Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան
Թանկագին եղբարներ եւ քոյրեր
Խոր է վիշտը մեր սրտին։ Այս առաւօտ Մեղրիկ Սրբազանը թողուց այս աշխարհը ու մեկնեցաւ աշխարհի Ստեղծիչին մօտ։
Սիրելի Սրբազան, Դուք սիրուեցաք բոլորին կողմէ ու սիրեցիք բոլորը։ Յարգուեցաք բոլորին կողմէ ու յարգեցիք բոլորը։ Ծառայեցիք բոլորին՝ յատկապէս աղքատին ու որբին։ Օգնեցիք բոլորին՝ յատկապէս տկարներուն ու թշուառներուն։ Ընդգրկեցիք բոլորը՝ յատկապէս անտէրն ու անտիրականը։ Ուր որ գացիք եւ որու որ հանդիպեցաք՝ ուրախութիւն սերմանեցիք, կթոտ ձեռքերը զօրացուցիք, կեանքէն յուսահատին՝ կեա՛նք տուիք, աշխատելու իր եռանդը կորսնցուցածին՝ աշխատելու խթա՛ն հանդիսացաք, ցաւի պատճառով իր ժպիտը կորսնցուցած մարդուն՝ ժպիտ ու խի՛նդ տուիք, եւ այս բոլորին կողքին՝ Դուք բոլոր մարդոց քայլերը դէպի Քրիստոս ուղղեցիք, դէպի Աստուծոյ փառաբանութիւնը դարձուցիք, դէպի աղօթական կեանք մղեցիք, եւ անոր համար ալ, Դուք պիտի ապրիք բոլորիս ու բոլորին սրտին մէջ՝ ճիշդ ինչպէս Ձեր ուսուցիչը՝ Զարեհ Արք․ Ազնաւորեանը կ’ապրի։ Ուստի, Սրբազան Հայր, ահա թողուցիք երկիրը ու մեկնեցաք երկինք՝ որ այնքան սիրեցիք ու պատգամեցիք Ձեր երկրաւոր օրերուն։ Սիրելի Սրբազան, Գացէ՛ք Աստուծոյ Գառնուկին մօտ՝ որուն փառքը երգեցիք ամէն օր։ Կշտացէ՛ք Սուրբ Գառնուկին քաղցրութեամբ՝ որուն սուրբ Սեղանին շուրջ դարձաք սրբութեամբ։ Վայելեցէ՛ք զԱստուած՝ որ այս տխուր աշխարհին մէջ Ձեր հրճուանքի աղբիւրը դարձուցիք։ Ըմբոշխնեցէ՛ք Յիսուսի սէրը՝ որով ու որուն համար ապրեցաք։ Տեսէ՛ք Անտեսանելին՝ որուն տեսութեան համար տոչորեցաք։ Եւ մի՛ մոռնաք Սրբազան, Ձեր ու մեր Ուսուցիչին՝ Զարեհ Սրբազանին միացած՝ աղօթելու ու բարեխօսելու Ձեզ սիրողներուս համար, որպէսզի կարենանք քալել այն ճամբէն որ Դուք քալեցիք, եւ հասնիլ այն երջանկութեան՝ որուն մէջ էք Դուք այժմ։