Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Մեսրոպեան վարժարանը կը սնուցուի արեւային ուժանիւթով

September 27, 2022
in Mobile Home, Զանազանք
0
Մեսրոպեան վարժարանը կը սնուցուի արեւային ուժանիւթով

Ծրագիրին Հիմնաւոր Մասը Իրականացաւ

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը առաջին եւ հիմնաւոր քայլը կատարեց վարժարանի ելեկտրականութեան դրութիւնը ամբողջութեամբ արեւային ուժանիւթով բանեցնելու ծրագիրի գործադրութեան ուղղութեամբ:

23 Սեպտեմբերին, վարժարանին photovoltaic համակարգը, որ անցած ամիսներուն կառուցուեցաւ վարժարանին կից Յովհաննէս Պօղոսեան կեդրոնի տանիքին վրայ, փորձարկուեցաւ յաջողութեամբ: Համակարգը կը բաղկանայ 545wp հզօրութեամբ 170 արեւային վահանակներէ՝ 800 քառ. մեթր մակերեսի վրայ եւ կ՛արտադրէ օրական 93 kw ելեկտրականութիւն:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ յայտնեց, որ ծրագիրը կը հետպանդէ գլխաւոր երկու նպատակներ՝ վարժարանի ելեկտրականութեան ծախսերու նուազեցում եւ շրջակայ միջավայրի մաքուր պահպանում՝ ածխածինի (carbon) արտանետումները նուազեցնելու ճամբով: Ան ըսաւ, որ photovoltaic համակարգի հաստատումը կը հանդիսանայ վարժարանի ելեկտրականութեան սնուցումը ամբողջութեամբ արեւային ուժանիւթով փոխարինելու ծրագիրին առաջին եւ ամենակարեւոր մասը. ներկայ դրութեամբ, տարեկան մօտ 35 մեկաուաթ արեւային ուժանիւթի արտադրութեամբ համակարգը կրնայ խնայել մօտ 28 թոն CO2 եւ որոշակիօրէն նուազեցնել ելեկտրականութեան ծախսերը, իսկ ծրագիրի երկրորդ եւ աւարտական մասով, համակարգը պիտի օժտուի լիցքաւորուող բարդերով (lithium batteries), ինչ որ վարժարանի ելեկտրականութեան սնուցումը պիտի դարձնէ էապէս աժան, աւելի ապահով, մեծապէս մաքուր եւ գրեթէ ամբողջութեամբ ինքնավար:

Մեսրոպեան վարժարանի photovoltaic համակարգի կառուցումը իրականացաւ օժանդակութեամբը Electriciens sans frontières կազմակերպութեան, որ կը զօրակցի կանաչ ուժանիւթի արտադրութեան ծրագիրներու, աշխարհի ամբողջ տարածքին: Ծրագիրը աջակցութիւն ստացաւ IECD կազմակերպութեան կողմէ, որ վերջին տարիներուն կը հանդիսանայ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի ամենակարեւոր գործընկերը՝ կրթական համակարգի զարգացման եւ ենթակառուցուածքի նորոգութեան ծրագիրներուն մէջ:

Մեսրոպեանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց նշեալ կազմակերպութիւններուն վարժարանի առաւել արդիւնաւէտ կառավարման համար էական նշանակութիւն ունեցող այս ծրագիրին օժանդակելուն համար, որ իր բարերար ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ինչպէս կրթական ընտանիքին, նոյնպէս եւ շրջակայ միջավայրին վրայ:


Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Previous Post

Why a strong dollar should worry you

Next Post

Work culture: Why companies want employees back in the office

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.