Երկուշաբթի, 30 օգոստոս 2021-ին, կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի հրաւէրին հիման վրայ ներկայ գտնուեցաւ նախագահական պալատի արարողութեան եւ պաշտօնական ընթրիքին, որուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Ռոպըրթ Մենենտեզ պարգեւատրուեցաւ «Մակարիոս Գ.-ի մեծ խաչ»-ի բարձրագոյն շքանշանով:
Նոյն օրը յետմիջօրէին, Ռոպըրթ Մենենտեզ` ընկերակցութեամբ Վարդգէս Մահտեսեանի, հանդիպում մը ունեցաւ կիպրահայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:
Այս առիթով պետական ներկայացուցիչը, ի նշան երախտագիտութեան, յուշանուէր մը յանձնեց Մենենտեզին, հայութեան հանդէպ անոր ցուցաբերած հետեւողական զօրակցութեան, եւ մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պատմական որոշումին ի նպաստ անոր ունեցած անուրանալի դերակատարութեան համար: