ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Բազում հարցադրումներու տարափ մը կլանած է բոլորիս միտքը: Անոնց մէջ հիմնականը` մեր ազգի ճակատագրի մասին է, որ, ըստ երեւոյթին, չունենալով մէկ ու յստակ պատասխան, իր կարգին կը տուայտի, շփոթի մատնելով մեզ` բոլորս, հայրենի հողին վրայ ապրողները թէ հայրենազուրկ հայութիւնը:
Իսկ ո՞րն է այդ ճակատագրի բացատրութիւնը, որ դարերու վաղեմութեամբ մեզի է հասեր ու կը շարունակէ ալեկոծել ամբողջ ազգի մը կեանքը, առօրեան:
Այլ խօսքով` հայոց ճակատագիր կոչուած խճանկարը միթէ բնական ու պարզ երեւո՞յթ է դարձեր ու հաստատուեր հայ մարդու մտքին ու հոգիին մէջ, եւ որուն մասին խօսիլ կամ մատնանշելն անգամ մտամարզանք կը սեպուի, իբրեւ անտեղի, անսովոր ու ժամանակավրէպ մտահոգութիւն, ճամարտակութիւն:
Հայու ճակատագի՜ր…
Ահռելի տառապանքէ ու անգին զոհողութենէ ծնունդ առած հիւսուածք մըն է անիկա, որուն մէկ դրսեւորումին մենք ականատես եղանք բոլորս տակաւին ամիսներ առաջ` արցախեան երկրորդ պատերազմի բռնկումով (սեպտեմբեր 2020):
Փաստօրէն, յաղթանակած ու հայրենիք ազատագրած ազգի մը յետնորդներուն, որոնք հպարտութեամբ կ՛ապրէին ու պատուով կը յիշատակէին Արցախ աշխարհի գոյամարտը, ահա, երեսնամեակ մը ետք, երազները փուլ կու գային` պահելու ու պահպանելու չքնաղ Շուշին եւ սլաքները ուղղելու դէպի Արարատն հայոց` հոն եւս հաստատուելու եւ բարձրացնելու Եռագոյնը անմահական:
Իրաւամբ ըսուած է, թէ հայ ըլլալը ինքնին ճակատագիր է. ծնիլ-ապրիլ, ապրիլ-մեռնիլ, ապա վերստին յառնել է, այլապէս հաշտուելու ճակատագրուած ըլլալու իրողութեամբ, այսինքն` ազգ-նահատակի կամ նահատակութեան փառապսակին արժանին ըլլալու գոյութենական պայքարի մը ընդմէջէն:
Այդուհանդերձ, յարափոփոխ աշխարհի մը ու աշխարհաքաղաքական ստոր հաշիւներու լոյսին տակ որքանո՛վ համոզիչ են նման մտածումներ, երբ ազգային մեր պարունակը սկսած է սպառիլ, ակունքը` խաթարուիլ, տեսակը` այլափոխուիլ:
Իրապէս որ զարմանալի է հայու հոգեկերտուածքը, մէկ կողմէ կը հպարտանայ հազարամեակներու շքեղութեամբ յագեցած իր պատմութեամբ, մշակոյթով, աւելի՛ն. մարդկութեան բերած եզակի նպաստով, միւս կողմէ, սակայն, դարերու լայնքով թէ երկայնքով ցարդ չէ կրցած որոշակի պատասխանով մը աշխարհին ներկայանալ, վճռականօրէն յայտնելու եւ ամրագրելու իր ճակատագրին էութիւնը` ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը, գերիշխան երկիր մը ունենալու դարաւոր իղձը, բայց մանաւանդ` պետութեան մը հովանիին ներքեւ բարօր ու անվտանգ գոյատեւելու կամքն ու պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը:
Հայոց ճակատագի՜ր…
Ո՞րն է անոր պարզ ու հասկնալի բացատրութիւնը, եթէ ոչ դէպի ապագայ դարեր սլանալու ազգային երազանքը, աշխարհասասան ցնցումներէ զերծ կամ վեր մնալ կարենալու պետական փորձառութիւնը, անկոտրում կամքով դիմակայելու խոր գիտակցութիւնը, ընդմիշտ ապահովութեան ձգտելու եւ քաղաքական հասունութիւն ցոյց տալու շնորհը, աւելի՛ն. ռազմահայրենասէրի կրթութեամբ եւ շունչով սերունդ պատրաստելու հաւատամքը:
Կրնայ առարկուիլ, արդարօրէն, թէ ի՞նչ ճակատագիր, երբ վեց դարերու ստրկութիւն եւ ցեղասպանութիւն ապրած ժողովուրդի մը մասին է խօսքը, երբ թուրք բարբարոսութիւնը կրցած է արմատախիլ ընել ազգի մը կէս համրանքը, քանդել հայրենի օճախն ու բնաջնջել ազգային սրբութիւնները, երբ աշխարհաքաղաքական եւ համայնակուլ ծրագիրներ անպակաս եղած են հայոց երկնակամարէն, երբ, այսպէս ըսած, քաղաքակիրթ պետութիւններ հանդիսատեսի պատմուճանով ներկայացած են ու ողորմութեամբ բաւարարուած, երբ մենք` ազգովին, ցաւ ի սիրտ, ապրելով նման կացութիւններու պաստառին վրայ, չենք գիտակցած ճշմարտութեան մը անսեթեւեթ, թէ ազգերու ճակատագիրը, առաջին հերթին, իրենց սեփական ուժին մէջ հարկ է տեսնել, իսկ այդ ուժին խորհուրդն է եղած` միասնական ոգիի արտայայտութիւնը:
Իրօք, առարկողներու շարքին են մեր մեծ հայրերն ու մայրերը, որոնք թուրքի եաթաղանը, սպանդն ու Տէր Զօրի արհաւիրքը իրենց աչքերով տեսան, մազապուրծ եւ հրաշքով ազատեցան ու հասան, այսպէս ըսած, ապահով ափեր, հիւրընկալել երկիրներ, ուր, գոյութենական պայքարի կողքին, տէր եղան նաեւ իրենց ճակատագրին, այլապէս վերականգնելով իրենց ինքնավստահութիւնը, աշխատասիրութեամբ եւ խաղաղօրէն ապրելու իրաւունքը, ինքնութիւնն ու հայու տեսակը պահելու գիտակցութիւնը:
Վերոնշեալ ճշմարտութիւնը ո՛վ կրնայ հերքել, Տէր Զօրի անապատներու մէջ անթաղ մնացած հազարաւոր հայորդիներու ԼՈ՜ՒՌ ճիչը ո՛վ կրնայ մոռացութեան տալ, Եփրատ գետէն առ Աստուած բարձրացած աղիողորմ թախանձանքները ո՛վ կրնայ ուրանալ, Կոմիտասի, Վարուժանի, Զօհրապի, Զարդարեանի ու բազմաթիւ նուիրեալներու դէմ գործուած զազրութիւնը ո՛վ կրնայ չյիշել, իւրաքանչիւր 24 ապրիլի նախօրէին դէպի Ծիծեռնակաբերդ խոնարհաբար քալող նորահաս սերունդի լո՜ւռ ցասումն ու պոռթկումը ո՛վ կրնայ չտեսնել:
Մեր օրերու սփիւռքահայ ծերունին, որ իր կեանքն է մաշեցուցեր հայրենիքէն հեռու, միշտ երազած է վերադառնալ Հայաստան ու մեռնիլ Արարատի շուքին: 21-րդ դարու երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց աչքերով տեսած էին հայոց յաղթանակը, թուրքին յաղթելու կամքն ու Արցախի ազատագրումը, այսօր կ՛ապրին իրենց կեանքի ամէնէն դժուար պահերը, յուսահատութիւնը կ՛ուղեկցի իրենց ամէն օր, հիասթափութիւնը կլանած է անոնց միտքն ու հոգին, անոնք նոյնիսկ կը համարձակին իրենց արդար բողոքը բարձրացնելու հայու ճակատագիրին դէմ, եւ, միանգամայն դատապարտելու հայոց ղեկավարութիւնը ստանձնած այրերը, այլապէս անոնց կոյր ու վեհերոտ, ազգակործան ու դաւադիր վարքագիծը:
Ապրիլի 24, Տէր Զօրի անապատ, հայրենիքի կորուստ, զազրութեամբ յագեցած թշնամի, թրքութիւն, հայութիւնը բնաջնջելու հրէշային «հնամենի» ծրագիր, եւ տակաւ շարունակուող բացայայտ ոճիր ու պետական մակարդակի ցեղապաշտութիւն:
Դար մը առաջ թուրքն էր, այսօր անոր ժառանգորդներն են, որոնք կը յոխորտան շարունակել նախնեաց ցեղասպանութիւնը, հայաջնջումը: Անոնք հայատեացութեան նոյն վարքագծով կը ներկայանան աշխարհին` բարբարոսի էութեամբ իր լրումին հասցնելու Հայոց եղեռնը: Անդին, «քաղաքակիրթ» ժողովուրդներ, պետութիւններ, իրենց կարգին, դարձեալ լուռ մեղսակցութեամբ կը յաւակնին կառչած մնալ դիտողի իրենց վարքագծին ու պաշտպանել զօրաւորի «իրաւունք»-ը: Անոնք կը շարունակեն լոլոզել հայութիւնը` եղբայրութեան եւ բարեկամութեան խօսքերով:
Ու պատահեցաւ հայոց երկրորդ մեծ աղէտը` Արցախի մեծ մասին կորուստը: Հայ զինուորը քաջաբար կռուեցաւ` տալով աւելի քան տասը հազար զոհ ու վիրաւոր: Թուրքը յաղթեց ու կ՛որոճայ իր երբեմնի երազը` վերացնել հայն ու Հայաստանը:
Դարձեալ, մեր ճակատագիրը դէմ յանդիման է նորօրեայ հարցադրումներու: «Հին»-երու եւ «նոր»-երու յանցանքն ու պատասխանատուութիւնը նոյն նժարին վրայ է, առանց խտրութեան: Հայոց պետականութեան գոյութեամբ պարտաւոր ենք պատասխան տալ ներկայ ու յետնորդ սերունդներու` թէ ինչո՛ւ հայու ճակատագիրը ենթակայ է ցնցումներու, չըսելու համար վաճառքի:
Կը հպարտանանք, թէ աշխարհի ամենահին ժողովուրդներու շարքին ենք, ամբողջ մարդկութեան բարգաւաճումին նպաստած, համաշխարհային հզօր նուաճումներու մէջ մեր սեփական մտքին ճարճատիւնները ամրագրած, ազգային մեր պահուածքով օտարներու հիացումին արժանացած ենք, ազգեր դաստիարակած ու անոնց պետական կառոյցին հզօրացման օժանդակած, բայց, ցաւ ի սիրտ, մնացած ենք առանձին ու անպաշտպան, երբ պայքարած ենք յանուն հայրենիքի ազատագրութեան եւ պետականութեան պահպանման:
Հայո՞ւ ճակատագիր, թէ՞ հայու ապիկարութեան ու խաղքութեան պատճառով ստեղծուած կացութիւն եւ ապաշնորհ հետեւանք, նոյնիսկ մեր օրերուն, 21-րդ դարուն, երբ մարդկութիւնը կ՛արշաւէ դէպի անջրպետ ու գիտութիւնը կը սուրայ դէպի ակունք ու տիեզերք:
Արդ, որոշե՛լ է պէտք ու պատասխանել կարեւորագոյն հարցադրումին, հայու տեսակի ապահովումին, ճակատագրին:
Ահա մեր «մեծ» օրակարգը: