ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
Երբ Կը Բացակայի Ինքնաճանաչումը
Ամէն հայ մարդ, անկախ իր քաղաքական հայեացքներու
նրբերանգներէն, պարտաւորուած պէտք է զգայ կարելւոյն
չափ օգտակար ըլլալ հայրենիքին պետական քաղաքականութեան
գործընթացին:
Այսօր ցաւալի երեւոյթ է, երբ Արցախեան պատերազմին
հողային տարածքներու մեր կորուստները պատճառ
դարձան պառակտելու մեր ազգին ոյժերը:
Յաղթանակ էր, հայ զինուորներուն հերոսական սխրանքը,
բայց դարձաւ պարտութիւն, ներքին եւ արտաքին
դաւադրութիւններու հետեւանքով:
Այսօր, անարգ թշնամին օգտուելով Հայաստանի քաղաքական
ներքին իրավիճակէն, խուժեց Հայաստանի սահմաններէն ներս,
սպառնալով երկրի անվտանգութեան:
Հայրենասիրութիւն է միթէ՞, երբ մեր երկրին սահմանները կը վտանգուին,
մենք կը շարունակենք իրար մեղադրել, իրար որակելով
բազմաթիւ պիտակներով:
Կը զբաղինք իրար խծբծելով, երկիրը տանելով նոր ցնցումներու,
ուրախացնելու մեր թշնամին:
Կը մոռնանք, որ Հայրենիքին կայունութիւնը ապահովելու համար,
մեզմէ կը պահանջուի ոյժերու եւ կարողութիւններու մէկտեղում:
Ե՞րբ պիտի փորձենք վեր բարձրանալ մանրուքներէն:
Ե՞րբ հայ միտքը պիտի ազատի մեզ կաշկանդող նախապաշարումներէն
ու ապականող բարքերէն ըմբռնելու , թէ օրհասական պահերուն
Հայրենիքին շահը վեր է ամէն բանէ:
Հայրենասէր մարդը, ճգնաժանային այս օրերուն, կը պարտի իր
անձնուրաց զոհաբերութեամբ, հայրենիքին ծառայելու
պատրաստակամութեամբ, իր տարակարծութիւնները մէկդի դնելով,
իր բոլոր կարողութիւնները ի սպաս դնէ Հայրենիքի բարօրութեան:
Երբ պիտի կարենանք հայրենիքին հանդէպ մեր սէրը,
գիտակցական հիմերու վրայ դնել:
Գիտակցիլ՝ թէ քաղաքական վէճերով ու կռիւներով,
մեր անհաշտ կեցուածքով հայրենիք չենք փրկեր:
Մինչեւ ե՞րբ դրամի պաշտամունքով ու փառքի տենչով պիտի
սնանին այլասերած մարդիկ:
Մինչեւ ե՞րբ անցնող տասնամեակներու անօրինականութիւնները,
բարոյական խաթարուած սկզբունքներն ու աղաւաղուած
քաղաքական գաղափարները, պիտի իշխեն հասարակութեան մէջ:
Երբ իշխանաւորներուն համար հայրենիքը չէր առաջնահերթութիւն,
այլ անձնական շահը, հարստութիւն դիզելու ուժեղ մարմաջը:
Ինչպէս կարելի է շարունակել անցեալի անօրինակութիւնները,
երբ երկիրը կեղեքող մարդիկ հսկայական հարստութենէն
չզրկուելու համար, դրամի ոյժով ամէն տեսակի միջոցներ
կը գործադրեն վերականգնելու « քրէաօլիգարխիկ» համակարգը:
Անհերքելի ճշմարտութիւն մըն է, ազգը եթէ չ՜ուզեր իր սխալները
ճանչնալ եւ ինքզինք ուղղել, դատապարտուած է կորստեան:
Մի՞թէ այս բոլորը հետեւանքը չէ՞ մեր ազգին
քաղաքական տհասութեան:
Այն ինչ ապցոյցն է, թէ որքան հեռու ենք պետական
մտածողութենէն:
Երբ մինչեւ այսօր դեռ չենք կրցած ըմբռնել
պետութեան ու պետականութեան արժէքը:
Ինչեր կորսնցուցինք, մեր անհանդուրժողութեան եւ
օտարին ծառայելու պատճառով:
Քոչուոր ցեղը իր դիւանագիտութեամբ դարձաւ ազգ
եւ ժողովուրդ, ստեղծեց ուժեղ պետութիւն:
Մենք կերտեցինք դարաւոր բարձր մշակոյթ,
բայց մեր քաղաքական մտածելակերպով դեռ կը մնանք
նախնական ազգ:
Ի~նչ հայրենասիրութիւն, երբ կը բացակայի ինքնաճանաչումը…