ԹՈՐԳՈՄ
Երգի՞, թէ՞ հայերէնի (կամ երկուքին) առաջին ուսուցիչս էր Ս. Նշան վարժարանին մէջ եւ` եկեղեցւոյ դպրապետը: Թիկնեղ, հանդարտ, դիւթիչ ձայնով, ժպտերես «պապա մարդ» մը, որուն մէջ նոր մահացած հայրս գտած էի կարծես: Այնքան հմայուած էինք իրմով, որ երբ հարցուց, թէ ո՞վ կ՛ուզէ մաս կազմել դպրաց դասին, դասարանին մէջ բոլորս ալ մեր ձեռքերը բարձրացուցինք:
Եկեղեցւոյ գրակալին վրայ ունէր քանի մը խոշոր տետրակներ, որոնց մէջ հիանալի ձեռագիրով գրած էր շարականները եւ անոնց նոթաները: Աւելի ուշ տեղեկացայ, որ այդ շարականները, Պոլիսէն բացի, միայն Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ կ՛երգուէին:
Ուսուցիչ դպրապետս ինծի համար նախ հայր էր, ապա` առաքեալ մը, հայերէնի (աշխարհաբար, գրաբար) եւ շարականներու պահապան հրեշտակ մը, հերոս մը, որուն ազգային-եկեղեցական գործունէութեան փոքր չափով մը մասնակցելու մեծ գոհունակութիւնը կ՛ապրէի: Կիրակնօրեայ պատարագներէն բացի, որպէս դպիր, ներկայ կ՛ըլլայի եկեղեցական գրեթէ բոլոր արարողութիւններուն, նոյնիսկ` պսակի եւ թաղումի:
Իսկ երբ ուսանելու համար շուրջ տասնամեակ մը բացակայեցայ երկրէն, վերադարձիս առաջին օրը` շաբաթ, փութացի Ս. Նշան եկեղեցի` կիրակմուտքի հոգեպարար արարողութեան ներկայ գտնուելու եւ անշուշտ զինք տեսնելու: Կարծեմ առաջին անգամ ըլլալով, որպէս հաւատացեալ, հետեւեցայ արարողութեան:
Նոյն թովիչ ձայնը, նոյն հոգեպարար երգեցողութիւնը, որ այս անգամ մղեց փսփսալու Մեծարենցի տողերը.
«… Խունկի ծարաւ իմ հոգիս կը ծծէ պահն այս հանդարտ,
Ոսկեկրակ աչքերով բուրվառներն երբ կը ճօճին.
… Կամարներէն, խորանէն կը ծագին լոյս ու ծիծաղ.
Հոգիս քիչ քիչ կը թաղուի անուրջին մէջ այս չքնաղ»:
Հեռուէն տեսաւ զիս: Ճանչցաւ: Գլուխով շարժում մը ըրաւ: Արարողութենէն ետք զրոյցի ընթացքին առաջարկեց, որ վերադառնամ դպրաց դաս:
Մեծ գոհունակութեամբ կրկին հագայ դպիրի շապիկը, եւ նոյնիսկ երբ լիբանանեան ներքին կռիւները սկսան, Պէյրութը երկփեղկուեցաւ, քանի մը հոգիով ամէն կիրակի կը հատէինք վտանգաւոր սահմանը` միանալու համար պատնէշի վրայ գտնուող մեր դպրապետին: Ս. Նշանի մէջ պատարագ ամէն կիրակի կը մատուցուէր, երբեմն` առանց հաւատացեալներու:
Բախումները սաստկացան եւ ռաունտերը իրարու յաջորդեցին:
Յարաբերաբար հանդարտ օր մը, երբ պահակ տղոց հետ Արաքս փողոցի մուտքին կանգնած էինք, ուրկէ՜ ուր, դպրապետս ժպտերես մօտեցաւ ինծի եւ քանի մը ընթացիկ խօսքերէ ետք ըսաւ.
– Մեր ալ բախտը բացուեցաւ, Ամերիկա պիտի երթանք:
Օ՛հ, ոչ, Աստուա՜ծ իմ, երազ թող ըլլայ ասիկա:
Ձեռքէս կարծես արժէքաւոր յախճապակի մը ինկաւ եւ փշրուեցաւ: Անպայման ինքն ալ լսեց ձայնը եւ խուսափեցաւ ուղղակի երեսիս նայելէ:
Պատնէշի վրայի մեզ առաջնորդող հերոսս, աչքերուս պզտիկցա՜ւ, պզտիկցա՜ւ, մինչ մէջս բան մը կը մեծնա՜ր, կը մեծնա՛ր` զիս տանջելով:
Նոյնիսկ չտեսայ երթալը: Ըսա՞ւ արդեօք մնաք բարով, թէ՞…
Գնաց…
Մենք մնացինք:
Հոն գտնուող տղոցմէ երկու նուիրեալներ, կռիւներու յաջորդ ռաունտին, հայկական թաղերու պաշտպանութեան ատեն նահատակուեցան: Գաղութը վերակառուցեց հայկական թաղերը, կառուցեց` նոր դպրոցներ, եկեղեցիներ, մշակութային, մարզական, բարեսիրական, բժշկական կեդրոններ, ծերանոց, ցուցասրահներ, թատերասրահներ, մարզադաշտեր, մարզամշակութային համալիրներ, բնակարանային համալիրներ, հայ մարդիկ բնակարաններու, վաճառատուներու, գործարաններու, կալուածներու, ինչքերու տէր եղան, կրթական, մշակութային մարզական միջազգային նուաճումներ արձանագրեցինք, ձայնասփիւռի կայաններ, թերթեր հիմնեցինք, Պուրճ Համուտը եւ Այնճարը բարեզարդեցինք, Հայաստանի եւ Արցախի միշտ ձեռք երկարեցինք, եւ ասոնք բոլորը` տնտեսական եւ ապահովական ոչ այնքան կայուն պայմաններու մէջ:
Այժմ նոր ռաունտ սկսած է եւ… կրկին` վերակառուցում:
Այս մթնոլորտին մէջ ճամբան դէմս կ՛ելլէ ծանօթ մը, որ առանց բարեւ տալու` կ՛ըսէ.
– Մեր ալ բախտը բացուեցաւ, Ամերիկա պիտի երթանք:
Աստուա՛ծ իմ, այս ի՜նչ զուգադիպութիւն. շուրջ քառասնամեակ մը առաջ ըսուած բառերը` նոյն յաջորդականութեամբ:
Սակայն նորօրեայ այս բախտաւորը դպրապետիս փափկանկատութիւնը չ՛ունենար եւ արհամարհանքով կ՛աւելցնէ.
– Ասիկա երկիր չէ: Այս երկիրը ապրուելիք չէ…
Քիչ մը վիրաւորական չեղա՞ւ այս երկրին մէջ մնացողներուս եւ վերակառուցողներուս:
Անմիջապէս քիթս եւ բերանս կը ծածկեմ դիմակով: