ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Վանայ Ձայն»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան տագնապին եւ լիբանանահայութեան:
ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի աշխատանքներուն եւ շուրջ ամիս մը առաջ գումարուած վեցօրեայ Շրջանային ժողովին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նախորդ երկամեակի գործունէութիւնը քննարկելու եւ յառաջիկայ տարեշրջաններուն ծրագրաւորումը կատարելու համար հաւանաբար վեցօրեայ նիստերը նաեւ քիչ նկատուին, «սակայն պէտք է ըսել, որ իբրեւ ժողովրդավարական կուսակցութիւն, ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցը այն հազուագիւտ կուսակցութիւններէն է, որ ընտրութիւններով փոփոխութիւններ կը կատարէ կուսակցութեան մէջ: ՀՅԴ-ն երկամեայ դրութեամբ կը գումարէ իր Շրջանային ժողովը, որ այս տարի շուրջ 40 ժամ լիագումար նիստեր գումարած է, ուր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացուց 100 էջնոց տեղեկագիր մը իր գործունէութեան մասին: Նիստին ընթացքին մասնակիցները կատարեալ անկեղծութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ հաշիւ պահանջեցին անցնող շրջանի գործունէութեան մասին, տրուեցան բացատրութիւններ, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցան կատարուած աշխատանքները:
Քննարկուեցաւ երկրին կացութիւնը, քաղաքական առումով ՀՅԴ-ի ուղղուածութիւնը, ճշդուեցան յառաջիկային առնուելիք քայլերն ու կատարուելիք աշխատանքը` պահելով ՀՅԴ-ի որդեգրած տասնամեակներու քաղաքականութիւնը` բոլորին հետ յարաբերութիւններ մշակելու, հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու, փոխադարձ յարգանքի, ազգային միասնականութեան պահպանումին, պետական կառոյցներուն զօրակցութեան եւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններու օրակարգը: Քննարկուեցան նաեւ կազմակերպական կացութիւնն ու դժուարութիւնները` նկատի ունենալով, որ ՀՅԴ-ն, որ քաղաքական բոլոր ուժերուն նման կ՛ազդուի պայմաններէն եւ կ՛ազդէ ուրիշին վրայ, նման բոլոր համայնքներուն` ազդուած է իր միութիւններով եւ կազմակերպութիւններով: Քննարկուեցան ՀՅԴ կառոյցը կազմակերպական իմաստով հզօրացնելու, ամրապնդելու եւ արդիականացնելու քայլերը, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան մեր ազգային կեանքին ու կառոյցներուն վերաբերող հարցեր, եւ անհրաժեշտ նկատուեցաւ այդ կառոյցներուն գործունէութիւնը յաւելեալ ուժականութեամբ ծաւալել: Քննարկուեցան նաեւ հիմնականին մէջ երկրին տնտեսական, ընկերային եւ կենցաղային դժուարութիւնները, եւ այս առումով առաջնահերթութիւն նկատուեցաւ ներկայ փուլին ո՛չ միայն շարունակել անցեալին սկսած մեր գործը, այլ մեր պարտաւորութիւնը նկատել, որ մեր ժողովուրդի հետզհետէ դժուարացող պայմաններուն ընթացքին, առաւելագոյն ճիգը պիտի թափուի թէ՛ Լիբանանի մէջ եւ թէ՛ Լիբանանէն դուրս, որ մեր ժողովուրդը` հայութիւնը` ո՛չ միայն ՀՅԴ-ի համակիրները, այլեւ իւրաքանչիւր հայ անհատ իր ցաւին մասին արտայայտուի, եւ մենք կարենանք դարմանը ապահովել:
Շրջանային ժողովին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ յառաջիկայ փուլին գործունէութիւնը շարունակելու պիւտճէական նախատեսութիւնները, համապատասխան կառոյցներ յառաջացնելու, ինչպէս նաեւ ներկայ կառոյցները հզօրացնելու քննարկումներ կատարուեցան, որպէսզի այս ամէնէն վատ օրերուն` լիբանանահայութիւնը առանձին չձգենք», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ երբ լիբանանեան պետութիւնը օրըստօրէ յաւելեալ քայքայումի կ՛երթայ իր պետական կառոյցներով, երբ այլ երկիրներու մէջ բնական ընթացք ունեցող ժողովուրդին տարրական կարիքները կան, սակայն Լիբանանի մէջ պետութեան բացակայութեան պատճառով քաղաքացիները կը տառապին ջուրի, վառելանիւթի եւ ելեկտրականութեան տագնապներէն, հասնելով մինչեւ դեղորայք եւ հիւանդանոցներ, կարիքը կ՛ունենան այլ կառոյցներու, որպէսզի ընդառաջեն ժողովուրդին կարիքներուն:
«Մենք` իբրեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէ, պիտի ընդառաջենք ժողովուրդին կարիքներուն եւ առանց տատամսելու պիտի փութանք անոր օգնութեան, որովհետեւ դաշնակցականը իր դաստիարակութեամբ եւ անցեալի գործունէութեան վկայութեամբ կը փաստէ, թէ ժողովուրդին նեցուկ կը կանգնի: Ժողովուրդը վստահ պէտք է ըլլայ, որ մենք իր կողքին ենք եւ իր կողքին ալ պիտի մնանք: Բնական է, որ դժգոհողներ պիտի ըլլան, տեղի եւ անտեղի ակնկալութիւնները պիտի բազմանան: Ոմանք պիտի շահագործեն այս կացութիւնը, որովհետեւ կը ստեղծուին հոգեբանական իրավիճակներ, որոնց մէջ մարդոց ակնկալութիւնները կը բազմանան, առանց մտածելու, որ ի վիճակի եղող քաղաքացիներ պէտք է առիթ տան, որ օժանդակութիւնները կարիքաւորներուն հասնին: Ամէն պարագայի սակայն, Լիբանանի դիմագրաւած այս ամէնէն դժուար եւ վատ օրերուն հրամայականը կը մնայ մեր ժողովուրդը առանձին չձգել», շեշտեց ան:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի գործունէութեան նախորդ եւ ընթացիկ ժամանակաշրջանները ճգնաժամային կոչելու Շրջանային ժողովի արտայայտութեան եւ անոր յոռետեսական ըմբռնումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ լիբանանցին եւ լիբանանահայը լաւ կը յիշեն 1975-էն ի վեր երկրին ու գաղութին դիմագրաւած տարբեր փուլերն ու մեծ դժուարութիւնները:
«1975-1976 քաղաքացիական պատերազմը, 1978-ի Պուրճ Համուտի ռմբակոծումը, 80-ական թուականներու ներքին պառակտումները, բախումները, իսրայէլեան ներխուժումը, 90-ականներու ազատագրումի պատերազմը, Լիբանանեան ուժերուն եւ բանակին միջեւ կռիւները: Այնուհետեւ տնտեսական դժուարութիւնները, 2000-ի սկիզբը տոլարի սակին բարձրացումը, որուն յաջորդեց որոշ կայունութիւն եւ տնտեսական բարգաւաճում: Այդ թուականներուն եւս ճգնաժամի տարիներ էին, այսինքն` պատերազմը, երբ ամէն օր պողպատ եւ կրակ կը տեղար, ճգնաժամ էր, երբ վիրաւորներուն հիւանդանոց փոխադրութիւնը անկարելի էր, երբ նաւահանգիստներն ու օդակայանը փակ էին, մեր ժողովուրդը ապրած է այս վիճակը: Սակայն այսօր այլ տեսակի դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուինք: Այսօրուան իրավիճակը աւելի շատ հոգիները հարուածող դժուարութիւններ են, քան զուտ կեանքն ու կեանքի ապահովութիւնը:
Պէտք է ըսել, որ 2019-ի սկիզբը արդէն տնտեսական նախատեսութիւններ կատարուած էին, թէ դժուար օրերու դիմաց կը գտնուինք: Այդ առումով 2019-ի Նոր տարուան նախօրէին` «Ուրախացնենք հայ ընտանիք մը» կարգախօսով օժանդակութեան ձեռք երկարած էինք նուազ բախտաւոր ընտանիքներու: Այնուհետեւ հասաւ «Քորոնա»-ն, որուն ընթացքին ստեղծուեցաւ ահաւոր վիճակ: Անկախ հարազատ կորսնցնելու ցաւէն եւ մտավախութենէն, առօրեայ մարդկային յարաբերութիւնները խախտեցան: Անորոշ էր մարդ էակին համար, թէ առաւօտեան կ՛արթննա՞յ եւ մինչեւ կէսօր իր առողջական վիճակը ի՞նչ կրնայ ըլլալ: Հետեւաբար «Քորոնա»-ի համաճարակը լուրջ ճգնաժամ էր: Անոր յաջորդեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը, որ ահռելի հարուած էր: Այս բոլորին կողքին կը շարունակուէին տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապը, դրամատուներու փակումը, աշխատանքէ արձակումները, աշխատանքներու դժուարութիւնները, մարդ անհատին ամէնէն սովորական եւ ընթացիկ կեանքը չկարենալ վարելու դժուարութիւնը: Այս բոլորին վրայ աւելցան առօրեայ տագնապները` ջուր, ելեկտրականութիւն, պենզին, դեղ, հիւանդանոց: Տակաւին պէտք է նկատի ունենալ տնտեսական-ելեւմտական իմաստով միջազգային շրջափակումը` Սուրիոյ եւ Լիբանանի վրայ: Նաեւ մեր ապրած լիբանանեան քաղաքական անելը, այս բոլորը բաւարար են ըսելու, որ ճգնաժամի մէջ ենք: Սակայն այս բառին ժխտական իմաստ պէտք չէ տալ, այլ` նկատի ունենալ, որ անիկա իրատեսական մօտեցում է` պարզուած ներկայ կացութեան, որուն մէջ պէտք է տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս մոմը կրնանք վառել` մութը եւ խաւարը անիծելու փոխարէն: Ճգնաժամը եզր մըն է, որ մեզի իրապաշտ կը պահէ եւ մտածել կու տայ, թէ ի՞նչ պէտք է ընել, որ ժողովուրդը ներկայ ահռելի կացութենէն դուրս գայ նուազագոյն վնասով, կամքի յաւելեալ պողպատացումով, որպէսզի իւրաքանչիւր հայ կարենայ իր կեանքը շարունակել, թերեւս ոչ անցեալի նման, բայց գէթ մարդավայել եւ հայավայել իմաստով», հաստատեց ան:
«Անձնական եւ հաւաքական ի՞նչ միջոցներով պէտք է դիմագրաւել այս ճգնաժամը» հարցումին Յ. Բագրատունի տուաւ հետեւեալ պատասխանը.
«Նախ եւ առաջ պէտք է պահել կամքի որոշումը, հաւաքական կամքի եւ իւրաքանչիւր հայու սեփական կամքի որոշումը, որ պիտի տոկանք, պիտի դիմագրաւենք այս դժուարութիւնները: Անկախ Լիբանանէն, Արցախի տարածքային ամբողջականութեան 70 տոկոսին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յանձնումը նաեւ ահռելի հոգեբանական անկում ստեղծած է հայութեան մօտ: Թերեւս տարօրինակ թուի ոչ հայերուն եւ այլ տեսակ հայերու, թէ լիբանանահայութիւնը ինչո՞ւ այսքան բարոյական ընկճուածութիւն ապրեցաւ` Արցախի պատերազմէն ետք: Այս իրականութիւնը մեզի պէտք չէ յուսահատութեան առաջնորդէ, այլ պէտք է առաջնորդէ պայքարը շարունակելու մեր կամքը պողպատացնելու եւ աւելի զօրաւոր դուրս գալու որոշումի կայացման: Երբ կ՛որոշենք դիմագրաւել, դիմադրել եւ կամքը զօրացնել` անոր հիման վրայ մեր ծրագրաւորումը կը կատարենք: Դժուարութեան մէջ են մեր դպրոցները, մնայուն կերպով այդպէս եղած է վիճակը, որովհետեւ թէ՛ ազգային եւ թէ՛ միւս յարանուանական ու միութենական դպրոցները հայ ժողովուրդին գուրգուրանքին արժանանալով հանդերձ, իրենց զաւակները օտար դպրոցներ ղրկող ծնողներու գուրգուրանքին չեն արժանանար, եւ մեր դպրոցները կը վերածուին հաստատութիւններու, ուր անպայման զօրակցութիւնը անհրաժեշտ է` պահելու համար հայ դպրոցը: Հայ դպրոցին պահպանումը էական է, իսկ ապակողմնորոշող է այն մտայնութիւնը, որ ուսուցիչներուն ամսական աշխատավարձերը վճարուին: Հայ դպրոցը կը պահուի իր հաստատութեամբ, իր աշակերտներով, իր ծնողներով` ազգային եւ յարանուանական իշխանութիւններու գուրգուրանքով, ապա` հայ ուսուցիչով: Ուսուցիչը հոն կը դասաւանդէ, որովհետեւ հայ դպրոց կայ. ուսուցիչը միջոց է, իսկ հայ դպրոցը պահպանելն է էականը, որովհետեւ հայ դպրոցը պահպանելով է, որ հայութիւնը կը պահպանենք: Հայ դպրոցը եթէ չպահենք, պէտք չէ խօսինք հայ եկեղեցւոյ, հայ մշակոյթի, հայկական ինքնութեան եւ հայկական քաղաքական ուժեղութեան մասին:
Հայ դպրոցները պիտի պահուին, մշակութային, մարզական, բարեսիրական, հայրենակցական միութիւնները պիտի պահուին, որովհետեւ եթէ հայութիւնը կ՛ուզենք պահել` անոնցմով պիտի պահենք: Այս բոլորը պահպանելու համար կայ հաւաքական ճիգի կարիքը` Լիբանանի մէջ, բոլոր հեղինակութիւններուն գործակցութեամբ, թէ՛ յարանուանական, թէ՛ կուսակցական, թէ՛ միութենական: Կայ նաեւ համահայկական ճիգի կարիքը` ի սփիւռս աշխարհի: Մեր սիրելի վեհափառ հօր` Արամ Ա. կաթողիկոսին նախաձեռնութիւնները երբեք կարելի չէ մտահան ընել: Ան հանդէս կու գայ երբեմն այնպիսի գաղափարներով, որոնց մասին մենք մտածած չենք ըլլար, եւ մենք հազիւ կը հասնինք իր նախաձեռնութիւններուն արձագանգելու: Լիբանանի հայութիւն կոչուած արժէքն ու հարստութիւնը պիտի պահենք` նպատակ ունենալով սփիւռքահայութեան ուժեղացումը, Արցախի եւ Հայաստանի համար, ինչքան ալ յուսախաբ ըլլանք Արցախի յանձնումով, ինչքան ալ հայրենի իշխանութիւնները խոտոր համեմատին մեր սկզբունքներուն եւ մեր երեւակայած հայրենիքին ու ապագայի ձգտումներուն: Սակայն Արցախն ալ, Հայաստանն ալ հայրենիք են, հետեւաբար եթէ մենք կ՛ուզենք Լիբանանի հայութիւն կոչուող հարստութիւնը պահել, ապա զայն պիտի պահենք համահայկական նպատակներու համար, սկսելով` լիբանանահայութեան ներկայ փուլի ճգնաժամէն լաւագոյն կերպով դէպի խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդուիլը»:
Այն հաստատումին, թէ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին, Արտակարգ իրավիճակներու մարմինին` ԿԱՄՔ-ին, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին, քաղաքապետութիւններուն, կոմիտէութիւններուն, բարեսիրական միութիւններուն, այլ կուսակցութիւններու, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ երբեմն անհատական նախաձեռնութիւններու` ինչպէս տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ֆոնտը, այդ հաւաքական ճիգի օրական դրսեւորումները կը նկատուին. ինչպէ՞ս կարելի է արժեւորել այս աշխատանքը, եւ ի՞նչ ձեւով կը համադրուին այս բոլորը, երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Այս բոլորը կ՛ուզեմ նմանցնել հսկայ շղթայի մը, որուն օղակները պողպատեայ են: Դժուար է պողպատը քանդել, բայց եթէ մէկ օղակը քանդուի` ամէն ինչ փուլ կու գայ: Լիբանանի մէջ մենք ականատես ենք զօրակցութեան գաղափարի բացառիկ մէկ օրինակին, թէ՛ միութենական, թէ՛ յարանուանական, թէ՛ կուսակցական եւ անհատական մակարդակներու վրայ: Նաւահանգիստի պայթումին ընթացքին բազում հայրենակիցներ` Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս, ուզեցին օժանդակել պայթումէն տուժած լիբանանահայ ընտանիքներուն: Ասիկա բացառիկ երեւոյթ է. անոնք թէ՛ կ՛օժանդակեն մեր հաստատութիւններուն, եւ թէ՛ կ՛իջնեն փողոց` ծանօթ ու անծանօթ հայրենակիցներուն օգնելու: Երբ խնդիրը մարդասիրական է, պարզապէս գլխարկը վար կ՛առնենք այն բոլորին դիմաց, որոնք օժանդակեցին: Բնականաբար հիմնական մղիչ ուժը վեհափառ հայրապետն էր, որ նաւահանգիստի պայթումէն առաջ արդէն` տնտեսական տագնապի օրերուն, բազմիցս մեր միութիւններուն նիւթական օժանդակութիւն կ՛ուղարկէր պահարաններով, առանց ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարելու: Բազմիցս օժանդակութիւններ տրամադրած էր անհատներու, ընտանիքներու, հիւանդանոցային պարագաներու, դեղորայքի, սակայն երբ կարիքը մեծցաւ, վեհափառ հայրապետը իր պատասխանատուութեան եւ ճգնաժամին գիտակից հոգեւորականի իր ըմբռնողութեան մէջ առաւ նախաձեռնութիւնը, սկսելով` Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի յառաջացումէն, որ գործադրուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ:
Մենք արդէն իսկ «Քորոնա»-ի շտապը կազմած էինք: Պայթումէն անմիջապէս ետք` ԿԱՄՔ-ը կազմուեցաւ, մեր միութիւնները` ԼՕԽ-ը` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ, այլ բարեսիրական միութիւններ իրենց ծաւալուն աշխատանքը կատարեցին: Երանի առիթը ըլլայ, եւ մեր տղաքը կարենան մանրամասն թիւերով ներկայացնել կատարուածը: Արագ ակնարկ մը կատարելով կարելի է նշել 2019-ին 2000 տուփերու օժանդակութիւնը, ապա 10.000 ուտեստեղէնի տուփ, 5000-6000 դեղորայքի եւ «Քորոնա»-ի դէմ հականեխումի օժանդակութիւն, «Քորոնա»-ի «Փի. Սի. Ար.»-ի հազարաւոր քննութիւններ, 1951 բնակարաններու նորոգութեան օժանդակութիւն, որ տրուած է երեք փուլերով: Առաջինին մարդիկ չհաւատացին, երկրորդը կատարուեցաւ, իսկ երրորդը ուշացումով աւարտեցաւ, որովհետեւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը կորսնցուց երկու արժէքաւոր ներկայացուցիչներ: Սակայն երրորդ փուլին արդէն իսկ գրեթէ 480 ընտանիքներ ստացան օժանդակութիւններ, գիտնալով հանդերձ, որ անոնք բարեսիրական բազմաթիւ այլ միութիւններէ, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններէ, քաղաքապետութիւններէն, բանակէն, բարերարներէ ահագին օժանդակութիւն ստացած են:
Հոս կ՛ուզեմ աւելցնել նաեւ, որ այդ օժանդակութիւնները ինքնաբերաբար չեն ստանար մեր հայորդիները. հոս Լիբանան է, եւ բարեսիրական միութիւնները ուղղորդուած անուանացանկերով է, որ կը ներկայանան բնակարանները:
Անհատ բարերարներէն, օրինակ` Երջօ Սամուէլեանը ամսական դրութեամբ օժանդակութիւն կը կատարէ, այլ անհատներ օժանդակութիւններ կը կատարեն` նիւթական թէ ապրանք հայթայթելով: Հայկական գաղութները` Կիպրոս, Յունաստան, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Քանատա, Հարաւային Ամերիկա, Հայաստան, Արցախ, բոլորը օժանդակեցին լիբանանահայութեան: Այս բոլորին կողքին նաեւ լիբանանահայուն նեցուկ կանգնեցան մեր սիրելի ընկեր Ալեքքօ Պէզիքեանը եւ անոր տիկինը: Անշուշտ առաջին անգամը չէ, որ անոնք կ՛օժանդակեն: Ալեքքօ Պէզիքեանը աւելի քան 50 տարիէ ի վեր կուսակցական ընկեր է, ՀՄԸՄ-ական եղբայր է` աւելի քան 50 տարիէ ի վեր, Անի Պէզիքեանը հայ ազգային կեանքին մէջ գործունէութիւն ծաւալած է: Նախապէս անոնք մէկ միլիոն տոլարի գումար բաժնեցին Լիբանանի մէջ նիւթական դժուարութեան մէջ եղող ընտանիքներուն, իսկ անոնց վերջին նախաձեռնութիւնը բժշկական օժանդակութիւնն է: Այո՛, ընկեր Ալեքքոն ՀՅ Դաշնակցութեան ծառայութեան ընտանիքին մէջ դաստիարակուած, հասակ նետած, գործած եւ յաջողութիւն կերտած անձնաւորութիւնն է, որուն այսօրուան ծառայութիւնները արդիւնքն են անոր դաստիարակութեան, որուն հիման վրայ իր ծառայութիւնները ի սպաս կը դնէ հայութեան դիմաց` առանց որեւէ խտրութեան: Անոնց վերջին նախաձեռնութիւնը` բժշկական օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով, կը կատարուի ԱՖՀԻԼ-ի մէջ, ԱՖՀԻԼ-ը Դաշնակցութեան հովանաւորութիւնը վայելող հաստատութիւն է, պատասխանատուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընկեր Յակոբ Լատոյեանն է: Հետեւաբար մենք միայն ուրախ կրնանք ըլլալ, որ մեր դաշնակցական ընկերը` Դաշնակցութեան մէջ սորված ծառայողական իր առաքելութիւնը կը կատարէ դաշնակցականի իր սկզբունքներէն մեկնած` համայն հայութեան համար: Այս իրականութենէն աւելի հոգի լեցնող եւ սիրտ ամրացնող երեւոյթ չկայ:
Շար. 1