Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ՍՏԱՑԱՒ ՍՐՏԻ ԱՆԱԿՆԱԿԼ ԿԱԹՈՒԱԾԷ ՄԱՀԱՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՄԱՆ ԹԱՆԿԱՐԺԷՔ ՍԱՐՔԱՒՈՐՈՒՄ ՄԸ` “YOHAN” ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵՆԷՆ

February 14, 2019
in Newsletter, Գաղութահայ Կեանք
0
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ՍՏԱՑԱՒ ՍՐՏԻ ԱՆԱԿՆԱԿԼ ԿԱԹՈՒԱԾԷ ՄԱՀԱՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՄԱՆ ԹԱՆԿԱՐԺԷՔ ՍԱՐՔԱՒՈՐՈՒՄ ՄԸ` “YOHAN” ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵՆԷՆ

13 Փետրուար, 2019-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը “YOHAN” կազմակերպութենէն ստացաւ թանկարժէք եւ վարժարանի աշակերտութեան ու անձնակազմին առողջական ապահովութեան համար կարեւոր նուէր մը` սրտի անակնկալ կաթուածներու պարագային մարդկային կեանքը փրկելու նպատակով ստեղծուած AED (Automated External Defibrillator) սարքաւորումը:

Նուէրը վարժարանին յանձնուեցաւ կազմակերպութեան համահիմնադիր տոքթ. Ռիթա Չուխատարեան Հարունիին եւ Lions Club Beirut–ի ներկայացուցչներուն կողմէ: Այս առիթով կայացած հանդիպումին, Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ մեծ գոհունակութիւն արտայայտեց վարժարանին եւ նշեալ կազմակերպութիւններուն միջեւ գործակցութեան համար, որ կու գայ էապէս նպաստելու առողջապահութեան մասին աշակերտներու գիտակցութիւնը զարգացնելու առաքելութեան:

“YOHAN”-ի համահիմնադիր տոքթ. Ռիթա Հարունի իր հերթին դիտել տուաւ, որ կազմակերպութեան նպատակները իրականացնելու գործին մէջ Մեսրոպեանը ցոյց տուաւ իտէալական մասնակցութիւն: Մօտ երկու շաբաթ առաջ Մեսրոպեանի բարձր դասարաններու աշակերտները եւ ապա` անձնակազմի խումբ մը անդամներ մասնակցեցան սրտի անակնկալ կաթուածներու մասին դասախօսական եւ վարժողական (CPR-ի) դասընթացքներու:

Հանդիպումին ընթացքին, AED  սարքաւորման արհեստագէտը բացատրեց անոր օգտագործման կանոնները: Սոյն սարքաւորումը կ’աշխատի ինքնագործ եւ օգտագործողին համար չափազանց պարզ եղանակով, հնարաւոր դարձնելով փրկել  սրտի անակնկալ կաթուածի ենթարկուած ոեւէ անձի կեանքը`  վայրկեաններու ընթացքին: Արհեստագէտը տեղեկացուց, որ վերջերս այս գործիքին շնորհիւ կարելի եղած է փրկել ուսանողի մը կեանքը` լիբանանեան համալսարաններէն մէկուն մէջ:

Հանդիպումին աւարտին, վկայականներ շնորհուեցան Մեսրոպեանի անձնակազմի այն անդամներուն, որոնք նախապէս մասնակցած էին սրտի անակնկալ կաթուածներու պարագային առաջին օգնութեան “YOHAN”-ի կազմակերպած դասընթացքին:

Նշենք, որ “YOHAN”ը հիմնադրուած է ի յիշատակ Yohan Harouni-ի: Բժշկութեան ուսանող Yohan Harouni առողջ եւ աշխոյժ կեանքով ապրող երիտասարդ մըն էր, որ ծաղիկ հասակին` 19 տարեկանին յանկարծամահ եղաւ սրտի կաթուածի պատճառով (2017-ին): Անոր ծնողները` բժիշկներ Էլի Հարունի եւ Ռիթա Չուխատարեան Հարունի որոշեցին իրենց վիշտը վերածել առաքելութեան, որպէսզի օգտակար ըլլան երիտասարդներուն եւ կանխեն նմանատիպ ողբերգութիւններ: Մեսրոպեանը եղաւ լիբանանեան 18-րդ դպրոցը, որ անոնց կողմէ կը ստանայ AED սարքաւորումը` իբրեւ նուէր:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

Previous Post

Sergeant detained for making call from pay phone to find his cell phone

Next Post

‘Off-mic’ chat with Erdoğan exposes money troubles in major İstanbul construction project

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.