Դոկտ. Մինաս Գոճայեան
Յստակ թիւ մը չունինք Պըրպէնք-Կլէնտէյլ քաղաքներէն Փասատինա եւ Ալթատինա երկարող քաղաքներու հայ բնակչութեան թիւին մասին, հաւանաբար 200.000-ի կը հասնի անիկա: Ամբողջ այս տարածքին մէջ կան բազմաթիւ մանկապարտէզներ, հայ եկեղեցիներու հովանաւորութեան տակ բացուած միօրեայ դպրոցներ, քանի մը նախակրթարաններ եւ ութամեաներ: Չկայ երկրորդական վարժարան: Մօտաւոր հաշուարկով 35.000 ընտանիք հաստատուած է այս տարածքին մէջ եւ դարձեալ մօտաւոր հաշուարկով 65.000 դպրոցական տարիքի հայ աշակերտներ կ’ուսանին նշուած տարածքներուն դպրոցներուն մէջ: Շարունակելով մեր կլորցուած թիւերը, նշուած տարածքին աշակերտութեան շուրջ 300-ը կը յաճախէ հայկական երկրորդական վարժարան` ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարան (Փասատինա) եւ Հոլիվուտի մէջ գտնուող Ալեք Փիլիպոս վարժարան, ուրեմն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը յաճախէ ամերիկեան հանրային երկրորդական դպրոցներ:
Յիշեցնեմ թէ՝ այս տխուր պատկերէն շատ տարբեր չէ Լիբանանի հայ աշակերտութեան պարագան: Մեր վերջին Լիբանան այցելութեան 2017-ին, պարզեցինք որ հոծ թիւով հայ ընտանիքներու աշակերտներ կը յաճախեն օտար սեփական վարժարաններ՝ մեծ գումարներ վճարելով որպէս կրթաթոշակ: Առաջուան Լիբանանը չէ՛ դժբախտաբար: Տասնհինգ տարուայ լիբանանեան թայֆէեական կռիւներէն ետք այն ատենուած սերունդը մեծցաւ տարբեր պայմաններու տակ եւ ենթարկուեցաւ օտար եւ հայկականութենէ հեռու պայմաններու ներքոյ՝՝ չըսելու համար թէ վերջին 15-20 տարիներուն ընտանիք կազմած երիտասարդները իրենց զաւակները հեռու պահեցին հայ դպրոցէն:
Նոյնն է պարագան Ֆրանսայի մէջ, իսկ աւելի ողբերգական է Ռուսաստանի Դաշնութեան տարածքին ապրող աւելի քան մէկ միլիոն հայութեան պարագան:
Երբ լուր տարածուեցաւ եւ անոր յաջորդեց Փասատինայի ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի փակման չարաբաստիկ լուրը, որպէս փակման պատճառ ըսուեցաւ թէ վերոյիշեալ վարժարանի աշակերտութեան թիւը չբարձրացաւ, որուն պատճառով կրթաթոշակներէ եկած մուտքը խիստ անբաւարար եղած է դպրոցը ոտքի պահելու: Ըսուածին մէջ հաւանաբար ճշմարտութեան հատիկ մը կայ, որուն շուրջ ստորեւ կ’ուզենք խորհրդածել:
Կրթավճարներու պարագան
Վերադառնանք նախորդ հատուածին մէջ բերուած թիւերուն եւ այնտեղէն ալ սկսինք մեր խորհրդածութիւնները:
ա.- 30-35,000 հայ ընտանիքներու մէջ շուրջ 100 ծնողնե՞ր միայն կրնան կրթավճար յատկացնել, որպէսզի հայկական վարժարան ղրկեն իրենց զաւակները: Կարգ մը ընտանիքներու համար դեռես իսկապէս անհնար է մանաւանդ եթէ միջին եկամուտի ծնողներ են եւ կամ միջինէն ցած եկամուտ ունեցող ծնողներ, որոնց համար գրեթէ անկարելի է ամսական 800-1000 տոլար վճարել մէկ զաւկի համար: Հետեւաբար որո՞նց համար կը փափաքինք հայկական վարժարաններ բանալ նշուած տարածաշրջանին մէջ, երբոր սեփական վարժարան մը հազարաւոր տոլարներու եկամուտի կը կարօտի:
բ.- Իրօ՞ք մեր ծնողներու կարեւոր մէկ տոկոսը անկարող է պահանջուած նուազագոյն կրթաթոշակը վճարել: Վերապահութիւններ ունիմ այստեղ, որովհետեւ միջին թէ միջինի մօտ եկամուտ ունեցող ծնողներ իրենց ամուսնացող զաւակներու խրախճանքներուն համար աներեւակայելի ճոխութեամբ ու չտեսականութեամբ խրախճանքներ կը կազմակերպեն, հոգ չէ թէ ուտելիքներուն մեծ մասը կը լեցուի սեւ տոպրակներու մէջ…: Ինչո՞ւ աւելի համեստ չըլլալ: Համե՞ստ ըլլալ, հապա ե՞րբ պիտի զարմացնենք զիրար…
գ.- Պահ մը խորհինք թէ իրօք հայ ծնողքներու գերակշիռ մասը չի կրնար կրթաթոշակ վճարել իր զաւակին կամ զաւակներուն համար, թէեւ անկեղծօրէն կը փափաքի որ անոնք հայկական մթնոլորտի մէջ մեծնան ու դաստիարակուին հայ ոգիով: Կը մնայ ենթադրել, թէ վարժարան հիմնել ուզող եւ հովանուորող համապատասխան մարմինները (միութիւն, կազմակերպութիւն, եկեղեցի, կուսակցութիւն եւ այլն) իրե՛նք պիտի հոգան ծախսերը հանգանակութիւններով, դրամահաւաքներով, շահութաբեր ձեռնարկներով եւ այլն: Վերջիններս անկարելի են՝ հիմնուելով հովանուորող կամ հիմնադիր կազմակերպութիւններու կողմէ բերուած պատճառներուն վրայ թէ՝ բաւարար աղբիւրներ չունին, նման հարցերով զբաղելու, իրենց կը պակսին բաւարար կամաւոր աշխատողներ եւ կամ իրենք միայն դպրոց պահելու հարցեր չունին այլեւ զանազան տեսակի հայօգուտ ձեռնարկներ իրենց տարեկան ծրագիրներուն մէջ, ինչպէս՝ եկեղեցի, հայրենակցական միութիւններ, թանգարան, երիտասարդական շարժումներ, մշակութային ձեռնարկներ, Հայկական Թելեթոն եւ այլն եւայլն: Կարելի չէ արհամարհել թուարկուած պատճառները, ի վերջոյ մեր կազմակերպութիւնները քանի՞ բերան պիտի կերակրեն…Հ՛ոս է որ ՀԲԸՄ-ը եւ այլ բարեսիրական կազմակերպութիւններ (ներառեալ Կիւլպէնկեան Հաստատութիւնը) պէտք է վերանային իրեն յանձնառութիւնները:
դ.- Ամէնէն ընդվզեցուցիչ պարագան հայութենէ զգալապէս պարպուած եւ այս երկրին մէջ բարձր դիքերու հասած արհեստավարժ ու բարձր եկամուտ ունեցող բազմաթիւ «ծագումով հայ» ծնողներու պարագան է: Անոնք ոչ միայն վստահութիւն չունին հայկական վարժարաններու ջամբած հայեցի եւ ամերիկեան մակարդակով (?) ուսման ու կրթութեան վրայ, այլեւ կ’արհամարհեն այն ինչ որ հայկական է: Ըսել որ անոնք ամբողջովին ուծացած են՝ ճիշդ չըլլար, որովհետեւ այսպիսիները երբեմն կը տեսնենք յաճախ որ եկեղեցի («չըրչ») կը յաճախեն եւ երբեմն իրենց դէմքին վրայ թթուածութիւն կը նկատենք, եթէ օրուան պատարագիչը միայն հայերէնով իր քարոզը կու տայ: Անոնք կը հաւատան թէ ամերիկեան հռչակուած հանրային վարժարաններ կամ սեփական վարժարաններ ղրկելով իրենց զաւակները՝ աւելի նուազ ստորակայութեան զգացում կ’ունենան, ապա նաեւ ամբողջութեամբ կ’ընդելուզուին (integriate) կ ամերիկեան «մե՜ծ» կեանքին ու կը յաջողին ապագային…: Այսպիսիներուն պէտք է յաճախ յիշեցնել թէ մեր հատուկենտ հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտ երիտասարդները դիւրութեամբ կ’ընդունուին Քալիֆորնիայի եւ ԱՄՆ-ի այլ հռչակուած համալսարաններ:
ե.- Սեփական դպրոց պահելը ամէն երկրի մէջ դժուար է, հաւանաբար այս առումով միայն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նման հսկայական նիւթական աղբիւրներ ունեցող դպրոցները կամ ուսումնական հաստատութիւններն են, որոնք կրնան թիկունք կենալ դպրոցներու ահագին ծախսերուն: Ի միջի այլոց պէտք է յիշել թէ այս առումով ամէնէն երանելի վիճակի մէջ կը գտնուի Կիպրոսի Հանրապետութեան «ՆԱՐԵԿ» Ազգ. Վարժարանը իր երեք ճիւղերով՝ Նիկոսիա, Լարնագա եւ Լիմասոլ քաղաքներու մէջ՝ շնորհիւ Կիպրոսի բարեխնամ կառավարութեան եւ ասպնջական յոյն ժողովուրդին: Յիշեցնել պէտք է որ «Նարեկ»ի բոլոր ծախսերը կը հոգայ պետութիւնը հանրային վարժարաններու հաւասար, առանց միջամտելու կրթական ծրագրին: Ի հակառակն Կիպրոսի, աշխարհի «ամէնէն հարուստ» տնտեսութիւնը ունեցող ԱՄՆ ո՛չ մէկ լումա կը յատկացնէ փոքրամասնութիւններուն ինքնութեան օժանդակող վարժարաններու: Արդար ըլլալու համար այս առումով պէտք է յիշել եւ գովել ամերիկեան Charter դպրոցներու պարագան, որ թեթեւ մխիթարանք մըն այս կացութեան մէջ(**):
Վերջացնելու համար մէջբերեմ աշխարհահռչակ աստղագէտ , Բիւրականի աստղադիտարանի հիմնադիր եւ երկար տարիներ Հայաստանի Կաճառի (Academi of Sciences) նախագահ եւ Աստղագէտներու Միջազգային Միութեան Նախագահ Վիկտոր Համբարձումեանի վկայութիւնը հայեցի ուսման մասին.
– Ինձ յաջորդող սերունդներին, թոռներիս, ծորերիս կտակում եմ՝ տիրապետել Հայոց լեզուին: Հայոց լեզուն ինձ համար ամենաթանկն է: Գիտցէք, որ իմ կեանքի ամենամեծ երջանկութիւնը եղել է ու մնայ՝ քանի ապրում եմ Հայոց լեզուին իմ տիրապետելուց»:
(*) Այս գրութեան նախորդող յօդուածը հրատարակուած է «Նահանջ մը եւս» վերնագրով:
(**) Յատուկ պայմանագրով դպրոց, ուր տուեալ ազգային տարրը կը դասաւանդէ իր մայրենի լեզուն եւ պատմութիւնը, մեծամասնութիւնը տուեալ ազգային խումբի աշակերտներէ բաղկացած է, մօտ 80-85%, մնացեալները այլ ազգային հաւաքականութիւններէ կու գան, իսկ պաշտօնեաները եւ ուսուցիչները կը վճարուին պետական դպրոցներու հաւասար աշխատավարձով: