Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՆԻՍՏԻՆ

January 23, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՆԻՍՏԻՆ

11-15 յունուար 2021-ին առցանց դրութեամբ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) յառաջիկայ Ընդհանուր Համաժողովին Պաշտամունքի Ծրագրաւորման Յանձնախումբին երկրորդ նիստը։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նիստին իր մասնակցութիւնը բերաւ միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ, Ե.Հ.Խ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ սոյն յանձնախումբին անդամ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան։

Նշենք, որ յանձնախումբը իր առաջին նիստը գումարուած էր 2019-ին, Գերմանիա, ուր նախատեսուած էր գումարել նաեւ երկրորդ նիստը, սակայն թագաժահր համաճարակին հետեւանքով բոլոր աշխատանքները կը յետաձգուին մէկ տարիով, հետեւաբար նաեւ յետաձգելով Ե.Հ.Խ.-ի Ընդհանուր Համաժողովը՝ Սեպտեմբեր 2022-ին։

Նիստերու ընթացքին, 20 անդամներէ բաղկացած յանձնախումբը իր ծրագիրները մշակեց առաւելագոյն չափով ներկայ յարափոփոխ իրավիճակին յարմարուելու միտումով, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով համաշխարհային հաւանական տարբեր իրավիճակները՝ համաճարակիը նոյն ընթացքով շարունակուելու պարագային։ Յանձնախումբը կեդրոնացաւ ամէնօրեայ աղօթքներու ընդլայնման, Համաժողովին թեմային առնչուած Սուրբ Գրային ընթերցանութիւններու, բացման եւ փակման աղօթքներու, ինչպէս նաեւ պաշտամունքային նիւթերու հրատարակութիւններու վրայ՝ շեշտը դնելով զանոնք իրականացնելու կենսոլորտի բարեկամ միջոցներով։

Ներկայ պայմաններուն բերումով, յանձնախումբը պիտի շարունակէ երկշաբաթեայ յաճախականութեամբ առցանց գումարել իր ժողովները։

 

Previous Post

Անդրադարձ

Next Post

Թանկագին Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի Յաւերժալոյս Յիշատակին

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.