Միացեալ Նահանգները Արցախի խնդիրը լուծուած չեն նկատեր:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսին` նշելով, որ այդ հարցը համապարփակ լուծման կարիք ունի:
«Մենք Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը լուծուած չենք նկատեր եւ կը գտնենք, որ երկու երկիրներուն միջեւ այս հարցերու կարգաւորման նպատակով համապարփակ լուծման կարիք կայ», նշած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը: