Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ՍԱՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

October 12, 2013
in Գաղութահայ Կեանք
0
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆՎԱՐԺԱՐԱՆԻ  ՆԱԽԿԻՆ ՍԱՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան, Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի նախկին սաներու հաւաք, ներկայութեամբ շուրջ 150 մեսրոպեանականներու:

Հանդիպումին Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ ներկայացուց Մեսրոպեան վարժարանի 75-ամեակի ծրագիրը` ձեռնարկներուն եւ աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները: Պրն. Գալուստ հաստատեց, որ վարժարանը 75 տարիներու ընթացքին հայեցի ու հոգեւոր դաստիարակութեամբ պատրաստած է սերունդներ, որոնք հասած են բարձր դիրքերու եւ նուիրուած են հասարակութեան ծառայութեան:

Մեսրոպեանի տնօրէնը նշեց, որ նախկին սաները Մեսրոպեանի ընտանիքի անբաժանելի անդամներն են, որոնց նեցուկը մեծապէս կը նպաստէ դպրոցի գոյատեւման եւ զարգացման: Հաւաքին, պրն. Գալուստ ներկայացուց դպրոցի վերջին տարիներու իրագործումները, նուաճումները եւ առկայ դժուարութիւնները: Ան ըսաւ, որ դպրոցը կ՛ուղղուի դէպի հարիւր ամեակ` հաստատ հիմերով եւ փայլուն տեսլականներով:

Ապա քննութեան առարկայ դարձաւ Մեսրոպեան վարժարանի նախկին սաներու իրավիճակը: Նախկին սաները մեծապէս գնահատեցին վարժարանի մնայուն զարգացման եւ արդիականացման ենթարկուող բեղուն եւ բազմաճիւղ գործունէութիւնը:

Աւարտին, ներկաները պրն. Կրէկուար Գալուստին եւ անձնակազմին ընկերակցութեամբ շրջագայեցան վարժարանին մէջ, ծանօթացան նորութիւններուն եւ փոփոխութիւններուն`  ապրելով անցեալի գեղեցիկ յիշատակները եւ ականատես դառնալով նոր ձեռքբերումներուն:

 

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Previous Post

ԼԻԲԱՆԱՆԱՆ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑ ՈՒԱՏԻՅ ԷԼ ՍԱՖԻՆ

Next Post

Ես ու վարչապետը՝ որպես Ալբերտ Էյնշտեյն

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.