Գրող՝ Ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Պատուհանէս կը նայիմ
Ամայացած փողոցին
Կարծես ուրուր մ՛է անցեր
Յափշտակեր ամէն բան,
Միայն արեւն է կարծես
Կը դեգերի որբի պէս,
Չկան ափսոս ալ չկան
Ընկերները երէկուան
Շուք տայ, շուքովը խաղայ,
Ու չի գիտեր, չի գիտեր
Իրմէ առաջ էր անցեր
Ախտաշրջիկ Քորոնան
Ու իր սիրած աշխարհին
Արցունք արցունք էր ձգեր ..
Ու արցունք մ՛ալ աչքերուս
Բանտարկուած աչքերուս,
Մենութիւնը ա՜խ Աստուած
Որքան դժուար է դաժան ..
Պատուհանէս սա խոշոր
Որքան պզտիկ կը թուի
Հիմա աշխարհը խոժոռ,
Որքա՜ն անզօր որքան թոյլ
Որքան պարապ որքան սուտ ..