ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
4 Օգոստոս, 2020 ալ անցաւ պատմութեան եւ համայն աշխարհին համար դարձաւ աւերակով, արցունքով, ցաւով եւ վիշտով խառնուած «յիշելի» նոր թուական մը: Եթէ կ’ուզէք, կրկին Հիրոշիման յիշեցնող՝ իբրեւ 21րդ դարու սարսափազդու թուական մը:
Նոյն այս տխուր օրուան անսովոր տաք երեկոյեան, երբ «Քորոնա»յի համաճարակին պատճառով աշխարհէն կտրուած, պարտէզիս ծառերով զբաղուած էի, յանկարծ հայ դրացիս ցանկապատի միւս կողմէն, վէրք ստացող վայրի կենդանիի նման, ահաւոր ձայնով ճչաց.
«Հարեւա~ն, քո՛ Պէյրութը կործանուե~ց…վառւումաա»…:
Անակնկալի եկայ: Այս մէկը ձայն չէր, այլ՝ բացականչութիւն, որ զիս շուարումի տարաւ: Չուզեցի հարցումներ ընել: Չէ՞որ, «իմ Պէյրութն» էր եւ ոչ՝ իրը: Իր «գիտցածը» այդչափ էր: Ուստի անմիջապէս տուն վազեցի, մտածելով, որ նման գոյժ մը «սփռելով», մարդը հաստատապէս «բաներ» մը ըսել ուզած էր: Անմիջապէս առանց ժամանակ կորսնցնելու, պատկերասփիւռի հայկական եւ տեղական կայանները իրար խառնելով, եղելութիւնը ստուգել փորձեցի ու միւս կողմէ ալ «այ ֆօն«իս վրայ «ֆէսպուք»ի էջս փնտռեցի: Խառնաշփոթ իրավիճակ: Տակնուվրայութիւն ու մտահոգ քրտինք:
Վերջաւորութեան՝ ամէն բան յստակ էր: Իրական էր: Սարսափելի նկարներ եւ տեսարաններ: Ուրեմն հարեւանիս բերնէն փրթած բացականչութիւնը, իրական էր: Մուխ-ծուխ: Հաշուած վայրկեան-ներու մէջ, Պէյրութի նաւահանգիստը աւերակի վերածուած էր: Կինս, շուտով միացաւ ինծի, դէմքին վրայ ծածուկ վախի զգացողութեան մը հետ խառնուած փութկոտութեամբ: Անկասկած, որ մեր երկուքին յուշերը հազար թելերով մեզ կը քաշէին դէպի Պէյրութ:
Ու ամբողջ երեկոն եւ տակաւին գիշերուան մինչեւ ուշ ժամերը, էրիկ-կնիկ մեր դէմքերուն վրայ վախ ու զարմանք բռնած, գամուած մնացինք, աշխարհի ամէն կողմերէն տեւաբար ցուցադրուող Պէյրութի նաւահանգիստի ահռելի պայթումի տեսարաններուն դիմաց: Շշմած եւ անխօս: Դիտեցինք, սարսափեցանք: Լսեցինք եւ տագնապեցանք: Տակաւին հոն՝ այդ քաղաքին մէջ երկուքս ալ հարազատներ ունէինք եւ ատոր համար էր, որ մեր ձայներն ալ խեղդուած էին ծանր տեսարաններու բեռին տակ:
Մտովի կ’անիծէինք «ասոր ու անոր»: Քաղաքագէտ չէինք, ոչ ալ հակում ունէինք քաղաքականութեամբ զբաղուելու, սակայն հեռատեսիլէն անվերջ հոսող լուրերը, մեզ՝ զանազան եզրակացութիւններու դռները հասցուցած էին:
Ողբերգական եւ վշտալի:
Լիբանան եւ յատկապէս՝ Պէյրութ…ուր արդէն իսկ կեանքը բաւական դժուարացած էր վերջին ժամանակներուն: Այսպէս Պէյրութը շրջապատող շրջաններուն մէջ մեծ հրդեհները, օրուան իշխանութեան զանազան դիրքորոշումներուն դէմ՝ շաբաթներու վրայ երկարող ցոյցերը, տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային տագնապները, սղութեան եւ անգործութեան մեծ ալիքները, առաւել եւս «Քորոնա»ն, ամբողջովին հիւծած էին մայրաքաղաքը: Ու այս օր, ա՛յս աղէտը, իսկապէս որ «վէրքին վրայ աղ ու պիպեռ», ինչպէս սովոր է մեր ժողովուրդին ըսել:
Պէյրութ…: Կասկածէ վեր է, թէ անիկա սփիւռքեան մեր ամէնէն եռանդուն եւ օրինակելի գաղթօճախն է, ուր այս օրերուն բոլորին երազները զարնուելով դժբախտութեան ալիքներուն՝ կը սպառնան խորտակել հայու մեր յոյսերը: Հոն ալ հայոց պատմութեան անիւը սկսած էր ծուռ դառնալ եւ հիմա, աղէտը հասած էր դրան շեմին: Ու այս մէկը՝ ինքնին արդէն ճգնաժամ է…:
Աշխարհով մէկ՝ կը զգանք այս անիծեալ պատահարին ծանրութիւնը: Լուրջ եւ վտանգաւոր պահեր կ՛ապրինք տարրօրինակ զգացումներու խառնուրդով մը:
Եւ ինքնաբուխ՝ հոսեցան մեր զգացական գետերը:
Արդ, ինչպէ՞ս ընդունիլ կեանքի այս ճշմարտութիւնը: Ինչպէ՞ս դիմանալ այս անստուգութեան:
Շատեր, շատ բաներ խօսեցան եւ տակաւին կը խօսին: Խօսքը ձրի է: Նոյնիսկ ոմանց համար գաղութին վերջակէտը արդէն կ՛երեւի: Բայց այդպէս չէ երբեք: Եթէ այս եւ նման դժբախտութիւններու դիմաց պակսած է ոմանց ազգային գիտակցութիւնը, ուստի պարտաւոր ենք միշտ անկեղծ ըլլալ ու նայիլ կեանքին, ապագայի աչքերով եւ գոցել տալ այդ չար բերանները:
Աղէտի յաջորդող ժամերուն իսկ ի յայտ եկաւ, ինչպէս միշտ, նաեւ այս անգամ ալ, թէ հոն տեսիլք ունեցող հաւաքականութիւն մը ունինք: Ղեկավարութիւն՝ հոգեւոր եւ քաղաքական, որ ունի լուծում ապահովող զարկերակ: Ունի հաւատք եւ հաւաքական ապրում՝ նոր արշալոյսերներ առաջնորդող: Պատիւ իրենց:
Ուրեմն…: Պէտք է դրական կերպով մասնակից ըլլալ եւ աջակցիլ այս բոլորին: Չենք կրնար անտարբեր մնալ ու պարզ ականատեսներ՝ ամէնօրեայ այս քանդում-մաշումին: Պէտք է, հոն մեր հայրենակիցներու ապրելու եւ գոյատեւելու միջուկը ամէն միջոցներով բազմացնենք: Չենք ուզեր, որ գաղութը կորսնցնէ իր կեանքի հեւքը:
Այո՛, խօսքը ձրի է ըսինք, եւ նոյնիսկ կորսնցուցած է իր խորհրդաւոր եւ լիարժէք իմաստը: Բայց եւ այնպէս այս օրերուն հռետորական խօսքերու ժամանակը չէ: Ճիշդ է, որ պայմաններն ու ժամանակները փոխուած են եւ իրականութիւնը ինչքան անողոք է: Ճիշդ է, որ ազգային եւ քաղաքական պայքարի բանալին մեր միաբանութիւնն է: Բայց՝ բոլորիս հայ մարդու գիտակցութիւնն է էականը, որպէսզի հոն հայ մարդու երազը շարունակուի: Որպէսզի հո՛ն հայ հաւատքի թափը չկոտրի: Վերջապէս, վերանորոգուի եւ վերականգնի գաղթօճախը
Որովհետեւ հո՛ն, այդ ներկայի աւերակուած Պէյրութէն ներս մարդիկ, հայ մարդիկ լաւապէս գիտեն հայ մնալու գաղտնիքը: Ուստի զօրակցիլ է պէտք: Այս է ահա այս օրերու հրամայականը:
Մեր բոլորին պատասխանատու կեցուածքն է պէտք:
Ու նորութիւն մը ըսած չենք ըլլար եթէ յիշեցնենք, որ հո՛ն մեր այդ տառապեալ Գաղութը, ցարդ պահած է իր ազգային առաքելութիւնը, օրինակելի եւ նոյնքան ալ հայու վայել հարազատութեամբ: Դարձեալ հազարաւոր ձայներ մեզ գործի կը կանչեն: Տոկալ, սիրել եւ սրտբացօրէն նուիրաբերել:
Յիշենք՝ մեր գոյութիւնը միշտ մարտ եղած է, ուստի չենք կրնար ամէն բան պատահականութեան ձգել: Այս օրերուն պայման է, թօթափել մեր մտքերու մէջէն անտարբերութեան փոշին:
Միասնականութեան զգացումը միայն քաղաքական արժէք չէ, այլ բարոյական եւ ազգային, ըսած եւ պատուիրած են մեր մեծերը: Նոր եռանդ ամէն ճակատի վրայ, որպէսզի գաղութը իր կենսական դերը շարունակէ, աւելի վճռականութեամբ եւ խանդավառութեամբ:
Պէյրութ…Հէ~յ հարեւան, եթէ չես «իմանում» ըսեմ, որ Պէյրութը միայն ի՛մ եւ «քո՛ Պէյրութը» չէ՛, այլ մեր բոլորին Պէյրութն է, ու հաստատապէս ներկայ հայ Սփիւռքներու մեծագոյն բազկերակն ալ է: Ուստի, պարտաւոր ենք գիտակցիլ այս իրականութեան: Ներելի չէ միայն բառերով եւ զգացումով շարժիլ: Ոչ:
Անտարբերութեան առաջքը առնել: Հետեւիլ յայտարարուած անմեղ եւ սակայն գիտակից կոչերուն: Ստեղծուած տագնապին սրտբաց մօտենալ: Լուծումներ որոնել, ու նուիրաբերել: Բարեբախտաբար աշխարհի տարածքին, ունինք նուիրեալ անհատներ, հաստատութիւններ, բարեսիրական եւ մարդասիրական միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, որոնց ներուժով կ՛ապրին մեր գաղութները:
Կը հաւատամ, որ մեր ժողովուրդը մեծ հրաշքներ կրնայ գործել:
Որովհետեւ նաեւ կը հաւատամ, որ յամառ ժողովուրդ ենք, չենք ուզեր մեռնիլ, այլ կը մնանք անպարտելի: Անպարտելի ենք, այո՛, եթէ միակամ ենք, գիտակից եւ զոհաբեր ոգիի դրսեւորումով, սակայն նախապայման է, որ հայութեան աղմուկէն չհեռանանք:
Էականը ականջ տալն է, վիրաւոր Պէյրութէն հասնող բոլոր կոչերուն: