքնորոշման իրաւունքին ամրապնդումը։ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ յատկապէս ըսաւ. «Անկախութիւնը Աստուածատուր իրաւունք է։ Անկախութիւնը նաեւ միջազգային օրէնքի հիմնական սկզբունքներէն մէկն է։ Արդ, ո՛չ մէկ ազգ իրաւունք ունի բռնաբարելու ուրիշ ազգին անկախութիւնը։ 32 տարիներ առաջ Արցախի ժողովուրդը իր անկախութիւնը հռչակած է եւ բազմիցս վերահաստատած։ Հետեւաբար, սիրելի՛ Արցախ, մնացիր ամուր՝ քու ինքնորոշման արդար իրաւունքը հարցականի տակ առնող ներկայ պայմաններուն մէջ։ Մնացիր կառչած քու հաւաքական կեցուածքին։ Դուն առանձին չես, ողջ հայութիւնը քեզի հետ է»:

Անկախութեան տօնին առիթով, Կիրակի, 3 Սեպտեմբեր 2023-ին, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի համանուն մատրան մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ Արցախի անկախութեան ամրապնդման ի խնդիր իրենց անձը ընծայաբերած մեր քաջարի հայորդիներու հոգիներուն համար։ Մայրավանքի Մայր Տաճարին մէջ պատարագեց ու քարոզեց Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան: Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ յիշեց շրջափակումի ենթարկուած Արցախը եւ այնտեղ պայքարող ու իրենց արժանապատուութեամբ ապրող մեր ժողովուրդի 120,000 հայորդիները: Անդրադառնալով մեր ազգը յուզող ներկայ ճակատագրական օրերուն՝ հայր սուրբը ըսաւ. «Այսօր մեր բոլորին սիրելի Արցախ հայրենիքը դարձեալ մահու-կենաց պայքար կը մղէ։ Ազգովին կոչուած ենք ամէն առումով նեցուկ կանգնելու արցախահայութեան եւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին։ Մեր պատմութենէն գիտենք, որ երբ միակամ ու մէկ բռունցք եղած ենք, յաղթահարծ ենք մեր ազգին դէմ ցցուած բոլոր մարտահրաւէրները ու տագնապներ։ Հետեւաբար, բոլորս միասնաբար գործնական քայլերու պէտք է դիմենք, որպէսզի կարողանանք պաշտպանել Արցախի մեր հայրենակիցներուն արդար իրաւունքները»։

Յայտնենք, որ քանի մը օրեր առաջ Պուրճ Համմուտի մէջ կազմակերպուած Արցախի ապաշրջափակումը պահանջող ստորագրահաւաքին մասնակցեցան նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան միաբան հայրերը եւ Դպրեվանքի սարկաւագները: Իսկ աշխարհասփիւռ մեր թեմերուն մէջ ծառայող միաբան հայրեր տեսերիզներու միջոցաւ իրենց զօրակցական խօսքը ուղղեցին Արցախի ժողովուրդին: Նոյն օրը երեկոյեան, խումբ մը միաբաններ մասնակցեցան Լիբանանի հայկական երեք համայնքներու ու կուսակցութիւններու կողմէ կազմակերպուած ժողովրդային զօրակցական հաւաքին, ուր միաբան հայրեր կատարեցին Արցախի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւն:

Previous Post

Չեխ գրող Կարէլ Հանսայի յետեղեռնեան վաւերագրումը

Next Post

Ուխտատեղի Երեւանը (325)

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.