Կրթական նոր տարեմուտ մը եւս սկսաւ իր բազմագոյն եւ բազմաթիւ դժուարութիւններով: Առ ի երախտագիտութիւն մեր ազգային կառոյցներուն, կրթական մարմիններուն եւ յանձնախումբերուն, բարեսիրական կազմակերպութիւններուն, անհատ բարերարներուն, ծնողներու զոհողութեանց ուսումնատենչ հայ պատանիին, հայ պարմանուհիին առջեւ հայկական կրթական օճախներու դռները տարի մը եւս պիտի մնան բաց:
Նոր վերամուտի սեմին, բնականաբար մեր առջեւ ունինք դարմանի կարօտ հին ու նոր մտահոգութիւններ: Այս բոլորին մէջ մեզ ամենաշատ տանջողն ու նուաստացնողը մեր կրթական կառոյցներուն հանդէպ հայ ծնողներու կրաւորական, պարտուողական կեցուածքն է: Սխալ չհասկցուինք, խօսքը չի վերաբերիր բոլորին, բայց դժբախտաբար ակնառու սկսած է դառնալ այդպիսիներուն թիւը: Խօսքը կը վերաբերի այն ծնողներուն, որոնք անարգալից վերաբերմունք կը ցուցաբերեն ու աննպատակ կը տեսնեն հայ դպրոցը…: Այստեղ անհրաժեշտ է արձանագրել, որ այսօրինակ մտայնութեամբ ծնողներու մեծամասնութիւնը հայկական վարժարաններու մէջ ստացած է իր ուսումն ու դաստիարակութիւնը եւ հայ ուսուցիչին ու վարժարանին կը պարտի բարեկեցիկէն շատ աւելի բարւօք իր այսօրուան դիրքն ու մակարդակը: ՙԱրաբական երկիր կ’ապրինք, ի՞նչ պէտք կայ հայկական դպրոցի…՚, եւ ՙԵղբայր այս հայերէնն ու հայոց պատմութիւնը գլուխնիս ուռեցուցին…՚, ՙԻ՞նչ պէտք կայ ճանըմ հայերէնին…՚, ՙՍէն Ժոզէֆէն աւարտէ նէ տղաս աւելի շանս ունի երեսփոխան ըլլալու՚, ՙօֆ եա, սա հայերէնը, գլուխնիս ցաւցուիք…՚ եւ այսպէս երկար է շարքը անտրամաբանական ու ոչ համոզիչ պատճառաբանութիւններուն: Սոփեստութեան մէջ մրափող ՙայս՚ ծնողներուն մէկ պատկառելի մասըª հայկական վարժարաններու պարագային, ամեն ձեւ կը փորձէ խուսափիլ իր զաւկին կրթաթոշակը վճարելու պարտականութենէն, սակայն միեւնոյն ծնողքը սիրայօժարօրէն, հայ վարժարանին պահանջած կրթաթոշակէն կրկին անգամ աւելի գումար մը կը վճարէ օտար վարժարանին “փաստերը պերաճախօս են…”: Հայ ուսուցիչն ու հայ դպրոցը ի՞նչ մեղք գործած են արդեօք ՙայս՚ ծնողներուն դէմ: Պետական քննութեան արդիւնքները վկայ, որ հայկական վարժարանները ոչինչով կը զիջին օտար վարժարաններէն:
Բայց կայ նաեւ մետաղին միւս երեսը: Տարիներ առաջ լիբանանահայ համայնքին մէջ հայերէն լեզուի ու հայոց պատմութեան դասաւանդութեանց դէմ ծայր առաւ լուռ պայքար մը: Քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, ապահովական պայմաններու ստիպողութեան տակ կրթական ծրագիրներու մէջ ժամանակաւոր կրճատումները, յետպատերազմեան ժամանակաշրջանի առաջին իսկ օրէն, մայրենի լեզուի ու պատմութեանց դասաւանդութեանց դէմ վերածուեցան արշաւի մը£ Հայոց լեզուի ու պատմութեան դասապահները վերածուեցան անհանդուրժելի բեռի մը: Ծնողք կրթական վերամուտի սեմին վարժարանի տնօրէնութեան հետ սկսաւ սակարկել զաւակը ազատ կացուցել այս երկու դասապահերէն: Տարիներ առաջ, հայկական ազգային վարժարանի տնօրէն մը, հանդիպումի մը ընթացքին, ներկաներու առջեւ պատմեց հետեւեալը, թէ նախակրթարանի աշակերտի մը ծնողքը, պայման դրած է զաւակը ազատ կացուցել հայերէնի ու հայոց պատմութեան դասապահերէն, այլապէս կրնայ պետական վարժարան մը արձանագրել իր զաւակը…:
Սակայն կայ նաեւ աւելին£ Հայկական կարգ մը երկրորդական վարժարաններու մէջ հայերէնի ու հայոց պատմութեան դասաւանդութեան պահերը, վերածուած են ժամանցի դասապահերու: Այսինքն, ուսանողները չբեռնաւորել հայերէն լեզուի, գրականութեան, հայոց պատմութեան գիտելիքներով: Փոխարէնը զայն վերածել ժամանցի կամ այլ առարկաներու սերտողութեան դասապահերու:
Ինչով կը զատորոշուի Վարդան Մամիկոնեանի, Դաւիթ Բեկի, Խրիմեան Հայրիկի, Ռաֆֆիի, Չարենցի, Սեւակի մասին չիմացող հայ երիտասարդը Վիեթնամի կամ Հիւսիսային Քորէացի ուսանողէն:
Յանուն ճշմարտութեան, ազգային պատմութեան ու մայրենի լեզուի հանդէպ անտարբերութիւնը զուտ հայկական ՙհիւանդութիւն՚ մը չէ միայն: Այսօր, Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կրթական նախարարութիւնները ցաւով կ’արձանագրեն, որ լեզուի ու պատմութեան քննութիւններու մէջ ձախողութիւնները աւելի մեծ համեմատութիւն կը կազմեն, այլ նիւթերու հետ համեմատած: Մէկ խօսքով, համատարած տարողութիւն սկսած է կրել: Լեզուի ու պատմութեան նիւթերու հանդէպ անտարբերութիւնը համատարած է:
Քաղաքակրթութիւն եւ բարոյական արժէքներ ոտնակոխող, մշակոյթներ ոչնչացնող համաշխարհայնացումը հայ աշակերտը, լիբանանահայ աշակերտը կը փորձէ հեռացնել իր ազգային աւանդոյթներէն: Համաշխարհայնացման մագիլները կը փորձեն հայը դատարկել իր ազգային բարոյական արժանիքներէն:
Մայրենիի եւ հայոց պատմութեան հանդէպ անտարբերութիւնը խորթ են պահանջատէր հայուն համար: Լիբանանահայութիւնը իր ազգային, յարանուանական, քաղաքական ղեկավարութեամբ յաջողած է յաղթահարել բազմաթիւ ճգնաժամեր, իր գոյութեան սպառնացող դժուար պահեր, Համադրուած աշխատանքով եւ հաւաքական կամքի դրսեւորումով: Զուտ կրթական մտահոգութիւն մը չէ, որ կը դնենք համայնքը յուզող օրակարգերու սեղանին վրայ: Մայրենի լեզուի ու հայոց պատմութեան հանդէպ անտարբերութիւնը սպիտակ ջարդի մէկ նոր դիմագիծն է: Հաւաքական պատասխանատուութիւն մը կայ, մեր շրջապատին մէջ օտար վարժարաններ իրենց զաւակները ուղարկող ծնողները սթափեցնելու, բացատրելու եւ համոզելու հայ վարժարաններու առաքելութեան:
Անապատի աւազներուն վրայ ոսկեղնիկի տառերը սորվող մեր մեծ մայրերն ու հայրերը ի՞նչ պիտի ըսեն իրենց յաջորդներուն:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com