Անգլիական Մանչեսթըր Սիթին յառաջիկայ տարեշրջանին կրնայ ձեռք բերել Փարի Սէն Ժերմէնի յարձակող Լիոնէլ Մեսսին:
Արժանթինի մէջ լոյս տեսնող «El National » թերթին համաձայն, Մանչեսթըր Սիթիի պատասխանատուները կը փափաքին, որ 35-ամեայ արժանթինցին յարձակողական եռեակ մը կազմէ Էրլինկ Հալանտի եւ Քեւին Տը Պրիւնէի հետ:
Մեսսի ներկայիս կը դիտարկէ իր ասպարէզը շարունակելու երկու տարբերակ՝ երկարաձգել պայմանագրութիւնը Փարի Սէն Ժերմէնի հետ կամ վերադառնայ Պարսելոնա: Մեսսի մինչեւ դեկտեմբերի աւարտը պէտք է վճռէ իր յաջորդ քայլը: