ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սիւնիքի մարզ կատարած իր այցին ընթացքին հանդիպեցաւ Սիսիանի հրապարակին վրայ հաւաքուած բնակիչներու հետ, լսեց անոնց հարցերը եւ վստահեցուց ընթացք տալ անոնց լուծման։ Նիկոլ Փաշինեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար: Պաշտօնեան նշեց, որ իրեն մեղաւոր կը զգայ, որ քայլարշաւի ժամանակ Սիւնիքը չէ ներառուած իր երթուղիին մէջ, բայց ատիկա ունի իր հիմքերը․ «Եթէ այստեղէն սկսէինք, երեւի հիմա նոր Երեւան կը հասնէինք»՝ կատակեց վարչապետը։ «Մեր այցին նպատակը ձեր առջեւ արձանագրելն, է որ ձեռք բերուած յաղթանակը ձեզմէ իւրաքանչիւրինն է։ Մեր խնդիրն է, որ յաղթանակածի զգացողութիւնը պահպանուի ո՛չ թէ մէկ ամիս, մէկ տարի, այլ մշտական ըլլայ»,- ըստ Armenpress.am-ի՝ ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։
Վարչապետը անդրադարձաւ բնակիչներու բարձրացուցած տարաբնոյթ հարցերուն, որոնք ունէին ե՛ւ անձնական, ե՛ւ հասարակական նշանակութիւն։
Նշենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այցը Սիւնիք մեկնարկած է այսօր առաւօտեան։ Ան պիտի այցելէ Գորիս, Ագարակ եւ Մեղրի։