5 մարտին կ՛ամբողջանայ «Ազդակ»-ի հիմնադրութեան 95-ամեակը: Խմբագրութիւնը որոշած է նոյն օրուան թիւը ամբողջութեամբ յատկացնել այդ առիթին:
Նման յոբելեան մը աւելի բնականոն պայմաններու մէջ կրնար շուքով նշուիլ` թէ՛ հրատարակչական եւ թէ՛ ալ ձեռնարկներու կամ մամուլի առնչուած տարբեր նիւթերու նուիրուած համաժողովներու առումով:
Խմբագրութիւնը արդէն ստացած է «Ազդակ»-ի հիմնադրութեան առիթով հայ մամուլին եւ «Ազդակ»-ի դերակատարութիւնը վերլուծող յօդուածներ:
Մեր էջերը բաց են նման առանցքներ ներառած գրութիւններու եւ վերլուծումներու:
Շատ կարեւոր նախաձեռնութեամբ մը այս առիթով, մեր երիտասարդ աշխատակիցներու առաջարկով «Ազդակ» կազմակերպեց առցանց հարցախոյզ մը: Հարցախոյզի տուեալներուն հիման վրայ բնականաբար պիտի կատարուին եզրայանգումներ, որոնք պիտի դառնան ուղենիշ խմբագրական հետագայ քաղաքականութեան համար: Հարցախոյզին կազմակերպիչներն ու մասնակիցները երիտասարդներ են: Այդ պատճառով ալ եւ մանաւանդ հեռանկարային առումով եզրայանգումները պարտաւորեցուցիչ պիտի ըլլան: