Արտակարգ դրութեան հաստատման եւ յատկապէս տեղաշարժերը սահմանափակելու պետական, առողջապահական յորդորներուն ընդառաջ, «Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը որոշեց ժամանակաւորապէս «Ազդակ»-ի բովանդակութիւնը սահմանափակել չորս էջի մէջ:
Այս տնօրինումը կը բխի պարտադրուող աշխատակարգէ` նուազագոյն անձնակազմով թերթը հրատարակել:
Բնականաբար բովանդակութիւնը առաւելաբար պիտի ունենայ հրատապ լրատուական բնութագիր: Մինչ յօդուածագրական եւ վերլուծական բնոյթի գրութիւններ պիտի շարունակուին տեղադրուիլ կայքին վրայ:
Խմբագրատան, քարտուղարութեան եւ վարչական բաժիններուն հետ կապը պիտի ըլլայ հեռաձայնային կամ առցանց:
Խմբագրութեան ուղղուած գրութիւնները յղել [email protected] ե-նամակի հասցէին:
Վարչական բնոյթի` (ծանուցում, մահազդ, բաժանորդագրութեան եւ ցրուումի հետ կապուած հարցեր) [email protected] ե-նամակի հասցէին:
Ժամանակաւոր կերպով կը դադրի նաեւ թերթի առաքումը գրախանութներ եւ վաճառատուներ կամ գրասենեակներ. թերթը կը շարունակէ հասնիլ բնակարանի հասցէով բաժանորդներուն, ամէն առաւօտ: Անոնք, որոնք կ՛ուզեն թերթը ստանալ իրենց բնակարանային հասցէին, կրնան հեռաձայնել 03-308639 թիւին (նաեւ WhatsApp):
Նման արտակարգ պայմաններու մէջ յաւելեալ զարկ կը տրուի արագ լրահոսի դրութեան: Կանուխ ժամերէն մինչեւ ուշ գիշեր «Ազդակ»-ի լուրերը կը ստանան անոնք, որոնք ներբեռնած են համապատասխան app-ը:
Կ՛ընդգծենք, որ այս դրութիւնը ժամանակաւոր է` յուսալով օր առաջ վերադառնալ աշխատանքի բնականոն հուն:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ