Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Մեկուսացուածի Թափառումներ. Մարդ Եւ Ընկերութիւն Թագաժահրի* Հոգեբանական Եւ Տնտեսական Աղէտի Ցանցին Մէջ

April 1, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
ԱՊՐԻԼ 24Ի ՆԱԽՕՐԵԱԿ. Միջին Արեւելք, Կովկաս Եւ Միջին Ասիա՝ Թուրք Կայսերապաշտութեան Դիմաց

ՅԱԿՈԲ  ՊԱԼԵԱՆ

Արդէն տարին անցաւ, եւ մարդկութիւնը, առանց գոյնի, սեռի, քաղաքական եւ տնտեսական տարբերութիւններու, թագաժահրի (covid 19) ցանցին մէջ բռնուած է, որ մինչեւ այսօր վարակած է 119 միլիոն մարդ, որոնցմէ 67 միլիոնը բուժուած է, իսկ մահացածներուն թիւը 2,7 միլիոն է, թիւ, որ ամէն օր կ’աճի:

Համաշխարհային աղէտ, որ կը շարունակուի:

Զարմանալի մարդկութիւն. համաշխարհային աղէտը զգաստութեան չէ հրաւիրած երկիրները, անոնց ղեկավարները եւ ժողովուրդները: Անոնք կը շարունակեն իրենց մրցակցութիւնները, շահախնդրութիւնները, պատերազմները` առանց նկատի առնելու, որ հաւաքաբար վտանգուած են իրենք, եւ ընդհանրապէս` կեանքը:

Պատերազմական վիճակ` 2,7 միլիոն մահերով, նոյնքան եւ աւելի դժբախտացած ընտանիքներով:

Պատմութեան ընթացքին եղած են համաճարակներ, ինչպէս` ժանտախտը եւ այլ հիւանդութիւններ, բայց անոնք եղած են շրջանային, ոչ համամոլորակային, ինչպէս որ է թագաժահրը (covid 19): Բոլոր համաճարակները աննախատեսելի են` իրենց երեւման ժամանակով, տարածած ժահրի տեսակներով, տարողութեամբ եւ աշխարհագրութեամբ, պատճառ եղած են միլիոնաւոր մահերու:

Թագաժահրը իր հետեւանքներով կը սպառնայ կեանքերու, բայց նաեւ` մոլորակի տնտեսական եւ կազմակերպական կեանքին, հաղորդակցութիւններուն եւ փոխանակութիւններու, շեշտելով երկիրներու միջեւ տարբերութիւնները: Այս ժահրին դէմ պայքարը տեղական, շրջանային եւ մասնակի չի կրնար ըլլալ, ան սպառնալիք բոլորին համար, կը տարածուի, իսկ հիմա արդէն ան ինքզինք կը բազմապատկէ տարբերակներով: Գտնուած պատուաստները միշտ պէտք է վերանայուին, քանի որ ժահրը ինքզինք փոփոխութեան կ’ենթարկէ:

Այս կ’ըսենք` մտածելով միայն վարակի եւ դարմաններու մասին:

Չենք գիտեր, թէ ե՞րբ կանգ պիտի առնէ վարակի տարածումը: Արդէն տարի անցաւ, եւ ան մաս կը կազմէ մեր առօրեային, մեր կենսակերպը փոփոխութեան ենթարկուած է, սովորական դարձած է վարակին հետ ապրիլ. աշխատանք, կրթութիւն, մշակոյթ, ընկերային կեանք եւ յարաբերութիւններ արմատապէս փոխուած են: Նոյնիսկ եթէ համավարակը յաղթահարուի, կեանքը նախկինի շարունակութիւն պիտի չըլլայ: Ծախսուած, յատկացուած եւ դեռ ծախսուելիք աստղաբաշխական գումարները հակազդեցութիւն պիտի ունենան երկիրներու տնտեսութեան եւ կենսամակարդակին վրայ. սղաճ, արժեզրկում եւ այլն: Այսինքն տնտեսական միջազգային համակարգը ցնցուած դուրս պիտի գայ, եւ հարց է, թէ ինչպիսի՛ պատշաճեցումներ պիտի հետեւին, երբ կը խօսուի հազար, երկու հազար միլիառներու մասին: Տնտեսական համակարգերը ցնցուած դուրս պիտի գան աղէտէն: Ինչպէս պատերազմներու ընթացքին եւ աւարտին կը պատահի, պիտի յայտնուի՞ն շարաշահումով նոր հարստացածներ:

Երկարատեւ տնարգելութիւնը հոգեբանական հետեւանքներ պիտի ունենայ, ունի արդէն, մարդիկ կը հեռանան իրարմէ, երէցները կը զրկուին իրենց թոռներու տեսութենէն, միշտ իրարու հետ ըլլալով տան նեղ տարածքին մէջ` մարդիկ կը սկսին կամ զիրար չտեսնել, կամ զիրար անգիտանալ, յոգնիլ, կամ առանց պատճառի զիրար կը քննադատեն, իրարու դէմ բռնութիւններու կը դիմեն. ընտանեկան կռիւներ, բաժանումներ: Կրնայ պատահիլ նաեւ հակառակը, կը ստեղծուի աւելի սերտակցութիւն: Ղեկավարութիւնները օրինակելի կերպով պէտք է զարգացնեն համերաշխութիւն, համագործակցութիւն, փոխօգնութիւն, մեղմացնելու համար զգացուող սպառնալիքը, որուն կ’ընկերանայ անզօրութեան զգացումը: Պարզ է` յարաբերութիւնները նախկին ձեւով պիտի չշարունակուին:

Արդէն սովորական կը դառնայ առանց աշխատատեղ երթալու աշխատիլ, գրասենեակ, գործընկեր, աշխատակից համակարգիչի պատուհանին մէջ են, virtuel, եթերային նոր աշխարհ մը: Երեւակայեցէ՛ք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլան ընկերատնտեսական եւ քաղաքական հետեւանքները հետզհետէ կատարելագործուող արհեստական ուշիմութեան, մարդամեքենաներով (robot) գործող հիմնարկներու, վաղը թերեւս պետութիւններու, երբ մարդը դադրի որոշող եւ ընտրող ըլլալէ, այդ իրաւունքը յանձնելով մեքենային, ինչպիսի մարդկութիւն մը, քաղաքակրթութիւն մը եւ մարդ մը պիտի ծնին:

Նոյնիսկ անոնք, որոնք չեն խոստովանիր, որ կ’ապրին թագաժահրի սպառնացած վախով, ծնունդ կու տան հակազդեցութիւններու, եւ փոխանակ իրերհասկացողութիւն յառաջացնելու` անհատները եւ հաւաքականութիւնները, երկիրները եւ ժողովուրդները կը մղուին ըլլալու աւելի եսակեդրոն, կը նեղնայ համագործակցութեան դաշտը, կը սրուին քէները, մեծերու եւ փոքրերու պարագային, ընտանիքէն թաղամաս, երկիր, երկիրներ: Փաստը այն է, որ փոխանակ ուժերը մէկտեղելու եւ միասնաբար գործելու, որպէսզի թագաժահրի պատուաստը գտնեն, երկիրները գործեցին առանձին, քանի որ յաջողութեան եւ պատուաստի գիւտին կապուած էին քաղաքական ազդեցութեան դաշտի ընդլայնումը եւ անուրանալի կերպով ստացուելիք շահը:

Թագաժահրը մահուան սպառնալիք է, կը յառաջացնէ ինքնապաշտպանութեան, մեկուսացման, լքման եւ մղձաւանջի կացութիւններ, որոնք կը գումարուին արդէն տնտեսական անապահովութեան վիճակներուն վրայ:

Աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է փոխօգնութիւնը մարդոց եւ հաւաքականութիւններու միջեւ` տնտեսական, խնամատարական, քաղաքական:

Մեր ստեղծած ԵՍ-ի, եւ ԵՍ-ակեդրոնութեան մշակոյթը, զոր կը կոչենք անհատապաշտութիւն, աւելի քան երբեք վերատեսութեան պէտք է ենթարկել մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքի բոլոր մակարդակներուն` ընտանիք, քաղաք, երկիր, երկիրներ:

Ինձմէ ետք ջրհեղեղ հակամարդկային ընկերաքաղաքական բարքերը սպառնալիք են բոլորին, ոչ ոք կրնայ զերծ մնալ աղէտէն, եթէ մարդիկ, ազգեր եւ երկիրներ առաջնորդուին նախնական այն իմաստութեամբ, որ կ’ըսէ, թէ ամէն մարդ թող իր գլխուն ճարը նայի, գլուխը թող փրկէ:

Առաջին հերթին բոլոր մակարդակներու ՄԵԾԵՐ-ը, ընտանեկան յարկէն մինչեւ իշխանութիւններու բարձրագոյն ոլորտները, օրինակելի պէտք է ըլլան:

Եւ դադրին Հոպզի բնորոշած «Մարդը մարդուն գայլն է» ընդունուած, տիրող եւ միայն մակերեսային կերպով մերժուող հակաիմաստութենէն:

Եթէ հետեւինք տեղական եւ միջազգային յարաբերութիւններու ընթացքին եւ լրատուութեան, տխրութեամբ պիտի նկատենք, որ կեանքը կը շարունակուի նոյն անցեալը կրկնող մրցակցութիւններու եւ թշնամութիւններու թափով, կարծէք միլիոններու կեանքը խլող եւ միլիոններու կեանքին սպառնացող ժահրը հեռու մոլորակի մը վրայ մահ կը սփռէ:

Կացութիւն, որ մենք մեզ ճանչնալու մղող ֆրանսացի իմաստուն Վոլթերի երեք դար առաջ ըսած խօսքը կը յիշեցնէ. «Ան կը պատկերացնէր, որ մարդի կարդար եւ այնպէս ինչպէս որ են, զիրար բզքտող միջատներ են ցեխի պզտիկ հիւլէի մը վրայ»**:

Իմաստութեան ի՜նչ հրաւէր… եւ յոռետեսութիւն:

Եւ կը շարունակուին չարաշահումները, աւազակութիւնները, պատերազմները, միշտ աւելի կատարելագործուող զէնքերով, «ցեխի պզտիկ հիւլէի մը վրայ», այնպէս, որ կարծէք մարդկութիւնը չէ ունեցած մեծ իմաստուններ, բարութիւն եւ եղբայրութիւն քարոզած եւ քարոզող կրօններ:

14 մարտ 2021, Նուազի-լը-Կրան

————————–

* Covid 19 կամ coronavirus.

** «Il se figurait alors les hommes tels qu’ils sont en effet, des insectes se dévorant les uns les autres sur un petit atome de boue». Voltaire

Previous Post

Hong Kong democracy leaders found guilty over peaceful 2019 protest

Next Post

The father, the son and the racist spirit: being raised by a white supremacist

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.