Հինգշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2018-ին «Վանայ Ձայն»-ի «Բաց քննարկում» յայտագիրին ընթացքին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան անդրադարձաւ Լիբանանի հայոց թեմի գործունէութեան եւ իր աշխատանքներուն: Յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ Րաֆֆի Տեմիրճեանը: Հարցազրոյցը իր ամբողջութեան մէջ կը հրատարակենք երկու յաջորդական էջերով:
«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ».- Սրբազա՛ն հայր, նախ պիտի խնդրենք, որ ներկայացնէք Հայ եկեղեցի եւ ժողովուրդ հասկացողութիւնները:
ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ.- Երբ հայ եկեղեցի կ՛ըսենք, արդէն իսկ կը հասկնանք մեր ժողովուրդը, եւ այս իմաստով ես պիտի նախընտրեմ, որ ըսենք Հայ եկեղեցի-ժողովուրդ եւ ոչ թէ` Հայ եկեղեցի եւ ժողովուրդ: Այսինքն եկեղեցին ինքնին ժողովուրդն է. եկեղեցաբանականօրէն այսպէս է: Մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս ինք ըսաւ, որ` «Ուր որ քանի մը անձեր իմ անունովս կը հաւաքուին, ես հոն` անոնց մէջ եմ»: Անշուշտ հոս բանալի հասկացողութիւնը Յիսուս Քրիստոսի անունով հաւաքուիլն է: Եթէ երթանք մինչեւ քրիստոնէութեան առաջին դարը, երբ Քրիստոսի երկու առաքեալները` Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս եկան եւ քրիստոնէութիւնը քարոզեցին Հայաստանի մէջ եւ իրենց արիւնով կնքեցին իրենց հաւատքը, քրիստոնէութեան հիմնաքարը դրին մեր ժողովուրդի սրտին մէջ, եւ քրիստոնէութիւնը աստիճանաբար շաղախուեցաւ մեր հայեցի ինքնութեան հետ ու դարձաւ «գոյն մորթոյ»: Այսօր ալ մենք կը տեսնենք, որ կարելի չէ անջատման գիծ մը դնել եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին միջեւ, հաւատքին եւ մշակոյթին միջեւ: Այս իմաստով, մեր եկեղեցին միշտ եղած է մեր ժողովուրդին հետ եւ եղած է նոյնինքն մեր ժողովուրդը: Եկեղեցին անշուշտ ունի իր նուիրապետական կառոյցը եւ այդ կառոյցին ընդմէջէն կը սահմանէ իր ծառայութիւնը, իր առաքելութիւնը: Այսօր մարդկային ընկերութեան մէջ ամէն մէկ կառոյց ունի իր դրուածքը, ունի իր սահմանադրութիւնը, ունի իր կանոնները, ունի իր մարդուժը, ունի իր տնտեսական կարելիութիւնները, եւ այդ իմաստով եկեղեցին եւս այդ կազմակերպական դրուածքը պէտք էր ունենար եւ ունի: Եկեղեցւոյ հիմնական առաքելութիւնը ծառայութիւնն է, եւ եկեղեցին Աստուծոյ ու ազգին տունն է միաժամանակ: Այս հասկացողութեամբ, այն, ինչ որ կը կատարէ եկեղեցին, հոգեւոր եւ ազգային առաքելութիւն եւ ծառայութիւն է, եւ այս մէկը մենք շեշտակիօրէն կը տեսնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պարագային, որուն մասին ես կրնամ իմ ապրած փորձառութեամբս վկայել: Ես կազմաւորուած եմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ, ծառայած եմ թէ՛ կաթողիկոսարանին եւ թէ՛ Պիքֆայայի դպրեվանքին մէջ, ապա` Քանատայի եւ Ամերիկայի մեր թեմերուն մէջ, աւելի քան 15 տարի որպէս միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու պատասխանատու առիթ ունեցած եմ շփուելու զանազան եկեղեցիներու, կրօններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ: Ամէն տեղ, մանաւանդ օտար շրջանակներու մէջ ըսած եմ, որ մենք ժողովուրդի՛ն եկեղեցին ենք: Այո՛, մեր ժողովուրդը ներկայ է մեր հաւաքական կեանքին մէջ` եկեղեցւոյ կեանքին մէջ` թէ՛ սահմանադրականօրէն եւ թէ՛ զանազան մակարդակներու վրայ, եւ այս մէկը մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան ուժականութիւնն է: Երբ եկեղեցի կ՛ըսեմ, չեմ հասկնար միայն կիրակնօրեայ արարողութիւնը կամ խորհրդակատարութիւնները, այլ` եկեղեցւոյ ամէնօրեայ կեանքը: Մեր ժողովուրդը ներկայ է որպէս թաղականութիւն, տիկնանց յանձնախումբ, դպրաց դաս, կիրակնօրեայ, Ազգային վարչութիւն, Ազգային երեսփոխանական ժողով, զանազան յանձնախումբեր, խորհուրդներ եւ այլն: Այս ներկայութիւնը մասնակցողի ներկայութիւն է: Հոգեւորականութիւն եւ աշխարհական դաս միասնաբար կը կազմեն եկեղեցին, եւ այդ եկեղեցին հոգեւոր, ընկերային, մշակութային, ազգային իր բոլոր բնագաւառներով կը կազմէ մէկ ընտանիք, մէկ ամբողջութիւն: Բնականօրէն դերերը եւ պարտականութիւնները սահմանուած են, սակայն առաքելութիւնը մէ՛կ է, ուղին մէ՛կ է, եւ այդ միութեան մէջ մենք կը զգանք մեր ներուժը` որպէս նոյն առաքելութեան լծուած աշխարհական եւ հոգեւորական հաւատացեալներ:
«Վ. Ձ.».- Սրբազա՛ն հայր, մէկութեան գաղափարը գոյութիւն ունի, բայց պէտք է նաեւ անկեղծ եւ առարկայական ըլլանք, որ այստեղ ժողովուրդ-եկեղեցի հասկացողութեան մէջ մենք դժուարութիւններ եւ խնդիրներ ունինք, որուն մէջ պատասխանատուութեան բաժին ալ պէտք է վերցուի: Այսօր մեր երիտասարդութիւնը օրըստօրէ կը հեռանայ մեր ազգային եւ հոգեւոր արժէքներէն: Այս իմաստով ի՞նչ ծրագիրներ ունիք:
ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ.- Երբ մենք կը խօսինք եկեղեցւոյ մասին, պէտք է շատ յստակ ընդգծենք, որ եկեղեցին ծուխն է, հովուութիւնն է, եւ ճիշդ է ձեր ընդգծումը, որ այդտեղ մենք հսկայ աշխատանք ունինք կատարելիք: Մենք ընկերութեան մէջ կ՛ապրինք, որ քարացած իրականութիւն մը չէ, այլ յարափոփոխ է: Տասը կամ քսան տարի առաջ պայմանները տարբեր էին, իսկ այսօր տարբեր են: Այդ բոլորէն մեկնելով` մենք այսօր պէտք է անդրադառնանք, որ լիբանանահայութեան կեանքին մէջ մեր աւանդական ծուխերը` թէ՛ որպէս քանակ եւ թէ՛ որպէս աշխարհագրական տարածք, նոյնը չեն: Ժամանակին երբ մենք զգալի թիւ մը ունէինք Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ շրջանին մէջ, այսօր այդ թիւը չունինք: Մեր ժողովուրդը տեղաշարժ արձանագրած է դէպի Անթիլիասէն մինչեւ Ժունիէ եւ աւելի անդին: Սակայն, որպէս աւանդական եւ պատմական եկեղեցի, երբ մենք եկեղեցւոյ շէնքին մասին կը խօսինք, չենք կրնար պարզապէս մեր ունեցած եկեղեցիները հայաթափուած շրջաններու մէջ ուրիշներուն վարձել կամ ծախել եւ երթալ նոր շրջաններու մէջ նոր եկեղեցիներ կառուցել եւ փորձել այդ եկեղեցւոյ շուրջ խմբել մեր ժողովուրդը եւ ըսել, որ հարցը լուծեցինք: Այսօր անշուշտ օրհնութիւն եւ բարեբախտութիւն է, որ Անթիլիասի եւ շրջակայքի մէջ ունինք Անթիլիասի մայրավանքը` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարով, եւ մենք թէ՛ որպէս կաթողիկոսարան եւ թէ՛ որպէս Ժունիէի եւ շրջակայից ծուխ չենք տարանջատուած իրարմէ, այլ մէկ ամբողջութիւն ենք, եւ այդ իմաստով ճիշդ է որ այդ շրջանին մէջ եկեղեցւոյ շէնք չունինք, սակայն ծուխ ունինք: Պատահականութեան արդիւնք չէ, որ հոն երեք քահանաներ ունինք: Շրջանը տարածուն է, եւ մեր քահանայ հայրերէն կ՛ակնկալուի թէ՛ շրջանը կազմակերպել եւ թէ՛ միաժամանակ իրենց հովուական աշխատանքը կատարել` տուներ այցելելով, երիտասարդներու հետ հաղորդակցելով եւ զանազան այլ նախաձեռնութիւններով: Անշուշտ երիտասարդութիւնը մեզի համար կը մնայ հիմնական մտահոգութիւն, որովհետեւ մենք ինքնաքննութեամբ պիտի ընդունինք, որ երիտասարդութիւնը այսօր իր ուսումով, իր ակնկալութիւններով, իր փորձառութեամբ, իր ժամանակի սղութեամբ մեր եկեղեցւոյ յատկապէս արարողական եւ ամէնօրեայ կեանքին մէջ փոքրաթիւ ներկայութիւն է: Կան երիտասարդներ, որոնք կը ծառայեն եկեղեցւոյ խորանին վրայ` դպիր, սարկաւագ, կիսասարկաւագ, կամ կիրակնօրեայ դպրոցներու ճամբով, դպրաց դասերու մէջ, հոգեւոր խմբակներու մէջ, սակայն ասոնք բաւարար չեն: Մեր երիտասարդութիւնը եկեղեցի բերելու համար եկեղեցին պէտք է երթայ մեր երիտասարդութեան մօտ: Մենք երիտասարդութիւնը մեր շուրջ համախմբելու ճիգ մը սկսանք կատարել, բայց` ոչ քարոզչական նպատակով: Եթէ միայն քարոզչական նպատակով ըլլար, այդ պարագային կրնար թիւը մեծ ըլլալ, նկարները խօսուն ըլլային, սակայն յետոյ կրնար կամաց-կամաց մարիլ: Ես ուզեցի նախ կորիզ մը գոյացնել, եւ սկսանք 18-40 տարեկանի սահմաններու մէջ 11 երիտասարդ-երիտասարդուհիներով: Երեք անգամ հանդիպում ունեցանք: Կը հանդիպինք երեքշաբթի օրերը, ժամը 7:30-8:30, առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ եւ կ՛ունենանք շուրջ 25 վայրկեան աստուածաշնչական սերտողութիւն, ապա դարձեալ 20-25 վայրկեան կը փորձենք այդ աստուածաշնչական սերտողութիւնը կապել մեր առօրեային եւ մնացած 10-15 վայրկեանը մեր առօրեան ընդարձակելով` հարց կու տանք իրարու, թէ այս աստուածաշնչական հատուածը եւ մեր առօրեան ինչպէ՞ս կ՛առնչուին մեր աւելի ընդարձակ առօրեային, որ լիբանանահայութիւնն է, մեր եկեղեցին է, Լիբանանն է, եւ Լիբանանէն անդին` Հայաստանն է, Միջին Արեւելքն է, եւ աշխարհն է ընդհանրապէս: Այս նախաձեռնութեան նպատակը եւ կամաց-կամաց աճող թիւը, որ իրապաշտ ըլլալու համար կը խորհիմ, որ կրնայ մինչեւ 20-25-ի հասնիլ, մինչեւ նոյեմբերի կէսը պիտի շարունակէ իր ընթացքը: Ապա երիտասարդները իրենք պիտի ըսեն, թէ ի՛նչ կրնան ընել առաջնորդին եւ առաջնորդարանին հետ: Իրենց առաջարկն էր, որ այս աստուածաշնչական սերտողութեան զուգահեռ, սկսինք չորեքշաբթի գիշերները մէկ ժամ տեւողութեամբ ս. պատարագ մատուցել Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ: Կրօնական ժողովին հետ այս նախաձեռնութեան գործնական կարելիութիւնները կը նախապատրաստենք: Այս ս. պատարագը միայն երիտասարդութեան համար պիտի չըլլայ, այլ` մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն համար, եւ կազմակերպողները պիտի ըլլան Կրօնական ժողովը եւ երիտասարդական յանձնախումբը` միասնաբար: Ինչո՞ւ այս ս. պատարագը: Որովհետեւ կիրակի օրերը ս. պատարագի ժամուն կարգ մը հայորդիներ կրնան աշխատանքի ըլլալ, ուրիշներ կրնան այլ պարտաւորութիւններ ունենալ` միութենական եւ այլն, իսկ ուրիշներ ալ գիշերը նախընտրելով` իրենց հոգեւոր սնունդէն մղուած ոչ հայկական եկեղեցիներ կը յաճախեն: Մենք այս ձեւով կ՛ըսենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ գէթ շաբաթը անգամ մը, սկսելու համար, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մենք` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներս կը հրաւիրենք զիրար, որ քով-քովի գանք եւ ս. պատարագով մեր հոգեւոր սնունդը ստանանք: Այո՛, մտահոգ ենք մեր երիտասարդութեամբ եւ անտարբեր չենք, տեղէ մը սկսած ենք աշխատանքի, եւ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ մեր ժողովուրդին մասնակցութեամբ այս նախաձեռնութիւնները կրնան տարածուիլ մեր ծուխերուն մէջ: Ապագային այս կազմաւորուած երիտասարդները կրնան նոյն աստուածաշնչական սերտողութիւնը կատարել իրենց ծուխին մէջ: Ես կը հաւատամ Աստուծոյ առաջնորդութեան եւ մեր բանականութեան: Այս բոլորը փորձեր են: Պիտի փորձենք, եւ երբ արդիւնքը քաղենք, պիտի որոշենք, թէ ինչպէ՛ս յառաջ պիտի երթանք:
«Վ. Ձ.».- Անցնող շաբաթներու ձեր կարճաժամկէտ փորձառութիւններէն մեկնելով` ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք Ազգային առաջնորդարանը:
ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ.- Տակաւին երկու ամիս չեղաւ, որ այս պատասխանատու առաքելութեան լծուած եմ: Մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ ընտրուած եմ Երեսփոխանական ժողովի քուէներով եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ ու վաւերացումով: Գործակցաբար հոգեւոր եւ աշխարհական ծառայակիցներուս` լծուած եմ ինծի վստահուած առաքելութեան ծաւալման: Լիբանանի թեմը իր Ազգային առաջնորդարանով կ՛ըմբռնեմ որպէս մեր համայնքին բաբախուն սիրտը, որովհետեւ Լիբանանի մէջ մենք` որպէս հայ համայնք, ոչ թէ իրաւական առումով միայն կը ներկայանանք մեր առաջնորդարանով, այլ գործնականօրէն կ՛ապրինք համայնքին սիրտը ըլլալու իրականութիւնը: Անշուշտ մեր առաջնորդարանը երէկ չսկսաւ, ինձմով չսկսաւ: Երկար տարիներու կեանք ունի, տասնամեակներ ամբողջ առաջնորդներ եղած են ինձմէ առաջ, Ազգային իշխանութիւններ եղած են, պատասխանատուներ եղած են, անձնակազմ եղած է, մէկ խօսքով, այդ ծառայութիւնը կը շարունակուի: Անշուշտ իւրաքանչիւր առաջնորդ իր փորձառութեամբ, իր կազմաւորումով, իր պատկերացումով, իր տեսլականով առաջնահերթութիւններ կրնայ ճշդել, նոր ծրագիրներ կեանքի կը կոչէ, սակայն հիմնական ընդգծումը կը մնայ նոյնը, որ` մենք լծուած ենք առաքելութեան: Այս առաքելութիւնը կ՛ըմբռնեմ որպէս հովուական ծառայութիւն: Այդ առաքելութեան մէջ բոլորս մասնակից պէտք է ըլլանք: Մասնակից ենք արդէն որոշ իմաստով: Առաջնորդը ժողովուրդին առաջնորդն է, առաջնորդարանը ժողովուրդին առաջնորդարանն է, եւ մենք մեր բոլոր կարելիութիւնները պէտք է օգտագործենք ժողովուրդին հետ ըլլալու համար: Առաջնորդարանը ներկայութիւն է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Ազգային առաջնորդարանին մէջ ինչ որ մենք կը կատարենք, բաւարար չեմ նկատեր: Իմ կեանքի սկզբունքս է ունենալ նախնական կամ առաջնային աստիճանը, որ միշտ ինծի համար եղած է «լաւ»-ը: Ես կը հաւատամ իրապաշտ լաւատեսութեան: «Լաւ»-ը առաջին սանդղամատը պէտք է ըլլայ մեր աշխատանքին, մեր ծրագիրներուն: Անկէ ետք կու գայ «աւելի լաւ»-ը եւ իտէալականը` գերագոյնը, որ «լաւագոյն»-ն է: Մենք պէտք է փորձենք նախ եւ առաջ «լաւ»-ի մակարդակին վրայ ըլլալ: «Լաւ»-ը ընենք, «աւելի լաւ»-ը փորձենք եւ «լաւագոյն»-ին ձգտինք: Այս իմաստով, ես իմ խղճիս դիմաց կրնամ ըսել, որ առաջնորդ ընտրուելէս մինչեւ այսօր փորձած եմ, կը փորձեմ եւ պիտի փորձեմ այս սկզբունքը յարգել եւ կը ջանամ իմ գործակիցներուս ալ փոխանցել այս սկզբունքին անհրաժեշտութիւնը, հրամայականը եւ ուրախ եմ ըսելու, որ զանազան բնագաւառներու մէջ մենք այս սկզբունքով կը գործենք եւ կը հաւատանք, որ յաջողութիւններ ալ կ՛արձանագրենք եւ աւելին ալ պիտի արձանագրենք:
(Շար. 1)