Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Մենք պիտի ապահովենք օրինաթիւ, եւ կը ձգտինք նախագահ ընտրել բարձր մեծամասնութեամբ». շեշտեց Յ. Բագրատունի

March 8, 2023
in Mobile Home, Newsletter, Հարցազրոյցներ
0
«Մենք պիտի ապահովենք օրինաթիւ, եւ կը ձգտինք նախագահ ընտրել բարձր մեծամասնութեամբ». շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան ոեւէ թեկնածու պէտք է հանրապետութեան նախագահ ընտրուի խորհրդարանին օրինական մեծամասնութեան քուէներով:

Անդրադառնալով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը որդեգրելու որոշումին` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ նման պաշտօնական կեցուածք այս փուլին համար նոր դուռ մը կը բանայ:

«Կ՛ենթադրեմ ժամանակն է արդէն, որ Ֆրենժիէ եւ այլ թեկնածուներ իրենց թեկնածութիւնը առաջադրեն, ուղղուինք խորհրդարան եւ սահմանադրութեան համաձայն` խորհրդարանի անդամներու երկու երրորդին ներկայութեան, ընտրենք հանրապետութեան նախագահը: Լիբանանի գերագոյն շահերը կը պարտադրեն, որ հանրապետութեան նախագահութեան հասնելիք ոեւէ թեկնածու ապահովէ խորհրդարանի մեծամասնութեան քուէները: Հակառակ անոր որ 65 քուէով հանրապետութեան նախագահ ընտրելը սահմանադրական է, սակայն այդ իրականութիւնը չի նպաստեր, որ երկրին քաղաքական տագնապը լուծուի եւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ արձանագրուած ներքին ուղղահայեաց երկփեղկումին վերջ մը տրուի», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի մտահոգութիւն յայտնեց, որ  65 քուէով հանրապետութեան նախագահ ընտրուիլը առիթ պիտի չընծայէ նախագահին, որ իր վեց տարուան նստաշրջանը բնական կերպով կարենայ իշխել:

Ան ցաւ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ երկխօսութեան առաջարկին ընդառաջում չարձանագրուեցաւ, յատկապէս քրիստոնեայ քաղաքական ուժերուն կողմէ: «Հաւանաբար անոնք յուսախաբ եղած էին նախորդ երկխօսութիւններուն ապարդիւն ըլլալէն, սակայն հանդիպումը եւ նոյն սեղանին վրայ ըլլալու իրականութիւնը կրնար տեսակէտներու փոխանակում կատարելու առիթ տալ եւ Լիբանանի փրկութեան ընթացքին առումով նախաքայլը արձանագրել», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Անդրադառնալով այն հարցադրումին, թէ նման պարագաներու սովորաբար Պքերքէի մէջ միջքրիստոնէական հանդիպում կը կատարուի, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ հանդիպումներուն անուանումը անճիշդ է, որովհետեւ սովորաբար մարոնի ղեկավարներն են, որոնք կը հանդիպին, հետեւաբար անոնք միջմարոնիական հանդիպումներ են:

Ան աւելցուց, որ այս ճշմարտութեան մասին ինք խօսած է մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ` իրենց վերջընթեր հանդիպումին, երբ Ռայի պատրիարքը այցելած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, եւ այդ հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ինք:

«Հիմնուելով Ռայի պատրիարքին եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին մտահոգութիւններուն վրայ` հանդիպումին ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոսը առաջադրեց նախաձեռնութիւն մը, թէ ինչո՞ւ կարելի չէ կազմակերպել քրիստոնեայ երեսփոխաններու ընդարձակ հանդիպում մը, որովհետեւ ճիշդ է, որ հանրապետութեան նախագահը մարոնի է, սակայն հանրապետութեան նախագահութեան պաշտօնը քրիստոնեայ համայնքին կը պատկանի: Ռայի պատրիարքը ողջունեց առաջարկը, որուն առաջին փուլը պիտի ըլլար քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերուն հանդիպումը եւ ապա երեսփոխանական ընդարձակ հանդիպումը», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ առաջին հանդիպումը, այլ խօսքով` քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերուն հանդիպումը կատարուեցաւ առաջարկէն շաբաթ մը ետք: Հանդիպումին ընթացքին հոգեւոր պետերը Ռայի պատրիարքէն խնդրեցին իր հաղորդակցութիւնները կատարել եւ խորհրդակցիլ քրիստոնեայ քաղաքական ուժերուն հետ: «Լիբանանեան ուժերը մերժեցին, նոյնպէս` Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը, Մարատա հոսանքին կեցուածքը անյստակ էր, Ազգային ազատ հոսանքն ու ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ողջունեցին», նշեց ան` աւելցնելով, որ անոնց պատճառաբանութիւնը այն էր, որ եթէ չկրցան արդիւնքի մը յանգիլ, ապա ձախողած կ՛ըլլան:

«Նախաձեռնութիւնը ողջունեցինք նաեւ մենք, որովհետեւ նախագահական ընտրութիւնը միայն քրիստոնեայ համայնքին պատասխանատուութիւնը չէ, այլ նաեւ` ազգային եւ լիբանանեան պատասխանատուութիւն է, եւ ես իբրեւ երեսփոխան ո՛չ միայն հայ համայնքին, այլ նաեւ իւրաքանչիւր լիբանանցիի պաշտպանն եմ: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ այն իրականութիւնը, որ ամբողջ արաբական աշխարհին մէջ Լիբանանի նախագահն է միայն, որ քրիստոնեայ է: Այս մասին պէտք է խորքային ըլլալ», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ ինք կը հաւատայ տակաւին, որ կարելի է այս իմաստով երկխօսութիւն մը կատարել:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը անկասկած խորհրդարանի օրինաթիւը չի խախտեր` աւելցնելով, որ սակայն պէտք է թեկնածուները յստակ ըլլան, եւ պէտք է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն որոշում տուած ըլլայ ո՛ր թեկնածուն ընտրելու իմաստով:

Պատասխանելով հետեւեալ հարցումին, որ եթէ խորհրդարանը անմիջապէս նիստ մը գումարէ` ունենալով երկու թեկնածուներ, որոնք են Սլէյման Ֆրենժիէն եւ Միշել Մուաուատը, Հայկական երեսփոխանական պլոքը զո՞վ կ՛ընտրէ, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Միշել Մուաուատի հանդէպ մեր ամբողջ սիրով ու յարգանքով հանդերձ կ՛ընտրենք Սլէյման Ֆրենժիէն, որովհետեւ ան մեզի կը ներկայացնէ:

Նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին պարագային արձանագրուած արտաքին միջամտութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի վերահաստատեց, որ լիբանանցիներուն կողմէ է, որ օտար պետութիւններուն առիթ կը տրուի միջամտելու լիբանանեան ներքին հարցերուն, «հետեւաբար իւրաքանչիւր երկիր ինքն իր շահերուն մասին մտածելով է, որ միջամուխ կը դառնայ Լիբանանի ներքին հարցերուն», շեշտեց ան` ընդգծելով, որ ազգային կեցուածքը եւ լիբանանեան համախոհութիւնը կարեւոր են օտարին առիթ չտալու` Լիբանանի ներքին հարցերուն միջամտելու իմաստով:

«Լիբանան արտաքին աշխարհին ուշադրութեան առարկան չէ: Լիբանանի բնական կազը, Իսրայէլը, Եմէնը, Ուքրանիան եւ Իրանի հիւլէական թղթածրարը կրնան անոնց ուշադրութեան կեդրոնը ըլլալ, սակայն ո՛չ Լիբանանն ու անոր շահերը եւ ո՛չ ալ լիբանանցիները», հաստատեց Յ. Բագրատունի:

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին թուիթըրեան գրառումներուն մեկնաբանութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ Սէուտական Արաբիան Լիբանանին բարեկամ երկիր է եւ մնայուն կերպով զօրակցած է Լիբանանին: Բայց եւ այնպէս Ռիատ ունի իր քաղաքականութիւնը, յարաբերութիւնները, հարցերը եւ շրջանային առումով իր մտահոգութիւնները, յորդորելով, որ պէտք է սպասել:

Փարիզի մէջ կատարուած հնգակողմանի հանդիպումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ ունի տեղեկութիւններ, թէ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ առաջարկած է Սլէյման Ֆրենժիէն հանրապետութեան նախագահ ընտրել եւ անոր զուգահեռ Նաուաֆ Սալամը վարչապետ նշանակել, «կան նաեւ Սլէյման Ֆրենժիէն հանրապետութեան նախագահ ընտրելու եւ անոր զուգահեռ Նեժիպ Միքաթին վարչապետ նշանակելու, կամ զօր. Ժոզեֆ Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու եւ անոր զուգահեռ Նաուաֆ Սալամը վարչապետ նշանակելու առաջարկները, բայց եւ այնպէս ներկայիս մենք կը խօսինք հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան մասին եւ ոչ թէ վարչապետի նշանակման: Նախագահի ընտրութեան եւ վարչապետի նշանակումին մասին փաթեթի մը մասին չէ խօսքը», յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց նաեւ, որ ինք լաւատես չէ, որ կարելի պիտի ըլլայ յառաջիկայ երկու կամ երեք շաբաթներուն ընթացքին հանրապետութեան նախագահ ընտրել:

Լիբանանը տառապեցնող տագնապներուն համադրուած եւ ծրագրուած ըլլալուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Երբ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի սպաննուեցաւ, մեկնաբանութիւնս այն էր, որ այդ անարգ սպանութիւնը պէտք չէ հարաւային Լիբանանի ազատագրման շրջագիծէն դուրս դիտել: 2000-ին հարաւային Լիբանանի ազատագրումը եւ իսրայէլեան ուժերուն նահանջը Իսրայէլի համար մեծ ու հզօր հարուած էին: Հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան ուժերուն առասպելական ներկայութիւնը ձախողեցաւ, եւ Լիբանանը հարուածելու որոշումը տրուեցաւ հարաւային Լիբանանի ազատագրումէն ետք: Առաջին հարուածը Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնն էր, եւ 2005-էն ի վեր արդէն իսկ կը վկայենք իրերայաջորդ տագնապները: Անոնք, որոնք իրենց զէնքով չկրցան պարտադրել, որ Լիբանան ծնրադրէ, որդեգրեցին մեղմ քաղաքականութիւնը` տնտեսական, դրամատնային, առողջապահական եւ ընկերային տագնապներ, յեղափոխութիւն եւ այլն: Այսօր ամէն մարդ ուրախ է եւ հանգիստ, որ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը 90.000-էն իջած է 80.000 լ. ոսկիի: Մոռցան, որ հազարաւոր մարդիկ փողոց իջան, երբ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը 1500 լ. ոսկիէն 2000 լ. ոսկիի բարձրացաւ: Սակայն ի վերջոյ ժողովուրդին մօտ ընտելացում մը սկսաւ, եւ մարդիկ սկսան կտոր մը հացի, քիչ մը պենզինի եւ քիչ մը մազութի համար ապրիլ, եւ ենթարկուիլ ստուերային պետութեան, այսինքն` դրամի կէտերուն եւ դրամատուներուն ու անոնց կողքին գտնուող կարգ մը լրատուամիջոցներու ու քաղաքական անձնաւորութիւններու ցանցի լուծին»:

Պատասխանելով Ռիշար Գույումճեանի կողմէ շիի համայնքի հասցէին վարկաբեկիչ արտայայտութեան մը մասին կատարուած յայտարարութեան եւ այդ մասին հայ համայնքի կեցուածքին մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ հաստատ հայ համայնքը չ՛որդեգրեր Ռիշար Գույումճեանի կեցուածքը, որովհետեւ ան իբրեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ներկայացուցիչ կը խօսի:

«Ռիշար Գույումճեան հայ համայնքը չի ներկայացներ, եւ վստահ եմ, որ ոչ ոք կը հաւատայ, թէ այս կեցուածքը հայութեան կեցուածքն է, այլ` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կեցուածքն է», ընդգծեց ան:

«ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ նման արտայայտութիւն բնաւ չէ արձանագրուած, նոյնիսկ երբ դիտողութիւններ ունենանք, կը փորձենք առանց վիրաւորանքի շրջանցել այդ փուլը», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով զգուշանալու լարուածութենէն:

Ընտրական օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը ընտրական այս օրէնքը մերժած է` աւելցնելով, որ ինք Տոհայի հանդիպումէն ի վեր մաս կազմած է ընտրական յանձնախումբի աշխատանքներուն, մինչեւ այն ժամանակաշրջանը, երբ պիտի եզրակացուէր օրէնքը, եւ կազմուեցաւ աւելի սեղմ յանձնախումբ մը, որմէ ինք դուրս մնաց: «Զգացումը այն էր, թէ որովհետեւ դէմ էի այդ օրէնքին, զիս յանձնախումբէն հեռացուցին: Իսկապէս ալ վկայեցինք ընտրական այս օրէնքին արդիւնքները, մարդիկ 70-80 քուէով կ՛ընտրուին, իսկ ուրիշներ 5-6 հազար քուէով կը պարտուին: Կը վկայեմ սակայն, որ քրիստոնեայ ուժերուն ձգուեցաւ ընտրական օրէնքին շուրջ համաձայնութիւնը: Ազգային ազատ հոսանքն ու Լիբանանեան ուժերը օգտուեցան այս օրէնքէն, սակայն մենք ոչ թէ ձախողեցանք, այլ` չօգտուեցանք ընտրական այս օրէնքէն», նշեց ան:

Սուրիա կատարուած այցելութեան մասին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Սուրիան հարուածած երկրաշարժէն ետք մեր այցելութիւնը կարեւոր էր, որովհետեւ անիկա մարդկային էր, սակայն պէտք է ըսել, որ անիկա քաղաքական այցելութիւն էր` նկատի ունենալով ներկայացուած քաղաքական ուժերն ու կողմերը:

«Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հանդիպումը տեւեց մէկ ժամ 15 վայրկեան, որուն ընթացքին ոչինչ խօսուեցաւ Լիբանանի մասին: Նախագահ Ասատ ներկայացուց Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը` երկրաշարժէն առաջ եւ անկէ ետք: Անոր տրամադրութիւնը բարձր էր` երկրաշարժին հետեւանքները յաղթահարելու իմաստով, ինչպէս նաեւ կը խօսէր արաբական ու  արեւմտեան երկիրներու եւ Սուրիոյ միջեւ բացուած սեւ էջերը փակելու մասին», յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի զարմանք յայտնեց, որ տակաւին կայ Պաշշար Ասատը իշխանութենէն վար առնելու մտայնութիւնը` աւելցնելով, որ այդ մտայնութենէն 10 տարի անցած է, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի մէջ երեք նախագահներ փոխուած են, իսկ Ասատ իր աշխատանքները կը շարունակէ:

Քանի մը օր առաջ Լիբանան-Պաղեստին սահմանամերձ շրջանին մէջ արձանագրուած միջադէպին եւ անոր հպարտութիւնը «Ժողովուրդ, բանակ, Դիմադրութիւն» տարազին վերագրելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Դիմադրութեան յղացքը ինք կը տեսնէ հետեւեալ ձեւով. «Դիմադրութիւնը լիբանանցիներուն դիմադրութիւնն է` թշնամի Իսրայէլին դէմ: Այդ դիմադրութիւնը տարբեր ձեւերով, միջոցներով եւ դերերով կը կատարուի: Այսինքն` շիի կամ ոչ շիի դիմադրող մարտիկը հարաւային Լիբանանի մէջ մաս կը կազմէ դիմադրութեան, ուսուցիչը` Պուրճ Համուտի, Աքքարի, Պեքաայի թէ Քեսրուանի մէջ դիմադրող է, որովհետեւ ան կը դիմադրէ Լիբանանի գոյութեան համար: Եթէ մէկը կարողութիւն եւ յանդգնութիւն ունի Իսրայէլի դէմ դիմադրելու, մենք կը զօրակցինք անոր: Եթէ Դիմադրութիւնը կրնայ ուսուցիչին, տանտիկինին, հողագործին եւ այլոց օժանդակել, որ դիմադրեն եւ ստեղծեն դիմադրող լիբանանեան հասարակութիւն, ապա մենք կը զօրակցինք անոր: Անշուշտ լիբանանեան բանակը, որ մեծագոյն եւ կարեւորագոյն հաստատութիւնն է, եւ որուն մէկ սպան իր զէնքով ու անգլերէնով կը փորձէր բացատրել իսրայէլացի զինուորին, որ լիբանանեան հողէն պէտք է դուրս գայ, ապա ան կարողութիւն եւ յանդգնութիւն ունի, ինչպէս նաեւ վստահութիւն ունի, որ իր կռնակը ամուր է եւ ժողովուրդն ու շրջանի բնակիչները կը զօրակցին անոր: Մենք այսօր ուժերու այս հաւասարակշռութեան հասած ենք, եւ ատոր շնորհիւ է, որ լիբանանցի զինուորը կրնայ զէնք բարձրացնել», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

Previous Post

İYİ Party does not rule out CHP’s dialogue with HDP

Next Post

Experts call for relocation of schools in high quake-risk areas

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.