Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Իրարու ետեւէ կեանքին հրաժեշտ կու տան լիբանանահայ երէց սերունդի վաստակաշատ դէմքեր` օրըստօրէ ամայացնելով ազգային-մշակութային մեր կեանքը: Գեղանի Էթիեմեզեան վերջինն էր յաւէտ բաժնուողներու այդ սերունդէն, որ կեանք մը ամբողջ սպառեց հայ մշակոյթին, դպրութեան եւ հոգեմտաւոր արժէքներուն ծառայութեամբ:
Իւրաքանչիւր մեկնողի պատճառած խոր վիշտին հետ, հազիւ սուգը թօթափած, հարցում մը անպայման ինքզինք կը կրկնէ մեր մտքերուն մէջ.
– Ո՞վ պիտի գրաւէ մեկնողին տեղը:
Բնական է, որ պարզ հետաքրքրութեամբ չենք կատարեր այս հարցադրումը, այլ` արդար մտահոգութեամբ եւ քիչ մըն ալ յոռետեսական տրամադրութեամբ:
Ճակատագիրը, ինչպէս կը սիրէ ըսել մեր ժողովուրդը, իր ձեռքին գործը կը տեսնէ, բայց ճակատագիրը մահուան գործած աւերներուն դարմանումը չի կատարեր: Մարդն է, մարդիկն են, միութիւններն են, որոնք կրնան մեկնողներուն ձգած բացը գոցել: Նախ` վառ պահելով մեկնողներուն յիշատակը, երկար տարիներ չմոռնալով անոնց ունեցած ծառայութիւնները եւ հետեւելով անոնց բացած ազգային, մշակութային եւ հանրային ծառայութեան ուղիին:
Ապա, ինչ որ նոյնքան կարեւոր եւ անհրաժեշտ է, մեկնողներուն տեղ յաջորդներ պատրաստելով, որովհետեւ միայն այդպէս կը յարատեւէ հաւաքականութիւն մը ու ո՛չ միայն կը յարատեւէ, այլեւ կը զարգանայ: Այդպէս է բնութեան օրէնքը բնականոն պայմաններուն մէջ: Այդպէս պէտք է ըլլար նաեւ մեր կեանքին մէջ: Բայց ընդհանրապէս այդպէս չէ:
Գաղտնիք մը բացայայտած չենք ըլլար, եթէ խոստովանինք, որ այսօր մեր կեանքի ամէնէն լուրջ տագնապներէն մէկը սերունդներու յաջորդականութեան ապահովումն է: Հասարակական կեանքին նուիրուող, ծառայութեան պատրաստակամութիւն ունեցող, պատասխանատուութիւն ստանձնող մարդու պակաս ունինք քիչ մը ամէն տեղ: Մոմով կը փնտռենք նոր դէմքեր, որոնք կարենան արդարացնել իրենց վրայ դրուած յոյսերը` մեկնողներուն կիսատ ձգած գործը շարունակելու համար:
Ճիշդ է, որ անփոխարինելի մարդ չկայ: Ամէն ժամանակ կը ստեղծէ իր մարդը:
Ճիշդ է, որ կեանքը անկասելի է, ի՛նչ ալ պատահի, պիտի շարունակուի, այսպէս կամ այնպէս:
Ճիշդ է նաեւ, որ փոխուած են մեր շուրջի պայմանները, մտայնութիւնները, կեանքի պահանջներն ու ժամանակի հոգեբանութիւնը:
Կարելի է նաեւ հազար ու մէկ չքմեղանքով տագնապին ամբողջ մեղքը վերագրել լիբանանեան շարունակուող տագնապին, արտագաղթին եւ այլասերումին: Կարելի է նաեւ յիշել, որ այլեւս կ՛ապրինք խաբուսիկ «յաջողութիւններու» եւ «դիւրին տեղ հասնելու» օրերը: Գործնապաշտ մտածողութեան գովքը, օտար արժէքներու փառաբանանքը, ազգայինը «հինցած նորոյթ» նկատելու մօտեցումը ի պատուի են մեծ համեմատութիւններով, մինչդեռ հանրանուէր աշխատանքը, մարդկային ու բարոյական ազնուագոյն սկզբունքները դադրած են առաքինութիւններ նկատուելէ եւ շատերու համար դարձած են «ժամանակավրէպ արժէք»-ներ:
Եւ դեռ, ինքնաքննադատութեան կարգով կրնանք նոյնիսկ հարց տալ, թէ ինչո՞ւ անպայման սպասել, որ վաստակաւոր մը մեկնի, որպէսզի տեղը փոխարինողի մը փնտռտուքը նոր սկսի…
Արդարացումները կրնան տեղին ըլլալ, նոյնպէս` հարցադրումը, բայց ի՞նչ օգուտ, այնքան ատեն որ մարդուժի տագնապը կը մնայ տագնա՛պ` առիթ տալով ուղեղ մրճահարող նոյն հարցումին, թէ`
– Ո՞վ պիտի գրաւէ մեկնողին տեղը:
Մեկնողները` Գեղանի Էթիեմեզեան եւ նմանները, սովորական մարդիկ չէին: Անոնք կը հաւատային հայութեան, Հայաստանին, հայ մշակոյթին եւ այն բոլոր արժէքներուն, որոնք ազգի մը յարատեւումը կ՛երաշխաւորեն:
Մեկնողները պատկանելիութիւն, դիմագիծ եւ դրոշմ ունեցող մարդիկ էին, որոնք մեր կեանքի զանազան կալուածներով կ՛արտայայտէին ազգային իրենց մտահոգութիւնները, տագնապներն ու ձգտումները:
Կ՛արժէ, որ նորերը մտածեն այս մասին` իրենց մէջ զօրացնելով հանրային գործունէութեան ոգին, հաւաքական եւ ներդաշնակ աշխատանքի տրամադրութիւնները, իրարմով ազգին պատկանելու գիտակցութիւնը` այդ բոլորը վերածելով ամբողջական մասնակցութեան մեր կեանքին եւ գիտակից յանձնառութեան` ի խնդիր հաւաքական մեր ծրագիրներուն եւ իտէալներուն:
Անկասկած յարգանքի զգացումը մեծագոյն գնահատանքն է մեկնողներուն հանդէպ: Սակայն անոնց յիշատակը իսկապէս յարգած կ՛ըլլանք, երբ կը պատրաստենք արժանաւոր յաջորդներ: Կը պատրաստենք մարդիկ, որոնք սէր, կապուածութիւն եւ յանձնառութիւն ունին իրենց ժողովուրդին նկատմամբ եւ պատրաստ են իրենց ժամանակն ու հանգիստը եթէ ոչ ամբողջութեամբ զոհելու, գէթ անհրաժեշտ չափով տրամադրելու հաւաքական մեր կեանքին:
Մեկնողներուն համար տխրինք, բայց լրջօրէն մտածենք նաեւ այս մասին, որովհետեւ մեզի նման ժողովուրդներ, որոնք յաճախ նիւթական հարստութեան իրենց աղբիւրներուն պակասն ալ ստիպուած են փոխարինելու հոգեկանով, կրնան գոյատեւել մարդկային հարստութեամբ, մշակոյթով եւ գաղափարով, թէկուզ որ նիւթապաշտական մեր խելայեղ ներկային մէջ նուիրական այդ արժէքները շատ բան կորսնցուցած ըլլան իրենց անցեալի հրապոյրէն եւ հմայքէն:
Իսկ մշակոյթի եւ գաղափարի ծառայութեամբ նոր սերունդէն անպայման կեանքի զոհաբերութիւն չի սպասուիր: Այդ մէկը բացառիկներուն տրուած է միայն: Ազգին ու հայրենիքին, գաղութին եւ անոր կառոյցներուն օգտակար դառնալու զանազան միջոցներ կան: Կարեւորը գիտակցութեան եւ նուիրումի ոգին է, հաւատքն ու կամքն է:
Մեզմէ անդարձ մեկնող սերունդը մշակոյթի եւ գաղափարի ծառայութեան հոյակապ օրինակներ ժառանգ կը ձգէ իր ետին: Կը բաւէ աչք ունենալ այդ ժառանգը տեսնելու եւ սիրտ` անով ապրելու համար, որպէսզի յաջորդականութեան շղթան չփրթի կամ անհարազատ օղակներու չկապուի: Այլապէս, այդ սերունդի ներկայացուցիչներուն համար սարսափելին մահը չէր, որքան` մահէն ետք ժառանգորդ, գործը շարունակող չունենալու անմխիթար վիշտը: