ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը ունեցաւ աշխարհային եւ բնազդային զուգահեռ օրէնքներ, որոնց հիման վրայ դարերով կեանքը շարունակուեցաւ: Այս բոլորին եկաւ ու միացաւ հոգեւոր դաստիարակութիւնը, որ զանազան տեսակի կրօններու միջոցով դէպի յաւիտենականութեան եւ ճշմարտութեան առաջնորդող ճանապարհը հանդիսացաւ մարդուն: Պատմութիւնը միշտ գրած է անօրէններու մասին, որոնք հալածուած են օրէնքը պահողներուն կողմէ, իսկ երբեմն ալ օրէնք պահողները` անօրէններու կողմէ:
Մարդոց իրաւունքը պահողը միշտ եղած է օրէնքը, որ ընդհանրապէս կրցած է արդարութեան մթնոլորտ ստեղծել, հոգ չէ թէ երբեմն ուշացած եւ նոյնիսկ անմիջական մարդուն արդարութեան շնորհումի առիթ ալ չէ ունեցած, բայց եւ այնպէս արդարութիւն պահանջող ժառանգորդները ընդհանրապէս հասած են իրենց իրաւունքներուն, մինչեւ այն ատեն որ չեն յանձնուած յուսահատութեան: Պատմութիւնը նաեւ նկարագրած է ժամանակաշրջաններու գրագէտներու եւ մտաւորականներու մասին, որոնք իրենց կեանքը զոհելով` գինը վճարած են իրենց հաւատացած գաղափարին եւ գրառումներուն: Այսօր կարծէք ամէն բան փոխուած է. վերջին տասնամեակներուն մարդկային արհեստագիտական ստեղծագործութիւններու իբրեւ արդիւնք` օրէնքի եւ արժէքի հասկացողութիւնները խախտումի ենթարկուած են:
Համացանցը` իբրեւ գերմարդկային օգտակար ստեղծագործութիւն, այսօր նաեւ կը հանդիսանայ մարդկային արժէքները եւ օրէնքները խախտող ամէնէն արագ եւ ազդու զէնքը: Համացանցի ընծայած ազատութիւնը հանրութեան առիթ ստեղծած է, որ ոեւէ մէկը, նոյնիսկ եթէ նեղ եւ սահմանափակ գիտակցութիւն ունենայ, ամէն տեսակի գրառումներ հանրութեան հրամցնէ, հոգ չէ, թէ իր այդ տեսակէտը ըլլայ ճիշդ կամ սխալ, նաեւ շատ անգամ անպատիժ դուրս գայ, նոյնիսկ եթէ գրած տեղեկութիւնը սուտ ըլլայ: Այսօր ընկերային եւ հոգեբանական մեծ խախտումներ կ՛ունենան աշխարհի ժողովուրդները, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով զոհը դարձած են բոլոր տեսակի լուրերու, որոնք բազմատեսակ ցանցերու միջոցով կը հասնին բոլորին: Վտանգաւոր հանդիսացած ազդակներէն գլխաւորը, որ կը մտահոգէ ծնողներուն մեծ մասը, եղած է իրենց զաւակներուն հասած ամէնօրեայ համացանցի վրայ զետեղուած լուրերը եւ նկարները, որոնք անկարելի են հակակշիռի տակ առնել: Անոնք շատ անգամ մարդկային եւ կեանքի վնասներու պատճառ հանդիսացած են:
Այս բոլորէն ամէնէն քիչ վնասով դուրս գալու համար ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնը պէտք է սերտանայ, եւ ծնողը իբրեւ ընկեր` աւելի մօտ ըլլայ զաւկի առօրեային, որպէսզի կարողանայ լսել եւ, եթէ հարկ ըլլայ, սրբագրել զաւակին դուրսէն ստացած ամէնօրեայ «դասերը»: Պէտք է ընդունինք, որ պատիժը զաւակ մը դաստիարակելու միջոց է, բայց միակ եւ շարունակական լուծումը չէ: Ախտաճանաչումը կարեւոր է, նոյնքան ալ կարեւոր է ախտին ճիշդ դարմանումը: Ժամանակին օրէնքը ստիպած էր մարդուն, որ յարգէ իրեն շնորհուած սահմանը: Այսօր այդ սահմանը, ամէնօրեայ խախտումներու պատճառով, մարդը համաշխարհայնանալու սեմին հասցուցած է եւ դուրս հանած է իր պատկանելիութենէն եւ նոյնիսկ` հաւատքէն: Համացանցը շատ աւելի արագ ձեւով մարդը` վերադարձուցած է բնազդային աշխարհին, բայց այս անգամ ընկերային եւ մարդկային բոլոր արժանիքներէն հեռացնելով մարդը աւելի մօտեցուցած է անասնականման աշխարհի մը: Ընտանիքներու քայքայումը եւ անմարդկային մարդու տիպարներու ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ համաշխահայնացման եւ մարդոց իրաւունքներու վերնագրերուն տակ մարդը դէպի անդունդ կ՛առաջնորդեն: Ժամանակը հասած է վերատեսութեան ենթարկելու մարդկութեան այսօրուան իրավիճակը եւ վերահաստատելու մարդկային արժէքները:
Այս բոլորը լսելէ ետք կարդացողը հարց պիտի տայ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է այս բոլորը շտկել: Մէկ պատասխան. ամէն մէկս պէտք է սկսինք մեր անմիջական ընտանիքով եւ մեր մարդկային արժանիքներով տիպար օրինակ ըլլանք մեր շրջապատին: Վերջաւորութեան մեր գործերը ամէնէն ազդու օրինակը պէտք է հանդիսանան, քան` մեր խօսքերը: